ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Գիտնականները պարզած են Լէոնարտօ տա Վինչիի՝ 500 տարի առաջ առաջադրած հարցումներու պատասխանները։ Անոնք յաջողած են գտնել Վերածնունդի դարաշրջանի մեծագոյն հանճար Լէոնարտօ տա Վինչիի առաջադրած հարցումներու պատասխանները՝ սրտի աշխատանքի առանձնայատկութեան մասին:
Հետազօտողներու խումբը շարք մը եւրոպական կաճառներէ ուսումնասիրած են սրտի ներքին մակերեսը պատող մկանային հիւսուածքներու բարդ ցանցի կառուցուածքը:
Պատմութեան մէջ առաջին անձն է Լէոնարտօ տա Վինչին, որ նկարներուն մէջ պատկերած էր այդ հիւսուածքները եւ անոնց փաթիլանման տեսքը: Անոր ենթադրմամբ՝ «այդ հիւսուածքները կ՚աշխատին արիւնը տաքցնելու համար»:
Ուսումնասիրութիւններու ընթացքին գիտնականները արհեստական բանականութիւն կիրառած՝ են վերլուծելու համար սրտի 25 հազար պատկերներ, որոնք ստացուած էին MRI-ի հետազօտութեան արդիւնքին:
Փորձագէտները պարզած են, որ սրտի փորոքներու կոշտ մակերեսը պատճառ կ՚ըլլայ, որ որեւէ սրտանօթային խցանումի ժամանակ արիւնը «առաւել արդիւնաւէտօրէն» հոսի:
Մասնագէտները աւելցուցած են, որ սրտի այդ մկանային հիւսուածքներու վնասումը կրնայ սրտի հիւանդութիւններ յառաջ բերել: