ՅԱԽՃԱՊԱԿԵԱՅ ՆԵՐԱՇԽԱՐՀՈՎ

-Բարեւ, ես եմ:

-Դուն ո՞վ ես:

-Երազկոտը...

Գիրքերու աշխարհով գինովցաց փոքրիկ աղջնակը այլեւս կը դժուարանար զանազանել դառն իրականութիւնը երեւակայականէն: Ան ամբողջ օրը կ՚երազէր՝ տարուելով մտքի թռիչքին ու երեւակայութեան:

Իրենց անշուք ու համեստ բնակարանը ապարանքի կերպարանք կը ստանար իրեն աչքին, իսկ թախծոտ պատերով իր ննջասենեակը կարծես ըլլար ոսկեզօծ: Ամէն առտու սա փոքրիկ աղջնակը կ՚արթննար ժպիտը դէմքին ու մտքին մէջ երազ մը պահած: Անոր ներաշխարհը այնքան պայծառ էր, որ ճառագայթները կը տարածուէին դէպի անսահմանութիւն եւ շուրջն ամէն բան կ՚առնէին փայլքի տակ: Եւ այսպէս՝

Թռի-վռի մի ճպուռ,

Ողջ ամառը շուռ ու մուռ,

Երգեց, ճռռաց, ճռճռաց:

Մին էլ, ըհը՛, ձմեռը,

Փռեղ իրա թեւերը.

Բացեց գորգը սպիտակ,

Դաշտերն առաւ ձիւնի տակ,

Անցան պայծառ օրերը,

Էլ ո՞րն ասեմ, էլ ո՞րը,

Երբ ամէն մի թփի տակ

Թէ՛ սեղան կար, թէ օթեակ:

Եկան օրեր ցրտաշունչ...

Աղջնակը մեծցաւ: Անոր կեանքի առաջին տասնամեակը անցաւ անհոգ եւ ուրախ, ինչպէս Աթաբեկ Խնկոյեանի «Ճպուռն ու մրջիւնը» բանաստեղծութեան մէջ ճպուռի կեանքը:

Երկրորդ տասնամեակը սկսած էր աստիճանաբար բարդանալու, սակայն աղջիկը ամուր կառչած էր իր երազներէն ու երեւակայական աշխարհէն եւ կտրականապէս կը հրաժարէր լքել զանոնք: Տարիները կը գլորէին ծանր սեւ քարի մը պէս… Ան ամէն կերպ կը փորձէր կեցնել սա ծանր քարի պտոյտը, բնաւ չէր ուզեր մեծնալ, սակայն աւա՜ղ, անկարող էր: Ի վերջոյ համակերպեցաւ կեանքի հետ, երկուստեք սկսան համերաշխ ապրիլ, մինչեւ որ...

Մինչեւ որ ան համտեսեց շուրջիններու անտարբերութիւնն ու սառնասրտութիւնը: Շատեր իրեն կը վերաբերէին քամահրանքով, յաճախ անգութօրէն կը փշրէին վերջինիս յախճապակեայ եւ գունեղ ներաշխարհը: Քանի-քանի անգամ այդ աշխարհը փուլ եկած էր ու նորէն կառուցուած՝ մեծ դժուարութեամբ:

Ան կը փորձէր ուժեղ ու տոկուն ձեւանալ, սակայն բաւական զգայուն էր ու խոցելի. չնչին բաներէ կը դառնանար անմիջապէս: Քաջածանօթ ըլլալով վիրաւորանքին, աղջիկը զգուշօրէն կը մօտենար մարդոց հոգիներուն, վախնալով զանոնք խոցելէ, մինչդեռ շուրջիները անոր նկատմամբ կը գտնուէին բաւական անփոյթ:

Դառնահամ կերակուրներ համտեսելով ան ի վերջոյ դարձաւ տոկուն եւ ուժեղ, այլեւս ոչ մէկը կրնար զինք վշտացնել: Ակամայ աղջիկը նմանեցաւ շուրջիններուն, սակայն ներքուստ մնաց նոյն երազկոտը: Միակ տարբերութիւնը՝ յախճապակիները փոխարինուած էին քարէ պատերով...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020