Առաջարկ՝ մամլոյ միութիւն մը ստեղծելու ակնկալութեամբ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ երէկ ունեցած հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ բերաւ առաջարկ մը։ Այսպէս, ան կը փափաքի, որ մեր համայնքէն ներս ստեղծուի մամլոյ միութիւն մը։ Սա զանազան տեսակէտներէ կրնայ օգուտներ ապահովել՝ իր համոզմամբ։ Երէկուան երկարատեւ զրոյցին ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց իր մօտեցումները այս կապակցութեամբ։ Հաւաքոյթի մասնակից մամլոյ սպասաւորները սկզբունքօրէն ողջունելի համարեցին այս առաջարկը եւ ցուցաբերեցին բարի կամեցողութիւն։ Առայժմ յայտնի չէ, թէ իրադարձութիւնները ինչպիսի շարունակութիւն մը կրնան ունենալ այս առումով։
Նորին Ամենապատուութեան այս առաջարկը մեզի կը յիշեցնէ մօտաւոր անցեալի Գրական ակումբի փորձառութիւնը։ 1990-ականներու սկիզբին Կեդրոնական սանուց միութենէն ներս ստեղծուած շարժումի մը պտուղն էր այդ ակումբը, որու գործունէութեան թէեւ միայն լրագրողներ չէին մասնակցած, սակայն մեր մամուլը եղած էր տարուած աշխատանքներուն առանցքը։ Պոլսահայ իրականութեան պայմաններուն տեսակէտէ բաւական երկար ատեն գործած էր գրական ակումբը, որու նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած էին նաեւ հրատարակչական ծրագրեր եւ այդ գիրքերը մեր օրերուն փոխանցուած են որպէս մնայուն արժէք։ Գրական ակումբը, միեւնոյն ժամանակ, հանդիսացած էր հիմնական մղիչ ուժը՝ մեր քաղաքի մէջ Հայ մամլոյ 200-ամեակի յոբելեանի նշման նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքին։
Պոլսահայ լրատուութեան դաշտը այսօր շատ աւելի խայտաբղէտ համայնապատկեր մը կը պարզէ այդ շրջանին բաղդատմամբ։ Փոխուած են ժամանակները, փոխուած է միջավայրը, տարբեր են պահանջները եւ այս բոլորին համապատասխան տեսք մը ունի մեր մամուլի անդաստանը։ Սա ի զօրու է նաեւ ամբողջ աշխարհի հայ մամուլին տեսակէտէ։
Գրական ակումբի մօտաւոր անցեալի փորձառութիւնը այսօր կրնայ օրինակ ծառայել՝ մեր համայնքէն ներս լրագրողներու մասնակցութեամբ նոր հարթակ մը ձեւաւորելու նպատակով։ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին շեշտը դրաւ արհեստավարժութեան կարեւորութեան վրայ։ Սա շատ էական նշանակութիւն ունի՝ մասնաւորապէս ընկերային ցանցերու այժմու ժամանակաշրջանին։ Մարդիկ իրենց լրատուութեան, տեղեկատուութեան կարիքները կը դիմագրաւեն առաւել չափով ընկերային ցանցերու միջոցաւ։ Ինչպէս ընկերային կեանքի բոլոր երեւոյթները՝ այս մէկը եւս ունի իր թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական կողմերը։ Եթէ դրականը կը վերաբերի արագութեան ու գործնականութեան, ապա ժխտականն ալ կը յայտնուի համատարած ապատեղեկատուութեան երեւոյթներով։ Այս երկուքի խաչմերուկին կը բիւրեղանայ արհեստավարժութեան կարեւորութիւնը։ Այս խնդիրը կայ նաեւ մեր համայնքէն ներս։ Մշակուած, կշռադատուած եւ արհեստավարժ մաղէ մը անցուած ձեւով հասարակութեան լրատուութիւն կամ տեղեկատուութիւն մատուցելու հարցը մեր համայնքի ապագային տեսակէտէ կը համարուի կենսական։ Թրքահայութիւնը այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի իր հաւաքական կեանքը, իր հաստատութիւններու ապագան նոր ժամանակներու համապատասխան ձեւով վերակառուցելու հրամայականին։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին կողմէ յղացուած առաջարկը այս տեսակէտէ կրնայ օգտակար ըլլալ։ Եթէ մեր համայնքէն ներս հնարաւոր ըլլայ ստեղծել մամլոյ ակումբ մը, ապա սա կրնայ նպաստել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս կարծիքի առողջ փոխանակումներու միջավայրի մը ստեղծուելուն։
Նորին Ամենապատուութեան օրակարգի վրայ բերած առաջարկը նաեւ պատասխանատուութեան պատգամ մը կը պարփակէ մեր մամուլին տեսակէտէ՝ արդի ժամանակներու մէջ դերակատարութեան երաշխաւորման եւ հեղինակութեան ամրապնդման տեսակէտէ։ Արդարեւ, մեր լրագրողներու մասնակցութեամբ համայնքային զանազան հարցերու շուրջ կարծիքի փոխանակումներու, համակողմանի քննարկումներու հարթակ մը կարելի է ձեւաւորել։ Այսպէսով, մարդիկ կրնան տեսնել նաեւ, որ հակառակ համոզումներու բազմազանութեան կամ գաղափարական տարբերութիւններու, մարդիկ կրնան սեղանի մը շուրջ հաւաքուիլ կամ կրնան մէկտեղուիլ հասարակաց յայտարարի մը վրայ՝ նոյն համայնքին պատկանելու գիտակցութիւնով։
Նորին Ամենապատուութեան առաջարկը կը ցոլացնէ այս համայնքի ապագային վերաբերեալ իր տեսլականին կարեւոր մէկ երեսակը։ Կ՚արժէ բաժնել այդ տեսլականը՝ մինչ մեր հաւաքական կեանքէն ներս համագործակցութիւնն ու զօրակցութիւնը վաղուց լոզունգի վերածուած են։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