ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի նախկին երկու նախագահները՝ Սերժ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան վերջերս ունեցան հանդիպում մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեանի գրասենեակի պատասխանատու Մերի Յարութիւնեան այս կապակցութեամբ ամփոփ յայտարարութիւն մը կատարեց։ Այսպէս, դատարանի որոշմամբ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտէն ազատ արձակուելէ երկու օր վերջ տեղի ունեցած է երկու նախկին նախագահներու տեսակցութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020