ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՆԻԿՈԼ ՊԷԶՃԵԱՆ ԱՐԽԻՒԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ
Լիբանանահայ շարժանկարի գործիչ Նիկոլ Պէզճեան իր արխիւները յանձնած է «Հայկազեան» համալսարանին։ Ան համբաւ կը վայելէ՝ որպէս բեմադրիչ եւ ժապաւէններու արտադրիչ։ Այսուհետեւ իր արխիւները ի պահ պիտի դրուին «Հայկազեան» համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանէն ներս։ Անցեալ ապրիլի վերջաւորութեան արդէն յիշեալ գրադարանը հարստացած է այդ արխիւով։
Համալսարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանի ուղղուած նամակին մէջ, ի միջի այլոց, կը գրէ. «1997 թուականի գարնան երբ Լիբանան տեղափոխուեցայ, հայագիտական գրադարանը հանդիսացաւ երկրորդ տունս: Իսկ այդ թուականէն ետք պատրաստած շարժանկարներուս համար մեծապէս օգտուեցայ Հայագիտական գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն: Աւելի՛ն, «Պէզճեան» գերդաստանը 19-րդ դարէն սկսեալ մեծ ներդրում ունեցած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ըլլալով նոյնիսկ հիմնադիրներէն Այնթէպի քոլէճին»:
Բեմադրիչը իր արխիւները Հայկազեան համալսարան յանձնելով կը յուսայ, որ սփիւռքատարած հայագիտական կեդրոններ յաւելեալ ճիգ թափեն հայ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու արխիւները իրենց յարկերէն ներս համատեղելու:
Նիկոլ Պէզճեան հեղինակն է աւելի քան քսան գեղարուեստական եւ վաւերագրական շարժանկարներու, որոնցմէ շատերը ներկայացուած են միջազգային փառատօներու եւ արժանացած՝ մրցանակներու:
Տեղին է նաեւ նշել, որ վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին Նիկոլ Պէզճեան Հայկազեան համալսարանի զոյգ գրադարաններուն նուիրած է բազմաթիւ գիրքեր եւ լսատեսողական իրեր:
Նիկոլ Պէզճեանի արխիւները ուսումնասիրողներու հասանելի պիտի ըլլան նուիրատուին եւ համալսարանի միջեւ կայացած որոշ պայմաններով: