ՀԻՆԳ ԺԱՄՈՒԱՆ ԺՈՂՈՎ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ երէկ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ ժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ հայկական հարցը։ Այսպէս, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան գլխաւորեց Հանրապետութեան նախագահի առընթեր Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմնի նիստը, որ տեւեց հինգ ժամ։ Նիստին մասնակցեցան մարմնի անդամներ՝ Իսմայիլ Քահրաման, Պիւլենտ Առընչ, Ճեմիլ Չիչէք, Քէօքսալ Թոփթան, Մեհմէտ Ալի Շահին, Եըլտըրըմ Աքպուլութ, ինչպէս նաեւ Հանրապետութեան նախագահութեան Վարչական գործերու բաժանմունքի ղեկավար Մեթին Քըրաթլը, Հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն եւ դիւանապետ Հասան Տողան։
Ֆահրետտին Ալթուն այս ժողովին կապակցութեամբ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը։ Ըստ իրեն, 1915 թուականի դէպքերուն կապակցութեամբ Թուրքիոյ դէմ առաջադրուած անհիմն պնդումներուն դէմ ձեռնարկուելիք նոր քայլերը դրուած են սեղանի վրայ։ Նախագահ Էրտողան համոզուած է, որ պատմական դէպքերու վրայով կը ցանուին թշնամութեան հունտեր, որոնք սակայն պիտի չծլին արդարութեան հողին մէջ։
«Թուրքիան եւ մեր ազգը մրոտելու համար հայկական լոպիները կը չարաշահեն 1915 թուականի դէպքերը։ Քաղաքական հաշուարկներով այս նիւթը կը չարաշահեն նաեւ զանազան երկիրներ, որոնք ճշմարտութենէ դուրս պնդումներով քարոզչութիւն կ՚իրականացնեն։ Այս բոլորը կանխելու համար կը նախատեսուին ծաւալուն քայլեր, որոնք քննարկուած են երէկուան ժողովին ընթացքին։ Խնդրի պատմական եւ իրաւական չափումները ազգային եւ միջազգային հանրային կարծիքին ամենայն ճշմարտութեամբ փոխանցումը ապահովելու համար մշակուած են ծրագրեր եւ յառաջ կը տարուին գործունէութիւններ», նշուած է Ֆահրետտին Ալթունի բացատրութեան մէջ։
Բաց աստի, ան յայտնած է, որ պիտի որդեգրուին նոր քաղաքականութիւններ, որոնք պիտի կանխեն քաղաքական հաշուարկներով կատարուած զրպարտութիւնները եւ արտադրուած սուտերը՝ զանազան լծակներու կողմէ։