ՔԱՆՈՆԱՀԱՐ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան WORLD FOLK VISION մրցոյթ-փառատօնի ընթացքին բարձրացած է կիսաեզրափակիչ փուլ։ Այսպէս, քանոնահար Մարիաննա Գէորգեան իրաւունք շահած է բարձրանալ WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցոյթ-փառատօնի կիսաեզրափակիչ փուլ: Եզրափակիչի մէջ յայտնուելու համար Մարիաննա Գէորգեան կարիքն ունի երաժշտասէրներու աջակցութեան, քանի որ տեղի կ՚ունենայ առցանց քուէրակութիւն:
«Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ժամանակ Մարիաննան ըսաւ. «Ներկայացուցած եմ ազգային նուագարան քանոնը՝ կատարելով Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւնը: Ընտրութիւնը շարունակուեցաւ մէկ ամիս: Մրցոյթին մասնակցեցան 115 երկրի ներկայացուցիչ, բայց 3950 մասնակիցէն կիսաեզրափակիչ անցաւ 180-ը՝ 60 երկրէ: Անոնց կարգին են նուագախումբեր, երգչախումբեր, անհատ կատարողներ»։ Ան շեշտեց, որ քորոնաժահրի տարածման պատճառով մրցոյթը կ՚իրականացուի առցանց հարթակի վրայ։
Մարիաննա Գէորգեան խոստովանեցաւ, որ տեղեակ չէր, թէ եզրափակիչ անցնելու համար քուէարկութիւն նախատեսուած է, հակառակ պարագային գուցէ չէր մասնակցեր մրցոյթին, քանի որ այլ մասնակիցները հզօր երկիրներու ներկայացուցիչներ են. ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Ղազախիստան, Թուրքիա, որոնց կը սատարէ նաեւ իրենց պետութիւնները։ Մարիաննա Գէորգեան պետական աջակցութեան համար դիմած է որոշ մարմիններու եւ այժմ կը սպասէ պատասխանի:
Քանոնահարուհին նշեց, որ քուէարկութիւնը անվճար է, այդ է պատճառը, որ ինք նման խնդրանքով կը դիմէ հասարակութեան՝ իրեն աջակցելու համար:
Քուէարկութիւնը սկսած է յունիսի 1-ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ յունիսի 15-ը։ Մարիաննա Գէորգեանի օգտին քուէարկելու համար անհրաժեշտ է մուտք գործել WORLD FOLK VISION կայքէջ, արձանագրուիլ եւ տասը քուէ տալ Հայաստանի օգտին:
«Գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ քանոն նուագարանը կայ, բայց այդ երկիրներու ներկայացուցիչներէն ոչ մէկը քանոն նուագարանով կը մասնակցի մրցոյթին, ինչ որ շատ ուրախալի է։ Եթէ անկեղծ ըլլամ, շատ կը փափաքիմ այս մրցոյթէն յաղթական դուրս գալ», ըսաւ երաժշտուհին։
Քանոնահարին աջակցելու կոչով հանդէս եկած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան։
Քուէարկութեան կարելի է մասնակցիլ՝ անցնելով յղմամբ։
Մարիաննա Գէորգեան ուսում ստացած եւ յաջողութեամբ աւարտած է Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցը, հանրապետական, միջազգային մրցոյթ-փառատօներու ստացած է ոսկէ մետայլներ։ Ներկայիս կը պաշտօնավարէ «Կոմիտաս» քամերային երաժշտութեան տան «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթին մէջ, որուն խմբավարն է Երկանեան։