ԺԱՌԱՆԳԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ

Երեւանի Ազգային պատկերասրահի հաւաքածոն վերջերս համալրուեցաւ շատ արժէքաւոր գործով մը։ Այսպէս, Ազգային պատկերասրահին նուիրուեցաւ անուանի նկարիչ Գէորգ Բաշինջաղեանի «Աշունը» անուն կտաւը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արթիկի փոխ-քաղաքապետ Պորիս Աւագեան այս եզակի գործը Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին նուիրած է իր ընտանեկան հաւաքածոյէն։ Հայկական կերպարուեստի տիտաններէն Գէորգ Բաշինջաղեանի վրձինին պատկանող «Աշունը» կտաւը ստեղծագործուած է 1910 թուականին։ Նուիարտուն այդ մէկը ժառանգած էր իր մեծ հօրմէն՝ յայտնի գիտնական ակադեմիկոս Պորիս Աւագեանէն։

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ այս պաստառի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Պորիս Աւագեան այս առթիւ նշեց, որ կը նախատեսէ Ազգային պատկերասրահին նուիրել այն բոլոր պաստառները, որոնք ժառանգած է իր նախնիներէն։ Արդարեւ, անոնք ազգային հարստութիւններ են ու պէտք է ապագայ սերունդներուն պատկանին։ Ըստ Աւագեանի, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը այն վայրն է, ուր պէտք է պահուին հանրայայտ նկարիչներու ստեղծագործութիւնները։

Իր կարգին, Ազգային պատկերասրահի տնօրէնուհի Մարինա Յակոբեանն ալ խօսեցաւ նուիրատուութիւններու կարեւորութեան մասին։ Ան շեշտեց, որ նուիրատուութիւններու միջոցաւ հաւաքուած է պատկերասրահի հայկական գեղանկարչութեան հաւաքածոն։ Տնօրէնուհին այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աւագեաններու ընտանիքին։

Երէկուան հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, որ եւս հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020