ՉՈՐՍ ՀՈՎԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Մարդկութիւնը միշտ հետաքրքրուած է բնութեան զանազան երեւոյթներով, տպաւորուած եւ ուզած է լուծել անոնց խորհուրդները։ Այդ երեւոյթներէն է նաեւ հովը։ Հին ժամանակներէ ի վեր մարդկութիւնը իմաստներ փնտռած է հովերու մէջ եւ ուզած է լուծել հովերու «խորհուրդ»ը։ Հովերը տպաւորած են մարդկային միտքը։
Երկրագործութիւնը, նաւարկութիւնը եւ ընդհանրապէս մաքրութիւնը միշտ հովերուն մեծ պահանջքը զգացած են՝ մթնոլորտը մաքրելու, ապականած եւ ճնշիչ օդէն, ամպերը տեղաշարժ ընելու եւ միլիոնաւոր սերմեր տարածելու դաշտերու վրայ։ Մարդ միշտ օգտուած է բնութեան երեւոյթներէն եւ օգտագործած է հովերը։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ դէպքերու վկայութիւններ ցոյց տուած են մարդուն, նոյնիսկ «արուեստական» եւ «պատահական» հովերէ կախեալ ըլլալու իրողութիւնը։ Արդարեւ, Աստուած ստեղծած է զանոնք. (ԱՄՈՎ. Դ 13) Իր նպատակը գործադրելու համար։ Ուստի Ան գերագոյն իշխանութիւն ունի հովերուն վրայ։ «Հովը իր ձեռքերուն մէջ ո՞վ ժողվեց» (ԱՌԱԿ. Լ 4)։ Ինչպէս Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Եւ հովը կը հանէ իր շտեմարաններէն» (ՍԱՂՄ. ՃԼԵ 7)։
Եւ դարձեալ. «Անոր խօսքը կատարող մրրկալից հով» (ՍԱՂՄ. ՃԽԸ 8), Աստուծոյ, տիեզերքի եւ բնութեան բոլոր ուժերուն վրայ Իր ունեցած բացարձակ տիրապետութիւնը եւ Վեհապետութիւնը կը հաստատէ։ Եւ Աստուծոյ խօսքին մէջ յիշուած են «չորս հովեր». (ԶԱՔ. Բ 6), (ԵԶԵԿ. ԼԷ 9), (ՄԱՏԹ. ԻԴ 31), (ՅԱՅՏ. Է 1)։ «Աստուծոյ հովերը» բացայայտ կերպով կը տեսնուին այս համարներուն մէջ։
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՀՈՎԸ. Աստուծոյ փորձող հովն է։ «Հիւսիսային հով»ը գործածուած է որդիները կամ ժողովուրդը փորձած պարագաներուն մէջ։
Յոբ կ՚ըսէ. «Հիւսիսէն ցուրտ կու գայ»։ Իսկ Առակախօսը սապէս կ՚ըսէ. «Հիւսիսային հովը անձրեւը կը ցրուէ» (ԱՌԱԿ. ԻԵ 23)։ Հարսը կը կանչէ հարաւի եւ հիւսիսի հովերը, որ պարտէզին մէջ փչէ, որպէսզի «անոր խունկերը բուրեն եւ սիրականը գալով ախորժելի պտուղներ ուտէ» (ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ Դ 12-16)։ Ուստի առանց այդ հովին, կարելի չէ այս հաճոյքը վայելել։
Անհատապէս եւ հաւաքաբար մեր հոգեւոր կեանքին համար պէտք ունինք հիւսիսի այդ ցուրտ հովին, որպէսզի մեղմէ՝ Քրիստոսի համար անուշ հոտ բուրէ։ Տագնապ, հիւանդութիւն, նեղութիւն, ցաւ, վիշտ եւ յուսահատութիւն, յուսալքում կամ տառապանք եւ ասոնց նման բաներ հոգեւոր իմաստով «հիւսիսային հովեր» են, որոնք մեր հոգիներուն եւ անձերուն մէջ գոյութիւն ունեցող Աստուծոյ անհաճոյ եղած բաները սրբագրելու եւ մեր մէջ Քրիստոսի նկարագիրը կերտելու եւ հաստատելու կը սատարեն։
