ՍՊԱՆԻԱ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՒԵԼԻՆ ՔԱՆ ԵՐԿԿՈՂՄ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

2018 թուականին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիա-Սպանիա 6-րդ միջկառավարական գագաթաժողովը շարունակութիւնն էր 2009 թուականին Իսթանպուլի մէջ սկիզբ առած միջկառավարական գագաթաժողովներուն:

Սպանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են եւ տարբեր ոլորտներ կ՚ընդգրկեն՝ դիւանագիտական, ռազմական, տնտեսական, կրթական, մշակութային, եւ այլն:

Երկկողմ յարաբերութիւնները սկիզբ առած են 1782 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ստորագրուած խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ առեւտուրի պայմանգիրէն ետք:

20-րդ դարու կէսերուն եւ համաշխարհային պատերազմներէն ետք նոր մերձեցում կը նկատուի երկու երկիրներուն միջեւ: Դիւանագիտական պատուիրակութիւններուն յարաբերութիւնները բարձրացած են դեսպանատան կարգավիճակի եւ 1959 թուականին ստորագրուած է բարեկամութեան պայմանագիրը, որ կը յաջորդէր աւելի կանուխ ստորագրուած հաշտութեան եւ դատական կարգաւորումի մասին սպանա-թրքական պայմանագիրին:

1989 թուականին Թուրկուտ Էօզալի պետական այցելութեան ծիրէն ներս, Մատրիտի մէջ սպանական ընկերութիւններուն հետ ստորագրուեցան պայմանագիրներ, որոնց դիմաց Սպանիա պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցիլ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական ընտանիքին մաս կազմելու գործընթացին: Այդ ժամանակէն ի վեր, Սպանիոյ բոլոր կառավարութիւնները՝ անկախ քաղաքական գաղափարախօսութիւններէն ու ծրագիրներէն, սատարած են Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան միանալու փափաքին:

Մասնաւոր հատուածը եւ տնտեսական օրակարգը եղած են ու կը մնան կարեւոր գործօններ երկու երկիրներու ներկայի յարաբերութիւններուն ձեւաւորումին մէջ: 1996 թուականին, երբ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան հետ Մաքսային Միութեան համաձայնագի-րը ստորագրեց, երկիրներուն առեւտուրը զարգացաւ:

1998 թուականին Թուրքիոյ եւ Սպանիոյ միջեւ ստորագրուած Գործողութիւններուն համատեղ ծրագիրը՝ երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած վստահութիւնն ու յարաբերութիւնները ընդլայնեց:

Սպանական ընկերութիւնները Թուրքիոյ մէջ աշխոյժ կերպով կը մասնակցին ու ներդրում կը կատարեն հիւրանոցային, ճանապարհաշինական. ենթակառուց-ւածքներու, սպասարկման, դրամատնային, ապահովագրական եւ այլ ոլորտներու նախագիծերուն մէջ: Նորաձեւութիւնը եւ հիւսուածական արտադրութիւնը ամենազարգացած ու կատարելագործուած ոլորտն է, որու շնորհիւ սպանական տարբեր ընկերութիւններ թրքական ընկերութիւններու հետ կը գործակցին՝ հումք ներկրելով Սպանիա կամ արտադրելով այնտեղ:

1989 թուականին ստորագրուած պայմանագիրներէն ետք երկու երկիրներուն քաղաքական, օրինական, առեւտրային եւ ներդրումային յարաբերութիւնները կրկնապակուելով՝ հաստատուած են որպէս արտօնեալ համագործակցութիւն (Սպանիա նմանատիպ յարաբերութիւններ հաստատած է Միացեալ Նահանգներու, Եւորպական կարգ մը երկիրներու եւ Թուրքիոյ հետ): Այս յարաբերութիւններուն որպէս արդիւնք, Իսթանպուլի մէջ բացուած է Սպանիոյ հիւպատոսութիւն եւ Սերվանթեսի անուան ճեմարան, իսկ Պարսելոնայի մէջ բացուած է Թուրքիոյ հիւպատոսութիւն. աւելի ուշ՝ 2006 թուականին՝ թուրք-սպանական մշակութային կեդրոնը (Casa Turca), որ Մատրիտի, Պարսելոնայի եւ Ալիկանտէի մէջ ալ մասնաճիւղեր ունի:

2017 թուականին Թուրքիոյ եւ Սպանիոյ միջեւ երկկողմ առետուրի ծաւալը 12.681 միլիառ ամերիկեան տոլար կազմած է: Թուրքիոյ տարբեր ոլորտներէն ներս սպանական 664 ընկերութիւններ կը գործեն, իսկ Սպանիոյ մէջ մօտաւորապէս 75 թրքական ձեռնարկութիւններ կը գործեն: Տարեկան, մօտաւորապէս 300 հազար թուրք զբօսաշրջիկ Սպանիա կ՚այցելէ, իսկ հակառակ ուղղութեամբ մօտաւորապէս 125 հազար զբօսաշրջիկ կը մեկնի: Թուրքիոյ դեսպանութեան տուեալներով՝ Սպանիոյ մէջ մօտաւորապէս հինգ հազար թուրք կը բնակի:

Ուշագրաւ է նման միջազգային ոլորտի մէջ Սպանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխըմբռնումը: Երկու երկիրները մաս կը կազմեն Լիբանանի մէջ գտնուող՝ ՄԱԿ-ժամանակաւոր ուժերուն (UNIFIL), որպէս Հիւսիսատլանտեան դաշինքի կազմակերպութեան անդամ երկիրներ, տարբեր գործողութիւններու մէջ կը ներգը-րաւուին: Անդամ են Միջերկրածովեան Միութեան, Եւրոպայի Խորհուրդին, ԵԱՀԿ-ին եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու: Սպանիան եւ Թուրքիան տարբեր տարածքաշրջաններու մէջ համատեղ ռազմական գործողութիւններու կը մասնակցին, Սպանիան ռազմական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ մէջ կատարած գործողութիւններուն առումով եւ զէնք ու զինամթերք կը ծախէ Թուրքիոյ:

Թուրքիոյ եւ Սպանիոյ յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ խնդիրներ չկան եւ ատոնք ռազմավարական շահեր կը հետապնդեն: Երկու երկիրներն ալ Միջերկրական ծովին հակառակ ծայրերուն վրայ կը գտնուին եւ այս ուղղութեամբ համատեղ ծրագիրներ ունին: Երկու երկիրներուն մէջ ալ փոքրամասնութիւններու կամ ներպետական խնդիրներ կան: Սպանիոյ հանրութիւնը Թուրքիոյ մասին ընդհանրապէս դրական կարծիք ունի: Սպանիոյ մէջ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան դէմ արտայայտուղները որեւէ բանավէճ կամ քննարկում չեն կազմակերպեր:

Սպանիոյ խորհրդարանը, կառավարութիւնը եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինները զգուշաւորութիւն կը ցուցաբերեն այն բանաձեւերուն վերաբերեալ, որոնք՝ անկախ բովանդակութենէն, կրնան պատճառ դառնալ վերոնշեալ յարաբերութիւններուն նուազագոյն լարուածութեան: Տարբեր ժամանակահատուածենու ընթացքին. խորհրդարանի տարբեր յանձնախումբերու մէջ, երբ 1915-ի վերաբերեալ քննարկումներ տեղի ունեցած են, իշխող կուսակցութիւնը դէմ քէուարկած է, իսկ ընդդիմադիրներուն մեծամասնութիւնը դէմ կամ չէզոք դիրք որդեգրած է: Նման վերաբերմունքի պատճառն ու արդարացումը ռազմավարական գործընկերոջը նեղութիւն չպատճառելու մէջ է:

Ինքնավար մարզերու խորհրդարաններու կողմէ 1915-ի դէպքերու մասին բանաձեւ ընդունելէ ետք ճնշումներ գործադրուած են թէ՛ կեդրոնական իշխանութիւններուն, թէ՛ ուղղակի Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Թուրքիոյ կողմէ որեւէ դժգոհութեան չարժանանալու նպատակով նման ճնշումներու ենթարկուած են եւ երբեմն չեղարկուած են այնպիսի որոշումներ, որոնք ուղղակի Թուրքիոյ ներքին խնդիրներուն կամ արտաքին մարտահրաւէրներուն առընչուած են:

ՏԱԹԵՒ ՍՈՒԼԵԱՆ
12 յունիս 2020, Պարսելոնա
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ
Նիւթի աղբիւր՝ www.civilnet.am

Շաբաթ, Յունիս 27, 2020