ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով Թո­քիո­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած է Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի շա­բաթ մը, ո­րու բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Տայ­քա­նեա­մա Հիլ­սայթ Թե­րաս» սրա­հին մէջ։ Թո­քիո­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպո­ւած է այս ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քը, ո­րու բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ դես­պան Հրանդ Պօ­ղո­սեան։ Հիւ­րե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լով Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի շաբ­թուան շրջագծով նա­խա­տե­սուած ձեռ­նարկ­նե­րուն ծրա­գի­րը՝ Հրանդ Պօ­ղո­սեան նշեց, որ Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի շաբթո­ւան նպա­տակն է Ճա­բո­նի հա­սա­րա­կու­թեան ա­ռա­ւել ճա­նա­չե­լի դարձ­նել Հա­յաս­տա­նը՝ մա­նա­ւանդ իր ա­րուես­տով ու պատ­մու­թեամբ։ Ան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց, որ Թո­քիո­յի մէջ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը կը ներ­կա­յա­ցուի ոչ միայն հայ, այլ նաեւ ճա­բոն ա­րո­ւեստա­գէտ­նե­րու աչ­քով։ Այս ե­րե­ւոյ­թը դես­պա­նին կող­մէ մեկ­նա­բա­նուե­ցաւ որ­պէս վկա­յու­թիւն՝ հայ-ճա­բո­նա­կան մշա­կու­թա­յին մեր­ձեց­ման։

Թո­քիո­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի շաբ­թուան ըն­թաց­քին կը ցու­ցադ­րուին հայ­կա­կան ու ճա­բո­նա­կան ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուեստ­նե­րու աշ­խա­տանք­ներ։ Ա­ռան­ձին ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ հայ­կա­կան քրիս­տո­նէա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ լու­սան­կար­նե­րու շար­քը, որ կը ցո­լաց­նէ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը՝ Թո­քիո­յի Փոր­ձա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Սա­սա­նո­յի եւ «Վե­սե­տա» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Մո­րիի աչ­քով։

Ա­ռան­ձին սրա­հի մը մէջ կը ներ­կա­յա­ցուին «Քիո­թո­յի Սէյ­քա» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Փրոֆ. Նա­կուօ­քա­յի աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ան ար­դէն քա­նի մը տա­րիէ ի վեր Հա­յաս­տա­նի մէջ ճա­բո­նա­կան «Թա­քու-հոն» մե­թո­տով կը պատ­ճէ­նագ­րէ հայ­կա­կան խաչ­քա­րե­րը։ Իր աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քը Թո­քիո­յի ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին մէջ կը դա­սուի ա­ռա­ւել հե­տաքրք­րա­կան­նե­րու շար­քին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015