ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԳԻՆԵՁՕՆ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Եոր­քի կեդ­րո­նին մէջ վեր­ջերս հիւ­րըն­կալուե­ցաւ գրող Է­րիք Պօ­ղո­սեան։ Այս հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ իր վեր­ջին գիր­քը։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Զօհ­րապ Մնա­ցա­կա­նեան։ Հա­ւա­քոյ­թի ա­ւար­տին Է­րիք Պօ­ղո­սեան գիրք մըն ալ մա­կագ­րեց Մնա­ցա­կա­նեա­նին հա­մար։

Գինեձօնի հաւաքոյթին մասնակցեցան նաեւ ամերիկահայ համայնքէն գործիչներ, հոգեւորականներ եւ խումբ մը հետաքրքիրներ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015