UTEACH ՆՈՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ
Առցանց ուսուցման պահանջը աշխարհի մէջ օրէ օր կ՚աւելնայ։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, նորարարութեան ոլորտին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն կարգ մը իրադարձութիւններ, որոնցմով Zoom-ը կը փոխարինուի հայկական Uteach-ով։ Արտակարգ դրութեան օրերուն, երբ Հայաստանի կրթական համակարգը հեռավար հարթակ փոխադրուեցաւ, երիտասարդ հայ ծրագրաւորողները ճիշդ պահուն կողմնորոշուելով ստեղծեցին նոր կրթական հարթակ մը՝ Uteach-ը։
Գաղափարը յղացած է «Կլոպալ» ընկերութեան հիմնադիր Հրայր Շահբազեան, որ առցանց կրթութիւնը ա՛լ աւելի մասնագիտական եւ դիւրին օգտագործելի դարձնելու նպատակ կը հետապնդէր։ Եւ այսպէսով համաճարակի օրերուն ծնաւ Uteach-ը, որ ո՛չ միայն պիտի չզիջի Skype-ին ու Zoom-ին, այլեւ՝ աւելի կատարելագործուած պիտի ըլլայ։
«Մի քանի խորագրերու հաւաքածոյ մէկ տեղ ամփոփուած է։ Այսինքն՝ պէտք չէ առանձին օրացոյց ունենալ՝ տեսնելու համար, թէ ո՛ր օրը որո՛ւ հետ դաս ունիք։ Պէտք չէ Zoom-ով հեռաձայնել, պէտք չէ բնագրերը այլ համակարգերու միջոցով պատրաստել։ Այսինքն՝ ամբողջութիւն մըն է, որու միջոցով ամբողջ դասացուցակը հնարաւոր է պատրաստել», Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է Հրայր Շահբազեան։
Uteach-ը առայժմ փորձարկութեան փուլին կը գտնուի եւ ունի քսանէ աւելի օգտատէրեր։ Սոյն կայքի օգնութեամբ իւրաքանչիւրը կրնայ ունենալ սեփական, մասնագիտական առցանց դպրոց, ուր տեսադասեր ներբեռնելու եւ քննութիւն կազմակերպելու հնարաւորութիւն կը տրուի։