ՌՈԶԸՆՀԱՆԻ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱՓՈՐՁԸ
Դարեր շարունակ գիտական տուեալներ ստանալու կամ վարկածները յստակեցնելու նպատակով կատարուած են փորձեր, որոնք նպաստած են գիտութեան զարգացման եւ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ արդիւնաւէտ օգտագործման։ Ամերիկացի հոգեբան Տէյվիտ Ռոզընհան 1973 թուականին իրականացուցած է հոգեբանական գիտափորձ մը, որ հոգեբանութեան ոլորտէ ներս ստեղծեց լայն արձագանգ։ Այս գիտափորձով Ռոզընհան կասկածի տակ առած է հոգեբուժական ախտորոշման վստահելիութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը։
Ռոզընհանի գիտափորձը տեղի ունեցած է երկու փուլով։ Առաջին փուլին ընդգրկուած էին հոգեպէս առողջ «կեղծ այցելուներ», որոնք կեղծելով լսողական զգայապատրանքներ ունենալը՝ մուտք գործեցին ամերիկեան տասներկու տարբեր հոգեբուժարաններէն ներս։ Հոգեբուժական նախնական զննութեան ժամանակ բոլոր կեղծ այցելուներ յայտնեցին, թէ անոնք կը լսեն իրենց սեռէն մարդոց ձայներ, որոնք յաճախ կ՚ըսեն «դատարկ, սին, պարապ»ի նման բառեր։ Այդ բառերը մասնաւորապէս ընտրուած էին, որովհետեւ անոնք մասամբ կը պարունակէին գոյացական (existential) նշաններ։ Գիտափորձի բոլոր մասնակիցները դարմանման տակ առնուեցան եւ բոլորի պարագային ախտորոշուեցան հոգեկան հիւանդութիւններ։
Երկրորդ փուլին՝ դարմանման տակ առնուելէ յետոյ կեղծ այցելուները սկսան անձնակազմին յայտնել, թէ իրենք լաւ կը զգան, այլեւս զգայապատրանքներ չեն ունենար։ Այցելուներէն ոմանք մեկուսացման պայմաններու ներքեւ անցուցին քանի մը ամիս։ Հարկ է նշել, որ բոլորը ստիպուած էին ընդունիլ իրենց հոգեկան հիւանդութիւնը եւ համաձայնիլ համապատասխան բուժման՝ գործածելով դեղամիջոցներ, որոնք հոգեբուժարաններու պայմաններէն էին։ Հիւանդանոցի աշխատակիցները չյաջողեցան յայտնաբերել կեղծ այցելուները։ Վերջիններս ազատ արձակուեցան «մտաթուլութեան յետադիմելու» ախտորոշմամբ, ինչ որ Ռոզընհան կը համարէ այն բանի ապացոյց, թէ որպէս անդառնալի վիճակ կ՚ընկալուի հոգեկան հիւանդութիւնը, որու արդիւնքին ալ կը ձեւաւորուի ցմահ «ընկերային պիտակ»։ Այսինքն՝ երբ մէկը մտաթուլութեամբ պիտակուած է, այլեւս ոչինչ կրնայ ընել այդ «պիտակ»ի ոչնչացման համար։ Արդիւնքները նաեւ կը վկայեն, թէ այդ պիտակը նաեւ կը հիմնաւորէ տուեալ անձի եւ անոր վարքի մասին ուրիշներու տպաւորութիւնը։
Գիտափորձի արդիւնքները ամփոփուեցան «Հոգեպէս առողջներ խելագարներու եզրին» խորագրեալ յօդուածին մէջ, որ հրապարակուեցաւ Science թերթին մէջ։ Այս հրատարակութիւնը կը համարուի հոգեբուժական ախտորոշման մասին գրի առնուած կարեւորագոյն քննադատական յօդուածներէն մին։ Գիտափորձը լայն արձագանգ ստեղծեց երկրէն ներս։ Հիւանդանոցի մը անձնակազմը կապ հաստատելով Ռոզընհանի հետ՝ կը պահանջէ անոնց ուղարկել կեղծ հիւանդներ։ Հիւանդանոցի աշխատակիցները ծանօթ էին նախորդ գիտափորձի արդիւնքներուն եւ կը հաւատային, որ իրենց հաստատութեան մէջ նման սխալներ չեն գործուիր։ Ռոզընհան անոնց հետ պայմանաւորուեցաւ, որ մօտակայ երեք ամսուան ընթացքին հոգեբուժարան կրնան դիմել մէկ կամ մէկէ աւելի կեղծ այցելուներ, որպէսզի իւրաքանչիւր դիմում ներկայացուցած այցելուի գնահատումը իրականացուի այն հաշուարկով, որ ան կրնայ կեղծարար ըլլալ։ Անձնակազմը ձախողելով՝ որպէս կեղծարարներ նշեց բաւական մեծ քանակութեամբ իսկական հիւանդներ։ 193 հիւանդը կեղծարար համարեցին եւ աւելի քան 60 հիւանդէ կասկածեցան կեղծարար ըլլալու հանգամանքով։ Մինչդեռ, իրականութեան մէջ Ռոզընհան այդ հիւանդանոցը կեղծ այցելու չէր ուղարկած եւ բոլոր այն հիւանդները, որոնք անձնակազմի կողմէ կեղծարար նկատուած էին, կամ կասկածելի էին իբրեւ կեղծարարներ, իրական հիւանդներ էին։ Արդիւնքներու հիման վրայ յայտնի դարձաւ, որ նման սխալներու տեղի տուող որեւէ ախտորոշում վստահելի կամ յուսալի չի կրնար ըլլալ։
Այս գիտափորձով կարելի եղաւ նաեւ եզրակացնել, որ հոգեբուժարաններու մէջ հնարաւոր չէ զանազանել առողջ եւ հիւանդ մարդիկ։ Ռոզընհանի գիտափորձը թոյլ տուաւ ենթադրել, թէ հոգեբուժարաններու ընկերային-հոգեբանական խնդիրներու գիտակցումը եւ լուծումը կրնայ նպաստել աշխատակիցներու վերապատրաստումը եւ հոգեբուժական ծառայութիւններու հիմնումը։ Այս բոլորին համար հոգեկան եւ վարքային շեղումներու մասին աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ, քան հոգեբուժական ախտորոշումը։
Այլ հետազօտողներու գիտափորձերէն եւս ստացուած են նման արդիւնքներ, որոնք կը վկայեն հոգեբուժական ախտորոշման ոչ-արդիւնաւէտութեան եւ ոչ-վստահելիութեան մասին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