ՆԱԽԱՐԱՐ ՔՈՃԱ. «ՔԱՆԻ՞ ՀՈԳԻ ԵՆՔ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ»

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակումներու նոր դէպքերը կը նուազին, սակայն պէտք է ըլլալ զգոյշ։ Արդարեւ, նուազումները դանդաղ, իսկ բարձրացումները արագ թափով կ՚իրականանան։ Ըստ նախարարին, իւրաքանչիւր օրուայ նոր վարակումներուն թիւը կը շարունակէ մնալ հազարէ աւելի բարձր։ Այս երեւոյթի հիմնական պատճառն է կանոններուն չյարգուիլը։ «Քանի՞ հոգի ենք համաճարակի դէմ», հարց տուաւ նախարարը։

Ըստ երէկ երեկոյեան հրապարակուած վերջին վիճակագրական տուեալներուն, եւս 16 հոգի մահացաւ համաճարակի հետեւանքով։ Նախարարը շեշտեց, որ այդ 16 հոգին մահացած է այնպիսի պատճառներով, որոնք կրնային կանխուիլ։

Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 52 հազար 193 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1086 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղաւ 2315։ Այս պահու դրութեամբ 1130 հիւանդ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի։ Արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ հիւանդներու թիւն է 395։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ յառաջիկայ վերամուտի ընդառաջ պատկան մարմինները զանազան աշխատանքներ կը տանին՝ դասարաններէ ներս ֆիզիքական հեռաւորութեան նոր չափանիշներու սահմանման ուղղութեամբ։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2020