TTK-Ի ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՓԱՍՏԱՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԲԱԶՄԱԼԵԶՈՒ ՇԱՐՔ

Թուրք պատմութեան հաստատութիւնը (Türk Tarih Kurumu-TTK) հայկական հարցի շուրջ նոր փաստավաւերագրական ժապաւէններ պատրաստած է՝ հինգ լեզուով։ Տեղական ու միջազգային հանրային կարծիքը իրազեկելու նպատակը կը հետապնդէ այս նախաձեռնութիւնը։ Թրքերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն լեզուներով կեանքի կոչուած է այս ծրագիրը, որ կը վերաբերի Օսմանեան պետութենէն ներս հայոց ապստամբութեան, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան եւ քարոզչական աշխատանքներուն։ Օգտագործուած են այս բոլորի վերաբերեալ նոր տեղեկութիւններ եւ ապացոյցեր։

Եօթ բաժինէ կը բաղկանայ այս կարճ փաստավաւերագրական շարքը, որ հասանելի է ընկերային ցանցերու վրայ։ «1915 ահաբեկչութիւն եւ ապստամբութիւն», «1915 տեղահանութիւն», «Սփիւռք, դիւանագիտութիւն եւ քարոզչութիւն», «ԱՍԱԼԱ. հուր եւ արիւն», «Կեղծ փաստաթուղթեր եւ ճշմարտութիւններ», «Առանց պատմութեան դիւանագիտութիւն» եւ «Առաջին կրակը. 1915 մահմետական բնակչութեան դէմ ողբերգութիւն» խորագրեալ բաժանմունքներէ կը բաղկանայ այս շարքը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020