ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը հո­վուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնուէր Ա­րե­ւե­լեան Թե­մէն ներս, Թե­մա­կան տա­րե­կան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թեան պատ­գա­մը։ Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան ող­ջու­նեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, թէ Նո­րին Սրբու­թեան կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը կը մաս­նակ­ցի Թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 113-րդ ժո­ղո­վին։ Իր ե­լոյ­թին մէջ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը կանգ ա­ռաւ ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի ա­ռաջ­նոր­դու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ կա­նոն­նե­րու հաս­տատ­ման վրայ, ըստ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու կրօ­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն եւ օ­րէնք­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ պա­տա­րա­գեց Ա­նա­րատ Յղու­թեան մայր տա­ճա­րին մէջ։ Հայ­րա­պե­տա­կան Ս. Պա­տա­րա­գին ներ­կայ էին Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը, բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, Ուա­շինկ­թը­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Տիգ­րան Սարգ­սեան, ԱՄՆ-ի զա­նա­զան ծու­խե­րէն եւ հա­մայնք­նե­րէն հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ար­քե­պիս­կո­պոս-կար­տի­նալ Տո­նալտ Վերլ եւ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ այլ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

«Որ­պէս ար­դար Աս­տու­ծոյ որ­դի­ներ՝ մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք ան­նուազ ջան­քե­րը մեր ազ­գին հան­դէպ, ինչ­պէս նաեւ մարդ­կու­թեան կեան­քէն ներս ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման եւ յաղ­թա­նա­կին հա­մար», ը­սաւ իր պատ­գա­մին մէջ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը՝ Ուա­-շինկ­թընի մայր տաճարի երդիքին տակ։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015