«ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ» ԵՒ «ՏՈԿՈՒՆՈՒԹԻՒՆ»

Նիւ Եորքի խորհրդանիշներէն մէկը՝ Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի մուտքին քարէ առիւծները, սովորաբար տարին մէկ անգամ կը զարդարուին եւ այդ մէկ անգամը կ՚ըլլայ Ս. Ծննդեան տօներուն: Այս տարի սակայն բացառութիւն էր ոչ միայն նշանաւոր այդ առիւծներուն, այլեւ ամբողջ աշխարհին համար:

Գրադարանի մուտքին կեցած առիւծները զարդարանքի փոխարէն քանի մը ամիս է՝ դիմակ կը կրեն: Այս առիւծները ծանօթ են Նիւ Եորքը գիտցող ամէն մարդու, բայց թերեւս անոնց շուրջը զբօսնող, անոնց հետ լուսանկարուող կամ անոնց քովէն գրադարան մտնող ոչ բոլորը գիտեն, որ քարէ այս արու երկուորեակ հսկաները անուններ ունին՝ «Համբերութիւն» եւ «Տոկունութիւն»:

Այս աշխարհահռչակ պատմական մարմարեայ առիւծները գրադարանի շէնքին մուտքի հսկիչներն են: Հանրային գրադարանի գլխաւոր մասնաշէնքի մուտքին դրուած են 1911 թուականին: Առիւծները նախապէս ուրիշ անուններ ունեցած են, բայց 1930-ականներուն անոնք վերակոչուեցան «Համբերութիւն» եւ «Տոկունութիւն», ի նշանաւորումն ամերիկեան մեծ ճգնաժամին դիմանալու եւ այդ անկումէն դուրս գալու նիւեորքցիներու կամքին: Անունները դիմացան ժամանակի փորձութեան եւ այսօր ուրիշ առաքելութիւն մը ստանձնած են. անոնք համաճարակին առթիւ պատգամներ կը յղեն այն միլիոնաւոր նիւեորքցիներուն, որոնք համաճարակի դժուարութիւնները կը դիմագրաւեն:

Մարդիկ զարմանքով նկատած են, որ առիւծները իրարմէ հեռու են, այնպէս կը պահանջուի վարակէն զերծ մնալու համար պարտադիր հեռաւորութիւնը. «Անոնք կարծես այս օրերու խորհրդանիշը ըլլան՝ բոլորիս կը յուշեն հեռու կենալ իրարմէ եւ դիմակ դնել»,- ըսած է նիւեորքցի երիտասարդ պատմաբան մը: Ան վստահ է, որ շատերը առիւծներուն նայելով կը հասկանան, թէ դիմակը պարտադիր է քորոնավարակի այս օրերուն, որուն ամենածանր հարուածներէն մէկը կրած է Նիւ Եորքը: Այսօր եւս քաղաքը կը մնայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ համաճարակի կեդրոնը, այնպէս ինչպէս է՛ր ամիսներ առաջ: Հազարաւոր մարդիկ կը լքեն Նիւ Եորքի իրենց բնակարանները եւ ԱՄՆ-ի մէջ աւելի ապահով վայրեր կը փնտռեն՝ ժամանակաւորապէս զերծ մնալու վարակի տարածումէն: Սակայն ԱՄՆ-ի տարածքին վարակը սրընթաց կերպով կ՚ընդարձակի եւ Նիւ Եորքի նահանգապետը մտավախութիւն յայտնած է, որ այդ մէկը կրնայ կրկին հարուածի տակ դնել Նիւ Եորքը:

Հակառակ Նիւ Եորքի կրած հարուածներուն, նահանգի եւ քաղաքի իշխանութիւնները բոլոր ճիգերը գործադրած եւ կրցած են չանդամալուծել քաղաքին կեանքը: Սահմանափակումները վստահաբար ազդած են բոլոր ոլորտներուն, բայց Նիւ Եորքը՝ ԱՄՆ-ի ամենախիտ բնակեցուած քաղաքը, տակաւին 24 ժամ կը փայլի լոյսերու մէջ: Նաեւ ԱՄՆ-ի ամենաբազմազգ քաղաքը ըլլալով, Նիւ Եորքը համաճարակի բոլոր օրերուն կրցաւ պահել իր բազմագոյն դիմագիծը:

Ան նաեւ աշխարհի ճարտարուեստի մայրաքաղաքն է. գերզարգացած համացանցը, նոր հեռահաղորդակցութեան միջոցները, ծրագրային ապահովման մշակումի բազմաթիւ կեդրոնները, խաղային ձեւաւորումի գրասենեակները եւ բարձր արհեստագիտութեան միւս միջոցներով յագեցած մեծ ընկերութիւններ ոչ մէկ վայրկեան կը ձգեն, որ քաղաքին մէջ կեանքը անկում ապրի: Թուային նոր միջոցներէն լիուլի կ՚օգտուին համալսարանները, գրադարանները:

Աշխարհի հինգ մեծ գրադարաններուն մէջ պատուաւոր տեղ ունեցող Նիւ Եորքի հանրային գրադարանը իր երեքուկէս միլիոն ընթերցողներուն եւ միլիոնաւոր հետեւորդներուն հետ կապը համաճարակի օրերուն կրցած է պահել հեռակայ կարգով եւ հազարաւոր առցանց ծրագրեր իրականացուցած եւ անոնց տրամադրած բոլոր այն գիրքերն ու նիւթերը, որոնք ընթերցողները պահանջած են համացանցի միջոցով: Բազմաթիւներու զարմանք պատճառած է, որ գրադարանը կրցած է ամենաարագ կերպով իրականացնել համացանցային գերժամանակակից սպասարկում՝ առանց կաղալու համաճարակի պարտադրած սահմանափակումներուն առջեւ: Բայց այդ մէկը այնքան ալ զարմանալի չէ, երբ տեղեակ ես, որ Նիւ Եորքի գրադարանը այսօր աշխարհի ո՛չ միայն ամենամեծ, այլ նաեւ ամենանորարար գրադարաններուն հնգեակին մէջն է: Այստեղ, անցնող տարիներուն, օրական միլիոնաւոր գիրքեր, թերթեր, ամսագրեր, փաստաթուղթեր, երաժշտական եւ այլ ձայնային նիւթեր թուայնացուած եւ ժամանակակից կրիչներու միջոցաւ հասանելի դարձած են բոլորին: Գրադարանի այցետոմս ունեցող ընթերցողները, ամերիկացի գիտնականները, ուսանողները, ԱՄՆ-ի մէջ աշխատող օտար հետազօտողները զանոնք առաջնային ստանալու իրաւունքը ունին եւ համավարակի օրերուն կրցած են աշխատիլ, չկտրուիլ գիտութենէն, յառաջընթացէն, այն արդի ծրագրերուն շնորհիւ, որ գրադարանը որդեգրած է թուային սարքաւորումներու մեր դարաշրջանին:

Մեծ տարիքով դասախօսներուն, գիտնականներուն եւ վարակի համար աւելի վտանգաւոր խումբերուն մէջ գտնուող ընթերցողներուն համար գրադարանը համավարակի առաջին իսկ օրէն գիրքերը տուն առաքելու ծառայութիւն ունի. կան նաեւ գիրքերը արհեստական բանականութեան սարքերու միջոցով ստացողներ, որոնց համար կ՚աշխատին անօդաչու թռչող սարքեր եւ մարդամեքենաներ (պուքպոթներ): Այս մէկը հնարաւորութիւն տուած է բազմաթիւ մարդոց, համավարակի ամենաթէժ օրերուն, խուսափիլ տունէն դուրս գալու եւ իրենց առողջութիւնը վտանգի ենթարկելու: Թռչող սարքերը եւ պուքպոթները մուտք գործած են գրադարան, գտած են պահանջուած գիրքը եւ համապատասխան հասցէով առաքած են զայն:

Գրադարանը նաեւ թղթային նիւթերը հակաժահրային մշակումներու ենթարկելու համակարգեր ունի եւ այդ համակարգերը գործի դրուած են վարակի տարածման առաջին օրերուն եւ այժմ ալ՝ զօրացուած, երբ աշխարհի տարածքին բացուելու սկսան գրադարանները եւ գիրքերը սկսան ձեռքէ ձեռք անցնիլ:

Գիրքերը մարդոց պէս շփում ունենալէ ետք, մեկուսացումի շրջանէ մը կ՚անցնին, ապա կրկին կը դրուին շրջանառութեան մէջ: Մինչ համավարակը, գրադարանի գիրքերէն 250 հազարը կը գտնուէին ընթերցողներուն ձեռքը: Բոլորը հերթաբար պիտի անցնին քննութեան փուլերէ: Երեք օր մեկուսացման վայր փոխադրուելէ ետք, գիրքերը աստիճանաբար իրենց բնականոն կեանքի հունը կը մտնեն:

Յայտնի է, որ քորոնաժահրը մարդու մարմինէն դուրս կենսունակ է նաեւ որոշ մակերեսներու վրայ. թուղթի վրայ օրինակ, ըստ մասնագէտներու, ժահրը կը բնակի 1-3 օր, սակայն, ըստ Քոնկրէսի գրադարանի մշակած ուղեցոյցին, հեղուկ ախտահանիչները, ալքոլի հիմքով նիւթերը պէտք է հեռու մնան գիրքերէն, որովհետեւ անոնք թուղթը վնասելու յատկութիւն ունին: Տակաւին չէ գտնուած թուղթը ախտահանելու լաւագոյն միջոցը, ուստի մեկուսացումը առայժմ լաւագոյն միջոցն է: Գիտական որոշ գրադարաններ նոր ենթաբաժիններ բանալու փորձեր կը կատարեն, Քովիտ-19-ի մասին նիւթեր կը հաւաքեն եւ գիտնականներուն կը պատուիրեն գտնել նոր ախտահանիչ միջոցներ՝ գիրքն ու թերթը նուազագոյն կերպով անվնաս ախտահանելու համար:

Գրադարանները այս մտահոգութեամբ պիտի սկսին նոր աշխատանքային օրերու: Նիւ Եորքի գրադարանի ղեկավար-անձնակազմը վերադարձած է աշխատանքի, բայց ընթերցողներու մեծ հոսքեր առայժմ նախատեսուած չեն: Գրադարանը իր հաւատարիմ եւ նոր ընթերցողները կ՚ընդունի դանդաղ եւ փոքր խումբերով եւ կը պարտադրէ անոնց պահպանել հակահամաճարակային կանոնները, մուտքին ալ սարքերը արագ ջերմաչափում կը կատարեն: Ընթերցասրահներուն մէջ աթոռները իրարմէ բաւական հեռու դրուած են, կազմուած են նոր ու բացօթեայ ընթերցասրահներ, որ մշտապէս, անվտանգութեան աշխատողներու կողմէ կը հսկուին: Կարելի եղածին չափ նուազեցուցած են դէմ առ դէմ հաղորդակցութիւնները եւ կապը փորձած են ապահովել սարքերու միջոցով: Գործի դրուած են ձայնային որոնիչներ, առցանց օգնականներ, որոնք առերեսումներուն փոխարէն կ՚աշխատին եւ կը գոհացնեն այցելուները: Նուազագոյնի հասցուցած են սարքերուն, պաստառներուն, համակարգիչներուն հպումները, բանուկ դարձած են հեռուէն կարդացուող գաղտնագրեր, որոնց միջոցով կը բացուին գրադարանին սարքերը, պահոցները:

Նիւ Եորքի հանրային գրադարանը, իբրեւ բարձր արհեստագիտութեան կեդրոն, արհեստագիտութեան նորարարութիւնները ի սպաս կը դնէ համաճարակի դէմ պայքարի գործին մէջ:

Բացի ընթերցողներէն եւ հետազօտողներէն, հոս կ՚այցելեն նաեւ զբօսաշրջիկներ: Գրադարանը, իբրեւ զբօսաշրջային վայր, ընդգրկուած է Նիւ Եորքի տեսարժան վայրերուն մէջ եւ մինչեւ համավարակը կ՚ընդունէր օրական տասնեակ խումբեր, որոնք կը շրջէին պատմական շէնքի մասնաշէնքերուն մէջ, կը ծանօթանային ամերիկեան պատմութեան այս կարեւոր հատուածին: Բազմաթիւներ հոս կը հասնին տեսնելու այն զարմանալի հաւաքածոները, որոնք գրադարանը 125 տարուան ընթացքին ամբարած եւ օրէ օր հարստացուցած է: Հիացմունքի ուրիշ առարկայ մըն է գրադարանի կառոյցին ճարտարապետութիւնը, հոս հնագոյնը համադրուած է նորագոյնին հետ եւ շէնքերուն ամէն մէկ անկիւնը, ամէն մէկ քարը խստօրէն կը պահպանուի իբրեւ ազգային արժէք: Գրադարանին ներսը տեղի ունեցող համերգները, ձեռնարկները երբեք այցելուներու պակաս չեն ունեցած: Համերգներէն որոշ ժամանակ պիտի խուսափին, քանի որ հակահամաճարակային կանոններուն մէջ երգելը նոյնպէս արգիլուած է, ցուցահանդէսներ կարելի կ՚ըլլայ կազմակերպել, բայց նորէն հեռաւորութիւն պահելով այցելուներուն միջեւ:

Գրադարանը քանի մը մասնաճիւղ ունի Նիւ Եորքի զանազան վայրերուն մէջ: Աշխատանքի լծուած են նաեւ մասնաճիւղերը, որպէսզի կարողանան մասամբ ցրել սպասարկումը գլխաւոր մասնաշէնքէն:

Դիմակ դրած առիւծներուն ետին կայ գրադարանի մեծ ցուցապաստառը, որ կը յուշէ, թէ գրադարանը այս տարի 125 տարեկան կը դառնայ: Յոբելեանը չի նշուիր հասկնալի պատճառներով, բայց համացանցի միջոցաւ գրադարանի անցած ուղին հանրահռչակելու քայլեր կը կատարուին: Յոբելեանին նուիրուաւծ լուսանկարներուն մէջ անպակաս է դիմակներով առիւծներուն նկարը, իսկ առանց դիմակներու առիւծներուն նկարը վաղուց դարձած է կարեւոր գիտական այս կեդրոնին՝ Նիւ Եորքի հանրային գրադարանին խորհրդանիշը: Նկարը տպուած է գրադարանի բաժանորդներուն, այցելուներուն քարտերուն վրայ. առիւծներուն պատկերով բազմաթիւ բացիկներ, գրքոյկներ լոյս տեսած են, գրադարանին մասին ոչինչ լոյս կը տեսնէ՝ առանց առիւծի պատկերի:

Այս հպարտ կենդանիները գանձեր պահող խորհրդանիշ են: Շատեր, անոնց նայելով, ակամայ կը հասկնան, որ շէնքին ներսը գանձարան կայ:

Գրադարանին մէջ այսօր կը պահուի 531 միլիոն միաւոր նիւթ, որմէ 20 միլիոնը գիրք է: Գրադարանին մէջ են սեպագրեր, տպագրութեան առաջին նմոյշներէն օրինակներ, հնատիպ Աստուածաշունչեր, յայտնի գրողներու անտիպ վէպեր, նշանաւոր մարդոց ձեռագրեր, հազուագիւտ քարտէսներ, աստղ-երաժիշտներու առաջին ձայնագրութիւններէն օրինակներ, բնօրինակ բազմաթիւ նիւթեր, տեսաժապաւէններ եւ գիտական անթիւ նիւթեր:

Գրադարանին պատերը զարդարուած են արուեստի գլուխ-գործոցներով:

Իր հարստութեամբ Նիւ Եորքի հանրային գրադարանը կը զիջի միայն Քոնկրէսի գրադարանին եւ Բրիտանական գրադարանին, սակայն այս երեք գրադարանները, նոյն գիրքերն ու նիւթերը ունենալով, ունին բացառիկ անկրկնելի գանձեր, ինչ որ իւրայատուկ կը դարձնէ իրենցմէ իւրաքանչիւրը:

Համաճարակը հնարաւորութիւն տուաւ գիտնականներուն, ուսանողներուն, քաղաքական գործիչներուն անգամ մը եւս մտածելու գրադարաններու դերին մասին՝ որպէս գիտութեան եւ մշակոյթի անփոխարինելի կառավարողներ: Անոնք պատմութեան պահապաններն են եւ դարձեալ համոզեցին աշխարհը, որ գիտելիքի եւ ստեղծագործական գործունէութեան համար ապագայ կայ, որ վստահուած է գրադարաններու անխոնջ խնամքին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020