ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (37)

Կիրակի երեկոյ, ժամը 7։

Արեւն իր շողերը քաշեր էր քաղաքէն, բայց լոյսը կը մնար Երեւանի փողոցներուն, շէնքերուն, այգիներուն վրայ։ Շաբաթը ուր որ է փակուէր պիտի։ Սիրահարներու այգին Բաղրամեան փողոցի վրայ կը սպասէր Զանային ու Նորային։ Աւելի քան շաբաթ մը դադարէ ետք, վերջապէս պիտի հանդիպէին դարձեալ, «դաս անելու»։

Նախորդ օրը յետմիջօրէին Նորան հրաժեշտ տուեր էր ընտանիքին, Անիին, Վանաձորին, ու նստեր էր Երեւան եկող հանրակառքը, հասեր տուն մութին։ Զանան գործէն ելեր էր կէսօրին, նստեր մեթրոն ու եկեր Չարբախէն մզկիթ, ու անհանգիստ, տեղը նստելու անկարող՝ դուրս եկեր էր փողոցներ, թափառեր էր ամբողջ յետմիջօրէի ընթացքին, մինչեւ երեկոյ, անդադար մտածեր, մտածեր, այս ամէնուն վերջը ի՞նչ էր։ Նորայէն վաղն ի՞նչ ակնկալէր, ըսէ՞ր վերջապէս, ինչպէ՞ս ըսէր, այգիի ընտրութիւնը զուգադիպութի՞ւն էր... Երկուքն ալ ուշ, շատ ուշ արթնցեր էին այս կէսօր, ու իրարմէ անկախ, իրարմէ անտեղեակ, նոյնքան սուր ու հեւքոտ ներքին թրթիռով սպասեր էին ժամը 7-ին, որ եկեր, հասեր էր հիմա։

Վերի, Պռոշեան փողոցի մուտքէն, մեթրոյի կողմէն այգի մտաւ Զանան։ Նորան մտաւ վարէն, Դեմիրճեան փողոցէն։ Կարճ թեւ բայց կապոյտ շապիկ մը ունէր Զանան։ Թեթեւ դեղին շոր մը Նորան, ոտքերուն՝ հին-յունական ոճի կապերով մուճակներ։ Վերէն, ծառերու կատարներէն նայող մը պիտի տեսնէր, թէ ինչպէս համաչափ կը կտրէին այգիի տարածքը երկուքը երկու կողմէն. կարծես բեմադրուած ըլլար ամէն ինչ։ Ու քալեցին, եկան, հանդիպեցան այգիի ճիշդ կեդրոնը, պուլպուլակին մօտ։ Տեսան զիրար, կանգ առին։ Բարեւեցին, բայց երկուքն ալ այնպիսի լարուածութեամբ, դէմքի մկաններու այնպիսի լարումով, որոնց նմանը չէր եղած նախորդ հանդիպումներու ընթացքին։ Առանց խօսելու անցան քիչ մը անդիի հատուածը, խիտ թուփերով շրջապատուած. նստան կողք-կողքի, քարէ նստարանին։

Լռութիւն։

Հանեց տետրակը Նորան, դրաւ Զանայի ծունկին։ Զանան, շունչը կտրած, ձեռքը տարաւ գրպանը, գրիչը հանեց։ Նորան դարձուց էջերը, հասաւ հոն ուր «բայեր» գրուած էր. նայեցաւ Զանային։ Վերջինիս աչքերը եկան գտան նայուածքը իր, պրկումով մ՚այնպիսի, որ քաշեր էր յօնքերը, ցցեր այտոսկրները տղուն։ Անծանօթ, անբացատրելի շարժում մը գնաց-եկաւ անշարժութեան մէջ ագուցուած նայուածքներուն։ Նորան թուքը կուլ տուաւ, տարաւ ձեռքը գրիչին։ Վառեցան մատները Զանային։

Գրիչը գնաց, թուղթին վրայ շշնջաց։ Զանան վախվխած աչքերը տարաւ վար ու կարդաց. «Սիրահարուել»։ Անմիջապէս, ուշիմ աշակերտի պէս, առաւ գրիչը ու թարգմանեց. գիտէր, արդէն լաւ գիտէր իմաստն այդ բառի. «Աշըք շոտան»։ Եւ իր համարձակ պատասխանը տուաւ, բայի կողքին աւելցնելով՝ «անոր»։

-Արեւմտահայերէն է դա..., զարմացած՝ ակնթարթի մը մէջ կախարդանքէն դուրս եկաւ Նորան։ Առաւ գրիչը եւ սրբագրեց. «նրան»։

Զանան վերցուց գրիչը, եւ յամառօրէն փոխեց բառը դարձեալ. «աՆոր»։

Նորան նայեցաւ բառին, նայեցաւ երկար ու...

ու շարժեցան վանկերը անոր, ու շարժեցաւ ամէն ամէն ինչ Նորայի մէջ, ու Նորան՝ շանթահարուած, դարձաւ Զանային, ինքզինքէն ելած՝ երկու ձեռքով բռնեց գլուխը անոր, ու գրեթէ լալու եզրին՝

-Ես էլ քե՛զ

ձուլուեցան։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020