ԴԱՏԱՎՃՌԻ ՍՊԱՍՈՒՄ

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի բանտարկութեան խնդիրը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրի օրակարգը։ Վերջին օրերու աղմկարար այս գործին վերաբերեալ այսօր կ՚ակնկալուի դատավճռի մը արձակումը։ Արդարեւ, Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը երէկ քննարկեց Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութիւնը։ Շէնգաւիթի դատարանին մէջ, դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանի գլխաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցան քննարկումներ։ Ծառուկեանի փաստաբաններէն Եփրեմ Սարգսեան մամուլին տեղեկացուց, որ իրենց խնդրանքով նիստը յետաձգուած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ծառուկեանի փաստաբանները ժամանակ խնդրած են քրէական գործին ծանօթանալու համար։ Դատավարութիւնը այսօր կը շարունակուի Հայաստանի ժամով 16.30-ին։ «Գործի նիւթերուն շուրջ որեւէ տուեալ չունինք՝ մանրամասնութիւններ յայտնելու համար», ըսաւ փաստաբան Եփրեմ Սարգսեան։ Գագիկ Ծառուկեանն ալ դատարանի շէնքէն դուրս եկաւ ու հեռացաւ՝ առանց պատասխանելու լրագրողներու հարցումներուն։

Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, ներկայիս «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը պատրաստուի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ դիմել Սահմանադրական ատեան։ Սա եւս հետաքրքրական իրադարձութիւն մըն է, որովհետեւ Հայաստանի կառավարութեան եւ Սահմանադրական ատեանին միջեւ յարաբերութիւնները ծայր աստիճան լարուած են։ Վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւնները հանրաքուէ մը պիտի կազմակերպէին՝ ապահովելու համար Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի պաշտօնազրկումը։ Քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով կարելի չէր եղած այդ մէկը։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը այդ ժամանակ զօրակցած էր կառավարութեան՝ Հրայր Թովմասեանի դէմ։ Այժմ, ԲՀԿ կը պարտաւորուի՝ նախապէս իր դէմ դուրս եկած կառոյցին դիմել։ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ արդէն յստակօրէն մատնանշեց այս հակասութիւնը։ Յամենայնդէպս, ԲՀԿ այժմ իր նախատեսած քայլերը առնելու հնարաւորութիւն չունի՝ խորհրդարանի 25 երեսփոխաններով։ Այդ նախաձեռնութիւններուն համար անհրաժեշտ երեսփոխաններու ստորագրութիւնը ունենալու համար ԲՀԿ կ՚ակնկալէ «Լուսաւոր Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան զօրակցութեան՝ եթէ անշուշտ արդարանան սպասումները։ Այս պահու դրութեամբ այդ երկու քաղաքական ուժերու դիրքորոշումները հարիւր տոկոսով չեն համընկնիր։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ առաջին անգամ հրապարակային յայտարարութիւն մը ըրաւ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Իր խօսքով՝ կը քննուի Երրորդ Հանրապետութեան ամենակարեւոր գործերէն մին։ Անդրադառնալով Ծառուկեանի դէմ քաղաքական հետապնդման ձեռնարկուած ըլլալու վերաբերեալ պնդումներուն՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Նախկին իշխանութիւնը այս քրէական գործերը պահած է վերահսկողութեան տակ պահելու համար այս ուժերը, որովհետեւ օրինականութեան խնդիր ունէր։ Մեր իշխանութիւնը այդպիսի խնդիր մը չունի։ Մեր իշխանութիւնը քրէական գործերով քաղաքական ուժերը վերահսկողութեան տակ պահելու խնդիր չունի»։ Վարչապետը աւելցուց, որ պէտք է արգիլել գործունէութիւնը այն քաղաքական ուժերուն, որոնք կը բռնանան ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեան։ 

Մինչ այդ, երէկ Ծառուկեանի գործի քննութեան ժամանակ դատարանի առջեւ հաւաքուած դէմքերու շարքին էր նաեւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէններէն Արթուր Վանեցեան։ Այս վերջինը Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան սկիզբի շրջանին պաշտօնավարած էր, շարք մը աղմկարար թղթածրարները իր օրով բացուած էին, իսկ ներկայիս պաշտօնը լքած ըլլալով տեղափոխուած է ընդդիմադիր դաշտ ու կը գլխաւորէ նորաստեղծ «Հայրենիք» կուսակցութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2020