ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ՝ ՏԻՊԱՐ ՄԱՅՐԸ
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ չորրորդ տաղաւար տօնն է, որ այս տարի կը հանդիպի 16 օգոստոս, կիրակի օրուան, քանի որ տօնը կը կատարուի օգոստոս 15-ի մերձակայ, այսինքն օգոստոս 12-էն մինչեւ 18 հանդիպող կիրակին։
Ըստ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի, աւելի հին դարերու մէջ երեք օր միայն կը կատարուէր այս տօնը, սակայն Շնորհալիի կարգադրութեամբ հիմա ինն օր կը կատարուի՝ կիրակիէն մինչեւ միւս երկուշաբթի։
Եւ դարձեալ, Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի համաձայն, Ս. Աստուածածնի մեռնելուն եւ երկինք փոխադրուելուն յիշատակն է Վերափոխման տօնը՝ որ կը տօնուի պարզապէս «Աստուածածին», կամ «Փոխումն», կամ «Ննջումն» անունններու ներքեւ ալ։ Որովհետեւ Եկեղեցին կ՚ընդունի թէ Քրիստոս ինքնին եկաւ իր մայրը փոխադրելու. տէրունի տօնին յիշատակութիւնը կը կատարուի «Գալուստ ի փոխումն մօրն» բացատրութեամբ։ Աստուածածնի տօները տէրունի տօն ըլլալով՝ պէտք է կատարուէին ի դէմս Քրիստոսի, ուստի ծիսական սովորութիւնն է որ բոլոր Աստուածածնի տօներուն Քրիստոսի տէրութիւնը կը յիշատակուի եւ այդ բացատրութեամբ կ՚արտասանուին աղօթքներն եւ մաղթանքները։ Միայն Վերափոխման տօնին եկեղեցին ի նկատի կ՚առնէ այն պարագան, որ Քրիստոս Ի՛նքն իջաւ իր մօր մահուան եւ ի միասին փոխադրեց զայն երկինք։ Այդ հիմամբ Վերափոխման տօնին մաղթանքներն ու աղօթքները եւ «Սուրբ Աստուած»ն ալ «Քրիստոսի Գալստեան» բացատրութեամբ կ՚արտասանուին՝ յիշատակելով Քրիսոտսի «Գալուստն ի փոխումն մօր եւ կուսի»։
Արդարեւ, Սուրբ Կոյս Մարիամի Աւետումը բացումը կը կատարէ «ժամանակներու լրումին» (ԳԱՂ. Դ 4), այսինքն խոստումներուն եւ նախապատրաստութիւններուն կատարումին։ Մարիամ կոչուած է յղանալու Անիկա, Որուն մէջ պիտի բնակի «մարմնապէս լրումը աստուածութեան» (ԿՈՂ. Բ 9)։ Մարիամի հարցումին թէ «ի՞նչպէս պիտի ըլլայ ինծի ասիկա, քանի որ ես մարդ չեմ ճանչնար» (ՂՈՒԿ. Ա 34), աստուածային պատասխանը տրուեցաւ Հոգիին զօրութեամբ. «Հոգին Սուրբ պիտի գայ քու վրադ» (ՂՈՒԿ. Ա 35)։ Արդարեւ, Սուրբ Հոգիին առաքելութիւնը միշտ յարակից է եւ դասաւորուած՝ Որդիին առաքելութեան հետ (ՅՈՎՀ. ԺԶ 14-15)։ Հոգին Սուրբ, որ «Կեանք տուող Տէրն է», առաքուած է սրբացնելու համար Սուրբ Կոյս Մարիամի արգանդը եւ զայն բեղմնաւորելու աստուածապէս, այնպէս ընելով որ Մարիամ յղանայ Հօր յաւիտենական Որդին՝ իրմէ առնուած մարդկայնութեամբ մը։
«Աստուած առաքեց Իր Որդին» (ԳԱՂ. Դ 4), բայց Անոր մարմին մը կերտելու համար արարածի մը ազատ գործակցութիւնը ուզեց։ Ասոր համար Աստուած Իր Որդիին ի յաւիտենից իբր Մայր ընտրեց Իսրայէլի մէկ դուստրը, Գալիլիոյ Նազարէթէն երիտասարդ հրէուհի մը «կո՛յս մը, որ նշանուած էր Դաւիթի տունէն Յովսէփ անունով մարդու մը եւ կոյսին անունն էր Մարիամ» (ՂՈՒԿ. Ա 26-27)։
Արդարեւ, Հին Ուխտին ամբողջ ընթացքին, Մարիամի առաքելութիւնը «նախապատրաստուեցաւ» ուրիշ սուրբ կիներու առաքելութեամբ։
Ամենէն առաջ՝ Եւա՛ն, ան հակառակ իր անհնազանդութեան, Չարին դէմ յաղթանակող զարմ մը ունենալու խոստումը կը ստանայ. (ԾՆՆԴ. Գ 15)։ Ան կը ստանայ նաեւ խոստումը՝ ըլլալու բոլոր ապրողներուն մա՛յրը։ Այս խոստումին շնորհիւ՝ Սառա կը յղանայ որդի մը, հակառակ իր յառաջացած տարիքին. (ԾՆՆԴ. ԺԸ 10-14, ԻԱ 1-2)։
Հակառակ մարդոց սպասումներուն, Աստուած Իր տուած խոստումին Իր հաւատարմութի՛ւնը ցոյց տալու համար, կ՚ընտրէ անզօր եւ տկար նկատուածը. (Ա ԿՈՐՆ. Ա 27), Աննան՝ մայրը Սամուէլի, Դեբորան, Հռութը, Յուդիթը եւ Եսթէրը եւ ուրիշ բազմաթիւ կիներ։
