ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԱՇՆԱՆ
Եգիպտոսը միջազգային զբօսաշրջիկներու աշունէն առաջ չի սպասեր։ Այսպէս, Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան ոլորտը չ՚ակնկալեր միջազգային զբօսաշրջիկներու այցելութիւն՝ աշունէն առաջ: Երկրի կառավարութիւնը, քննարկելով ոլորտի հնարաւոր վերաբացման հարցերը, որոշած է մշակել ծրագիր միջազգային զբօսաշրջիկները ընդունելու համար, սակայն պարզ չէ, թէ երբ այդ մէկը հնարաւոր կ՚ըլլայ: Ժամկէտներ առայժմ չեն նշուած: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի»ն:
Եգիպտոսի մէջ ոլորտի կառոյցները յայտարարած են՝ հաշուի առնելով երկրին մէջ քորոնաժահրով պայմանաւորուած իրավիճակը, միջազգային զբօսաշրջային ուղղութիւնը վերագործարկելը հնարաւոր կ՚ըլլայ սեպտեմբեր, հոկտեմբեր ամիսներուն: Յոյս յայտնած են, որ այդ ընթացքին աշխարհի մէջ կը ստեղծուի քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթը: Եթէ այդ աւելի կանուխ ըլլայ, ապա հնարաւոր կ՚ըլլայ ոլորտի վերաբացման ժամկէտները առաջ քաշել:
Փորձագէտները կը նշեն, որ Եգիպտոսը կրնայ առաջարկել ցած գիներ՝ զբօսաշրջիկները գրաւելու համար: Ամէն պարագայի թէ՛ իշխանութիւնները, թէ՛ հիւրանոցները չեն փափաքիր ռիսք առնել: Նոյնիսկ եթէ միջազգային օդային փոխադրումը վերականգնը-ւի յուլիս, օգոստոս ամիսներուն, որոշումը նոյնն է, զանգուածային զբօսաշրջութեան մասին դեռ կարելի չէ խօսիլ: