ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ երկ­րի հա­յու­թեան մատ­նուած ող­բեր­գա­կան վի­ճա­կը հայաշ­խար­հէ ներս կը շա­րու­նա­կէ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ մնալ բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։ Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս ե­րես­փո­խան Մհեր Շահ­կել­տեան բարձ­րա­ձայ­նեց հա­լէ­պա­հա­յոց խնդիր­նե­րուն մա­սին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, պատ­գա­մա­ւո­րը խորհր­դա­րա­նի ամ­պիո­նէն յայտ­նեց, թէ Հա­լէ­պի մէջ օ­րէ օր կը վատ­թա­րա­նայ կա­ցու­թիւ­նը, ինչ որ լրջա­գոյն սպառ­նա­լիք մը կը ստեղ­ծէ քա­ղա­քի ամ­բողջ բնակ­չու­թեան եւ յատ­կա­պէս հա­լէ­պա­հա­յու­թեան հա­մար։

Մհեր Շահ­կել­տեա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցած տուեալ­նե­րով, ներ­կա­յիս Հա­լէ­պի մէջ մնա­ցած է շուրջ 20 հա­զար հայ. մէկ քա­ռոր­դը ե­րա­խա­ներ։ Ան ա­ռա­ջար­կեց հա­լէ­պա­հա­յու­թեան խնդիր­նե­րը դարձ­նել հա­մազ­գա­յին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն եւ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել չէ­զո­քաց­նե­լու հա­մար այն վտանգ­նե­րը, ո­րոնք կը սպառ­նան ա­նոնց կեան­քին։ «Որ­քան որ ալ սա մեր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ չէ, հա­մո­զուած եմ, որ մենք պէտք է աշ­խու­ժաց­նենք դի­ւա­նա­գի­տա­կան ջան­քե­րը եւ հա­մո­զենք աշ­խար­հի ու­ժա­յին կեդ­րոն­ներն ու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք ա­ւե­լի քիչ խօ­սին եւ ա­ւե­լի շատ գոր­ծեն։ Մենք պէտք չէ մոռ­նանք, որ հար­ցը կ՚ա­ռըն­չուի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ուս­տի, պէտք է մեր ջան­քե­րը աշ­խու­ժաց­նենք՝ գոր­ծըն­թա­ցին ներգ­րա­ւե­լով Սփիւռ­քի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խը», նշեց Մհեր Շահ­կել­տեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015