ԵՐԵՒԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ՊԱՔՈՒԻ ՎԵՐՋԻՆ ՌԱԶՄԱՏԵՆՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ վերջին շրջաններուն կատարուած ռազմատենչ յայտարարութիւնները։ Արդարեւ, վերջին շրջանին այդ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ այլ զանազան մարմիններուն կողմէ բովանդակային կառուցուածքէ զուրկ հակահայկական մրցակցային յայտարարութիւններ կը կատարուին։ Ըստ Աննա Նաղդալեանի, տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ գերազանցել իր նախկին հակահայկական յայտարարութիւնները, ինչ որ տասնամեակներու ընթացքին հետեւողական հակահայկական խօսոյթի պայմաններու ներքեւ դիւրին գործ մը չէ։

«Յատկանշական է, որ սեփական ժողովուրդի առջեւ ատելութիւն քարոզող եւ պատերազմի սպառնալիքներով հանդէս եկող Ատրպէյճանի միապետական իշխանութիւնները քորոնաժահրի դէմ պայքարը կ՚օգտագործեն իրենց երկրէն ներս մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներ իրականացնելու համար։ Այս իրողութիւնը բարձրաձայնուած է շարք մը հեղինակաւոր միջազգային եւ տարածքաշրջանային կազմակերպութիւններու կողմէ։ Այդուհանդերձ, հայերու դէմ ատելութեան քարոզը եւ սպառնալիքները որքան որ ալ ներքին լսարանին միտուած ըլլան, նման յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն հաշտութեան գործընթացը եւ կը մատնանշեն, որ ո՛չ թէ Ատրպէյճանի ժողովուրդը, այլ՝ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ խաղաղութեան», նշուած է բանբերի յայտարարութեան մէջ։

Յիշեցնելով նաեւ Ռամիլ Սաֆարովի գործին վերաբերեալ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի վերջին ծանօթ դատավճիռը՝ Աննա Նաղդալեան նշած է հետեւեալը. «Հայատեացութիւնը որպէս ներքին համախմբման եւ իշխանութեան օրինականութեան հիմնական աղբիւր դիտարկող Ատրպէյճանի ներկայ իշխանութիւնը սպառնալիք է ո՛չ միայն Արցախի, Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի, այլեւ՝ տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար։ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգային համակարգը բաւարար համալիր ու կայուն է՝ արդիւնաւէտօրէն հասցէագրելու նման սպառնալիքները եւ անոնց հակադարձելու համար»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԶԱԽԱՐՈՎԱ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Զախարովա յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացէն ներս արմատական տեղաշարժեր չկան։ «Մենք հանդէս կու գանք այդ ձգձգուած, երկարատեւ տագնապի բանակցային ճանապարհով քաղաքական լուծման ի նպաստ։ Եւ հնարաւորը կ՚ընենք՝ որպէս հարեւան պետութիւն, որպէս երկիր, որուն կը միաւորէ երկարատեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան պատմութիւնը այդ երկիրներու հետ, որպէսզի բերենք մեր շինիչ ներդրումը։ Թէեւ որեւէ արմատական տեղաշարժ չկայ, սակայն կրնամ հաստատել, թէ լաւատեսութիւնը կը մնայ», ըսաւ Զախարովա եւ ընդգծեց Մոսկուայի դերը՝ որպէս համանախագահ, որ կը մասնակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի աշխատանքներուն։ 

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020