Իւրաքանչիւր հաւատացեալ, որ կեանքի այս տխուր եւ դժուար պարագաներէն կ՚անցնի, իր սրտին արտայայտութիւնը պէտք է որ ա՛յս ըլլայ։ «Արթնցի՛ր, ո՛վ հիւսիս, իմ պարտէզիս մէջ փչէ…»։ Այս փորձառութիւններուն մէջ Քրիստոս պէտք է, որ փառաւորուի մեր միջոցաւ։ Հոգեւոր ներդաշնակեալ եւ հաւասարակշռեալ կեանք մը ապրելու համար, Աստուծոյ այս «փորձող հով»ը պէտք է որ փչէ։
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՀՈՎԸ. Աստուծոյ բարութեան հովն է։
Երկու հովերն ալ անհրաժե՛շտ են. թէ՛ հիւսիսինը եւ թէ հարաւինը։ Մէկէն պաղ, ցուրտ, միւսէն տաք հով կը փչէ։ «Երկիրը հարաւային հովով հանգստացուցած ժամանակը… քու հանդերձներդ կը տաքնան» (ՅՈԲ. ԼԷ 17)։ Յիսուս կը յիշէ այս իրողութիւնը. «Երբ հարաւային հովը կը փչէ, կ՚ըսէք թէ տաք պիտի ըլլայ եւ այնպէս կ՚ըլլայ» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 55)։ Սաղմոսերգուն ալ սապէս կ՚անդրադառնայ, «Իր զօրութիւնով հարաւային հովը բերաւ» (ՍԱՂՄ. ՀԸ 26), եւ բարիքները տեղացուց։ Այո՛, Աստուած բարութեան այս հովն ալ յաճախ կը փչէ մեր պարտէզներուն վրայ։ Անիկա մեր հոգեւոր կեանքը բարգաւաճեցնող, շինութեան, վերանորոգուած եւ օրհնութիւններով լի շրջան մըն է։
Ան, Աստուծոյ բարութիւնը արտայայտող, մեր ցաւերուն բալասան եղող մեղմ հովիկ մըն է, որ մեզ հոգեւորապէս կ՚աճեցնէ։
Սակայն ինքնախաբէութիւն է կարծել, թէ այսպէսով իրագործուած է կեանքին նպատակը։ Այդպէս կարծելով նստակեաց, հանգիստ կեանք մը վարել սխա՛լ է, երբ հարաւային հովը կը փչէ։ Նոյն ենթադրեալ սխալը գործեցին նաւապետը եւ նաւավարը. «Ու երբ հարաւային մեղմ հովը փչեց, կարծելով որ իրենց դիտաւորութեան հասեր են, ճամբայ ելան» խարիսխը վերցնելով. (ԳՈՐԾՔ. ԻԷ 13)։
Արդարեւ, պէտք էր զգոյշ ըլլալ, քանի որ շատ չանցած, երբ Եւրակիլոն կոչուած մրրկալից հովին հանդիպեցան, զարմացան, շուարեցան։ Իրենց նաւը ընկղմելու վտանգին մէջ էր։ Եւ մենք, այսօր իբրեւ «հաւատացեալ»ներ երբ կը վայելենք հարաւային հովին բերած բարիքները, պէտք չէ կարծենք, թէ ուշադիր ըլլալու պէտք չկայ եւ թէ փոթորիկներ չկան այլեւս մեր կեանքի ճամբուն վրայ։
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀՈՎԸ. Աստուծոյ դատաստաններուն հովն է։ Սուրբ Գիրքի մէջ, արեւելեան հովը միշտ վտանգ կամ կործանում եւ վհատութեան նշանակ է։
