ՍԵՒԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Սեւանի երաժշտական դպրոցի սաները արձանագրեցին մեծ յաջողութիւն՝ միջազգային մրցոյթ-փառատօնի մէջ։ Այսպէս, Հայաստանի Սեւան քաղաքի «Վալերի Սարգսեան» երաժշտական դպրոցի սաները առաջին հանդիսացած են «Արթ Միւզիք» արուեստի մրցոյթ-փառատօնի ընթացքին, որ տեղի կ՚ունենայ  միջազգային ձեւաչափով:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Սեւանի քաղաքապետարանէն տեղեկացուցած են, որ այս տարուայ փառատօնը էականօրէն տարբեր էր նախորդներէն: Պայմանաւորուած  համավարակով՝ փառատօնը տեղի ունեցաւ հեռավար դրութեամբ:

Սեւանի «Վալերի Սարգսեան» երաժշտական դպրոցի սաները, որոնք մարտ ամիսէն ի վեր անցած էին հեռավար դասաւանդութեան, ուսուցման զուգահեռ նախապատրաստուած էին նաեւ փառատօնին: Մինչ փառատօնի մեկնարկը՝ մասնակիցները իրենց կատարումներով տեսանիւթերը ուղարկած էին փառատօնի դատակազմի դատին: Հանրապետութեան եւ արտերկրի երաժշտական եւ արուեստի դպրոցներու սաները իրենց վոքալ, գործիքային կատարումներով, ստեղծագործական աշխատանքներով կը մրցէին լաւագոյնի կոչման արժանանալու համար: Բազմաթիւ երեխաներու համար այս մէկը ներկայանալու լաւագոյն հարթակ է, միաժամանակ ուղի՝ ապագայ բեմերը տանող:

Սեւանցի փոքրիկ երաժիշտներու համար մրցելոյթները արդէն աւարտած են, յայտնի են մրցանակակիրները:

Երաժշտական դպրոցի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հունան Առաքելեանի փոխանցմամբ՝ երաժշտական դպրոցի սաները այս փառատօնին արձանագրեցին յաղթանակներ, ուշադրութեան արժանացան իրենց կատարումներով: «Արթ Միւզիք» արուեստի 11-րդ մրցոյթ-փառատօնին մրցանակակիր հանդիսացան հինգ աշակերտներ։ Վոքալի բաժնի սան Էլէն Մկրտչեան (դասատու՝ Երանուհի Քոչարեան) մրցոյթ-փառատօնի արդիւնքին արժանացած է երկրորդ կարգի մրցանակի: Երկրորդ կարգի մրցանակի արժանացած է նաեւ դպրոցի տուտուկի բաժնի աշակերտ Սուրէն Խաչատրեան (դասատու՝ Հայկ Սիրականեան, նուագակցող՝ Կարինէ Դաւթեան): Միւս երկրորդ մրցանակակիրը շեփորի բաժնի աշակերտ Արտեոմ Աւետիսեանն է (դասատու՝ Գուրգէն Բաբաեան, նուագակցող՝ Լուսինէ Իսրայէլեան):

 Ֆլէյտայի բաժնի աշակերտուհի Իզապելլա Յարութիւնեան (դասատու՝ Խոսրով Միրաքեան, նուագակցող՝ Կարինէ Դաւթեան) «Արթ Միւզիք» արուեստի միջազգային 11-րդ մրցոյթ-փառատօնին արժանացած է երրորդ կարգի մրցանակի: Փառատօնի վկայականակիր դարձած է տուտուկի բաժնի աշակերտ Արթուր Օհանեան (դասատու՝ Հայկ Սիրականեան, նուագակցող՝ Կարինէ Դաւթեան):

«Մրցանակները արդիւնք են լաւ ու նպատակադրուած աշխատանքի», նշած է Սեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի քարտուղար Արմինէ Ղուկասեան:

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020