ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (42)

«Մի՛ անգամ էլ ես իրան հանդիպել, ոտդ Երեւանից կտրում ենք»։

Եկեր էր սպառնալիքը եւ խփեր Նորայի սրտին. ու ծակեր էր զայն երկու անգամ։ Նախ, Զանայէն զրկուելու իրական վախն էր, իր ահաւորութեամբն ամբողջ։ Յետոյ այն, որ այդ տգեղագոյն խօսքերու ետին ոչ միայն եղբայրն էր իր, գոնէ մինչեւ այդ պահը սիրելի, այլ նաեւ հայրը, նոյնիսկ մայրը՝ առնուազն լուռ համաձայնութեամբ։

Ռուբոն ներս անցեր էր արդէն, եւ ինք մնացեր էր միս-մինակ իր շատ սիրած բակին մէջ։ Սրունքները դողացին. գնաց, նստաւ կտրուած բունին։ Հոն, ուր կը նստէր երբ նեղուած ըլլար դեռ մանկութեան օրերուն, յաճախ՝ Ռուբոյի հետ երեխայական կռիւներէ ետք։ Սառած, կանգ առած էր կարծես ամէն ինչ իր շուրջ ու մտքին մէջ։ Չէր գիտեր ինչպէ՞ս ընկալեր եղածը. ինչքա՞ն լուրջ, ինչքա՞ն իրական էր այն ինչ ընթացք կը ստանար։ Ընտրութիւն կատարելու հասունացող պահը անխուսափելի...

Հանեց հեռախօսը գրպանէն, սեղմեց կոճակը։ Զանայի նկարը յայտնուեցաւ պաստառին. վիրաւոր սիրտը այնտեղ ահա չդիմացաւ, անզօր էր։ Կնճիռներ գծուեցան գեղեցիկ ճակատին, ճղուեցաւ բերանը երկու կողմէն, եւ սկսաւ ժայթքիլ լաց մը ցաւագին դուրս կոկորդէն։ Զուսպ, անձայն, բայց ահաւոր լաց մը. խորերէն եկող, ինքն իր մէջ պատռող կարծես, ոչնչի վերածուիլ չյաջողող արտասուք մը։ Երբ արցունքները զգաց այտերուն ու կզակին, տեսակ մը խղճաց ինքն իրեն. եւ աւելի քան երբեք Զանան փնտռեց։

Մատները գացին ստեղնաշարին։

-«Նորա՞... ի՞նչ է եղել», եկաւ ձայնը Զանային. այնքան քնքուշ, այնքան սիրով, այնքան իրական…

-«Մերոնք քո մասին են իմացել, Զանա՛», կարճ-կտրուկ զեկուցեց Նորան։

-«Ո՞նց, ո՞վ է ասել»

-«Չեմ կարող խօսալ, կ՚իմանան, ուզում էի ձայնդ լսել ուղղակի...»

Անջատեց կապը, երբ դուռը բացուեր էր ետեւէն։ Մայրն էր այս անգամ։ Լուացքի պարապ տաշտը ձեռքին դուրս էր ելեր։ Քալեց դէպի կախման թելերը, առանց նայելու Նորային։ Եղած երկու լաթը հաւաքեց, ծալեց դրաւ տաշտին մէջ։ Դարձաւ, աչքին տակէն Նորային նայելով ուղղուեցաւ ներս։ Պարզ էր, որ լուացքի համար չէր դուրս եկած։ Զգաց Նորան, որ անհանգստութիւն մը, կարծես խղճի խայթ մը պատեր էր հոգին մօր։ Այդքանն էր սակայն. մայրն անցաւ ներս, պահելով լռութիւնն իր, այդ ամէն ինչը հաստատող, նոյնիսկ ձեւով մը ընթացք տուող։

Բարկացնող էր անշուշտ վերաբերմունքն այդ, բայց նեղուելու տեղ այլեւս չունէր Նորան։ Զանայի ձայնը, թէկուզ վեց-եօթ բառի մէջ, եկեր էր ամէն ինչ իր տեղը բերելու։ Հարցը չէր լուծուած, բացարձակապէս։ Դժուարագոյն օրեր կը սպասէին իրեն, գիտէր, որովհետեւ լուրջ եւ հաստատակամ էին այստեղ։ Բայց սիրտն այնտեղ էր, հոգին այնտեղ էր… Եւ գիտէր, հասկցեր էր դարձեալ, որ ոչինչ, ոչինչ զինք ետ չէր կրնար պահել այդ տղայէն։

Նայեցաւ հեռախօսին. հոն էր իր սեւ, ճակտին վրայ իջնող խիտ մազերով, անոնց տակէն ուղիղ իրեն նայող բարի, կարծես միշտ երկնքին յառած աչքերով։

-«Զանաս...»

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020