Այս կիզիչ հովը անապատէն կու գայ տաք եւ յանկարծական։ Աւազով եւ փոշիով բեռնաւորուած, որ բանջարեղէնները կը մերկացնէ, բոյսերը կը թառամեցնէ եւ կը չորցնէ, եւ ցերեկը եւ գիշերը ցորենը կը հարուածէ։ Չորս դին աւերի եւ քաոսի կը վերածուի։
Այս հովը՝ Յոբին պատճառեց որ ընտանքիը կործանուի. (ՅՈԲ. Ա 19)։ «Հովը անոր վրայէն կ՚անցնի եւ ան կ՚ոչնչանայ եւ ալ անոր տեղը չի ճանչնար զանիկա» (ՍԱՂՄ. ՃԳ 16)։ Եգիպտացիներ, Աստուծոյ դատաստանը ճանչցան այս հովին միջոցաւ՝ որ ութը հարուածներ բերաւ իրենց վրայ։
Նոյն հովը, Կարմիր ծովու ջուրերը անոնց վրայ թափելով խեղդամահ ըրաւ եգիպտացիները։
Աստուած այս հովը Յովնանին անհնազանդութեան պարագային բերաւ. (ՅՈՎՆԱՆ Ա 4), նաեւ՝ ծովուն վրայ. (ՅՈՎՆԱՆ Դ 8)։ «Խորշակաբեր արեւելեան հովի հրամայեց…»։
Նաւազները ընդհանրապէս կը սոսկան այս հովէն։ Արեւելեան հովով Թարսիսի նաւերը խորտակուեցան. (ԵԶԵԿ. ԻԷ 26), (ՍԱՂՄ. ԽԸ 7), (ԳՈՐԾՔ. ԻԷ 14)։ Աստուած այս հովը կը գործածէ իր բոլոր զգուշացնող միջոցները գործածելէ յետոյ։
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀՈՎԸ. Աստուծոյ ողորմութեան հովն է։ Պաղեստինի ամենէն սովորական հովը՝ ա՛յս հովն է։ Արեւմտեան հովը Միջերկրական ծովէն կու գայ եւ իր հետ խոնաւութիւն բերելով ամպեր կը կազմէ եւ լեռներուն վրայէն անցնելով մթնոլորտը կը զովացնէ։
Երբ ջերմաստիճանը զով է, ամպերը թանձրանալով անձրեւ կը թափեն։ Եղիա աղօթելէն յետոյ ծառային ըսաւ. «Ծովուն կողմը նայէ եւ երկինք անձրեւ տուաւ» (Գ ԹԱԳ. ԺԸ 45), (ՅԱԿ. Ե 18)։ Եւ դարձեալ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Երբ տեսնէք որ ամպը արեւմուտքէն կու գայ, անմիջապէս կ՚ըսէք.- Անձրեւ պիտի գայ, եւ այդպէս ալ կ՚ըլլայ» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 54)։ Աստուծոյ ողորմութիւնը ի յայտ եկաւ, երբ արեւմտեան հովը ղրկեց եւ մարախի հարուածը Եգիպտոսէ վերացաւ։
Վերջապէս, հովերը ո՛չ միայն Աստուծոյ՝ Հայր Աստուծոյ հսկողութեան տակ են եւ Անոր ձեռքերուն մէջ, այլ՝ անոնք Որդին Աստուծոյ՝ Յիսուսի հրամաններուն ենթակայ են. «Ելաւ հովերուն սաստեց, եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ» (ՄԱՏԹ. Ը 26)։ Եւ ի՜նչ մեծ երախտագիտութիւն եւ օրհնութիւն հաւատացեալներու համար գիտակցիլ թէ՝ Ան հովերուն կը հրամայէ եւ անոնք կը հնազանդին Իրեն, եւ երբեք պէտք չէ մոռնալ որ «Ինք բոլոր հովերը մեղմելու կարո՛ղ է…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 6, 2020, Իսթանպուլ