Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
ՊԻՆԿԷՕԼԻ ՄԷՋ ՇԱՐԺ
Պինկէօլի մէջ երէկ տեղի ուենցաւ 5.7 սաստկութեամբ երկրաշարժ մը։ Երեկոյեան ժամերուն պատահած երկրաշարժին հետեւանքով անվտանգութեան պաշտօնեայ մը նահատակուեցաւ։ 18 հոգի վիրաւորուեցաւ։ Փուլ եկած եօթ բնակարանի պարագային փրկուեցան փլատակներու տակ մնացածները։ Փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ անմիջապէս փութաց դէպքի վայր, ուր դարմանման տակ առնուողներուն այցելեց հիւանդանոցի մէջ։
Կը հաղորդուի, որ յետցնցումներն ալ կը շարունակուին Պինկէօլի մէջ։
Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020