ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին գործողութեան եւրոպական ծառայութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ, քաղաքական տնօրէն Էնրիքէ Մորա Պենավենթէի հետ։ Տեսակապի ձեւաչափով տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարին, Հայաստանի ներքին բարեփոխումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան ապագային, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Աւետ Ադոնց ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած քայլերը, որոնց նպատակն է համավարակով պայմանաւորուած իրադրութեան մթնոլորտին մէջ ընկերատնտեսական հետեւանքներու դիմագրաւումը։ Այս ամբողջին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց համաճարակի շրջանին Եւրոմիութեան կողմէ Հայաստանին տրամադրուած աջակցութեան համար։

Շեշտուեցաւ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ ստորագրուած Համապարփակ ու ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի արդիւնաւէտ գործադրութեան կարեւորութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ որդեգրուած յաւակնոտ բարեփոխումները կեանքի կոչելու խթանումը։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան սկիզբի անհրաժեշտութիւնը։

Աւետ Ադոնց եւ Էնրիքէ Մորա Պենավենթէ անդրադարձան նաեւ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած հեռավար ձեւաչափով ձեռնարկներուն։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020