Մարիամ «առաջի՛ն տեղը» կը գրաւէ Տիրոջ այս խոնարհներուն եւ աղքատներուն մէջ, որոնք փրկութիւնը կ՚ակնկալեն եւ զայն վստահութեամբ կ՚ընդունին Անկէ։
Յետ խոստումին երկա՜ր սպասումին, Սիոնի գերազանց դուստրը՝ Մարիամով ժամանակները կը հասնին իրենց լրումին եւ կը սկսի նոր տնտեսութիւնը։
Մարիամ, Փրկչին Մայրը ըլլալու համար այսպիսի վսեմ գործին համապատասխան շնորհքներով, պարգեւներով ճոխացաւ Աստուծոյ կողմէ։ Գաբրիէլ Հրեշտակը Աւետումի պահուն կ՚ողջունէ զինք իբր «շնորհքով լիացած»։ Արդարեւ, Մարիամ իր աւետուած կոչումին հանդէպ իր հաւատքին ազատակամ հաւանութիւնը կարենալ տալու համար, հարկ էր որ պարուրուէր Աստուծոյ շնորհքով։ Ուստի, Մարիամ իր յղութեան վայրկեանէն իսկ՝ մեղքէն փրկուած էր։ Ան ոեւէ ստեղծուած անձէ աւելի, Հայրը «զինք ամէն տեսակ օրհնութիւններով ի Քրիստոս՝ երկինքի մէջ օրհնեց…» (ԵՓՍ. Ա 3)։ «Աշխարհին հաստատուելէն առաջ, զինք ընտրեց Իր մէջ որպէսզի ըլլար սուրբ, անարատ Իր առջեւ՝ սիրով» (ԵՓՍ. Ա 4)։
Արդարեւ, Մարիամ կոչուած է Աստուածամայր. «Ամենասրբուհի» եւ կը բարաբանուի իբր զերծ՝ մեղքի ամէն արատէ, քանի որ ան շաղուած է Սուրբ Հոգիէն եւ կազմուած է իբր «նոր արարած»։ Աստուծոյ շնորհքով, Մարիամ մնաց մաքուր՝ անձնական ամէն մեղքէ իր կեանքին ամբողջ տեւողութեան, եւ եղաւ մայրութեան վսեմ գաղափարին տիպա՛րը։
Ան եղաւ նաեւ կին-մարդու տիպարը, եւ Եւայի անհնազանդութեան հանգոյցը լուծուեցաւ իր հնազանդութեամբ։ Ինչ որ Եւա կոյսը կապած էր իր թերահաւատութեամբ, Մարիամ Կոյսը քակեց իր հաւատքով։ Մարիամը Եւային հետ համեմատելով, Մարիամը կ՚անուանի «Մայր ողջերուն», եւ յաճախ կը յայտարարուի. «Եւայով՝ մահը, Մարիամով՝ կեա՛նքը»։
Աւետարաններու մէջ «Յիսուսի Մայր» կոչուած Մարիամը (ՅՈՎՀ. Բ 1, ԺԹ 25) անոր Որդիին ծնունդէն իսկ առաջ՝ մղումով Սուրբ Հոգիին ողջունուած է. «Մայրն իմ Տիրոջս» (ՂՈՒԿ. Ա 43)։ Արդարեւ, Ան որ Մարիամ Սուրբ Հոգիով իբր մա՛րդ յղացաւ ըստ մարմինին եւ ճշմարտապէս իր Որդին դարձաւ, ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ՝ Հօր յաւիտենական Որդին, Ամենասուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը։ Եւ այս պատճառով Մարիամ ճշմարտապէս «Աստուածածին» է եւ «Աստ-ւածամա՛յր»։
Յիսուս՝ Մարիամի միածին որդին է։ Սակայն Մարիամի «հոգեւոր մայրութիւն»ը կը տարածուի բոլոր մարդոց՝ որոնց համար Յիսուս եկաւ, եկա՛ւ փրկելու համար. «Մարիամ ծնաւ իր Որդին, զոր Աստուած ըրաւ անդրանիկը բազմաթիւ եղբայրներու մէջ» (ՀՌՈՄ. Ը 29), այսինքն հաւատացեալներու մէջ, որոնց ծննդեան եւ դաստիարակութեան եւ հոգածութեան ի նպաստ՝ Մարիամ իր մայրական սիրոյն գործակցութիւնը կը բերէ միշտ։ Ան, այս իմաստով մայրութեան մարմնացում եւ մայրերու տիպար Մա՛յրն է։ Մարիամ իր առաքելութիւնը կը տարածէ համայն մարդկութեան։
Ուստի մայրերու պարտականութիւնն է նմանիլ Աստուածամօր կերպարին, ունենալ անոր հնազանդութեան, համեստութեան, համբերատարութեան եւ զոհողութեան ազնիւ ոգին, անոր նուիրումը, անոր ծառայասիրութիւնը եւ անոր բոլորանուէր հոգին՝ իրենց զաւակներուն դաստիարակութեանը տէր եւ պահապան ըլլալու։
Թող Աստուածամօր եռեակ շնորհները պայծառանան մեր մէջ եւ մեր կեանքի եւ գործունէութեան վրայ լոյս եւ ջերմութիւն սփռեն յաւէտ։ Աստուածածնի վերափոխման տօնը թո՛ղ բարեպատեհ առիթ մը ըլլայ իր անհո՜ւն շնորհները ընդունելու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 8, 2020,Իսթանպուլ