ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՓՈՂՈՑ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԵԾ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ուշ երեկոյեան հրապարակեց շրջաբերական մը, որով այս շաբաթավերջին դարձեալ փողոց դուրս գալու սահմանափակում պիտի հաստատուէր Թուրքիոյ մեծ քաղաքներէն ներս՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրին մէջ։ Որոշ չափով անակնկալ այս կարգադրութիւնը աւելի վերջ ջնջուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի միջամտութեամբ։

Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վերջին վիճակագրական տուեալներուն՝ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 54 հազար 234 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 988 նոր վարակեալ։ Երէկ համաճարակի զոհ գնաց եւս 21 հոգի, առողջացած հիւանդներուն թիւն ալ եղաւ 926։

Ըստ երեւոյթին, նոր վարակումներու թիւի դարձեալ հազարի շեմին մօտենալը համարուած է մտահոգիչ եւ իշխանութիւնները անմիջապէս կարգադրութիւն մը ըրած են՝ շաբաթավերջին փողոց դուրս գալու սահմանափակում հաստատելու ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020