ԵՐԵՒԱՆԻ ՌԱՅՆԻՍԻ ՓՈՂՈՑԻՆ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ ՊԱՏԱՀԵՑԱՒ

Երեւանի Ռայնիսի փողոցի թիւ 3 հասցէին մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ սարսափելի պայթում մը, որու հետեւանքով շէնքը գրեթէ քանդուեցաւ։ Զէյթունի վարչական շրջանէն ներս պատահեցաւ դէպքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կազի արտահոսքը պատճառ դարձաւ այս պայթումին։ Հրշէջ գունդը եւ շտապօգնութեան մեքենաները անմիջապէս հասան դէպքի վայր։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, պայթումէն վերջ, երբ պատկան մարմինները անհրաժեշտ աշխատանքները կը կատարէին, դէպքի վայր այցելեց նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որու հետ էր նաեւ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020