ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ՅԱՏԱԿԻՆ ԽԱՉ
Լիբանանահայ խումբ մը սուզորդներ նախընթաց օր Միջերկրականի յատակին խաչ մը տեղադրեցին՝ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով։ Միջերկրականի Լիբանանին վիճակած հատուածէն ներս, 35 մեթր խորութեան վրայ զետեղուեցաւ այս խաչը՝ ի յիշատակ հայոց նահատակներուն։ Այս խաչը կը յաւերժացնէ յիշատակը 1915-ի այն զոհերուն, որոնք խեղդամահ եղած են ծովերու կամ գետերու մէջ։
Այս նախաձեռնութիւնը կատարուած է Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, Լիբանանի 2015 Թուականի ոգեկոչումներու կարգադիր յանձնախումբին եւ Հայ Կաթողիկէից Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքին հովանաւորութեամբ։ Գործնական աշխատանքները կատարուած են «Octopus» ջրասուզութեան ակումբին կողմէ, որու սեփականատէրն է Անդրանիկ Հաթթաթ։