ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (48)
Նորան հասկցեր էր ամէն ինչ։ Փաստօրէն տեսեր էին զիրենք, եւ պատժեր Զանան։ Օր մ՚իսկ, գիշեր մ՚իսկ հանգիստ չէին ձգած։
Փոխեց թրջուած գուլպաները արագ, թեթեւ կօշիկներ անցուց ոտքերուն, եկաւ դուրս։ Սիրտը հազար կը զարնէր։ Վերելակին իսկ սպասել չէր կրնար, ուստի վազեց վար տաս յարկանի սանդուխներէն։ Կը ցատկէր, կը թռչէր, կ՚անցնէր զանոնք երեք-երեք, չորս-չորս, հինգ-հինգ... Հասաւ գետնայարկ, վազեց դէպի մայր մուտք, բայց դարպասը բանալէն անմիջապէս առաջ՝ յիշեց։ Հոն կրնային ըլլալ։ Ետեւի կողմէն երթալ էր պէտք։ Իջաւ շէնքի հոտած, չօգտագործուող նկուղ. միայն հոնկէ կար ելք դէպի շէնքի ետնամաս։ Հեռախօսի լոյսի միջով յառաջացաւ, առնէտանոցի մէջէն հասաւ դռան, կամացուկ մը բացաւ զայն, եւ վստահ ըլլալով, որ մարդ չկար, վազեց առաւելագոյն արագութեամբն իր դէպի յաջորդ շէնք։ Երկու-երեք շէնք կտրեց այնպէս, խորացաւ դէպի Սարեան փողոց, ու միայն Ամիրեան հասնելէն ետք համարձակեցաւ դուրս գալ, կտրել Սարեանը, եւ մտնել Կոնդ այդ աւելի հեռաւոր կողմէն։
Վազելով բարձրացաւ աստիճանները մութ, ու հասաւ բլրակի գագաթին։ Դէպի միւս կողմ իջնող զառիվարին վրայ տեղ մը պէտք էր ըլլար Զանան։ Արդէն կտրուող շունչով, չափազանց յուզուած, ցից էջքն ի վար վազեց Նորան. հասաւ անկիւնի մը, դարձաւ, եւ Զանան էր ահա։ Դանդաղ, շատ հանդարտ, գլուխը կախ՝ զառիվերը կը մագլցէր։ Աննպատակ քալէր կարծես, ոչ մէկ տեղ չգացողի նման։ «Զանա՛», ու ոռնալու չափ ուժգին արտասուել սկսաւ Նորան, առաւ տղուն դէմքը ձեռքերուն մէջ, համբուրեց աչքին ու այտերուն կապտուկները անոր, խառնեց արցունքը վէրքերուն...
Քիչ անց, Զանայի սենեակին մէջ նստած էին միասին։ Ջուրը եռաց. Նորան լեցուց զայն գեղեցիկ յախճապակիէ թէյնիկին մէջ, ուրկէ երիցուկի բոյրն սկսաւ դուրս գալ։ Տաք բաժակները բռնած, նստան կողք-կողքի։ Լուացեր էր Նորան արդէն վէրքերը Զանային, սառոյց էր բերեր դրացիին մօտէն, որ բռնէր զայն աչքին Զանան։ Լուռ նստած էին, խօսելու բան չկար։ Անելանելի վիճակի մը մէջ էին իսկապէս։ Ի՞նչ ընել, ո՞ւր երթալ, ինչպէ՞ս շարունակել... պարզ էր արդէն երկուքին ալ համար, որ պիտի հանդիպէին նորէն, բայց ինչպէ՞ս։ Դրսեցի էր Զանան. ո՛չ ընկեր ունէր, ո՛չ ընտանիք։ Եւ այսօր ինքզինք օտար կը զգար այնքան, ինչքան երբեք չէր զգացած գրեթէ տարի մը առաջ Երեւան գալէն ի վեր։
Եւ զնգոց մը եկաւ կարծես քշելու անպատասխան հարցումներու ամպն այդ. Նորայի հեռախօսն էր։ Պատգամ մը կար։
-«Իրերդ հաւաքիր, վաղը առաւօտ գնում ենք Վանաձոր. 7ին քո բակում եմ լինելու»։
Նորան ընթերցեց, հեռախօսը նետեց սեղանին, գլուխը բռնեց ափերուն մէջ։ Զանան վերցուց, լուռ կարդաց, յետոյ սպասողական նայուածք մը յառեց Նորային։
Եւ յանկարծ եկաւ անսպասելին։ Նորայի գեղեցիկ աչքերը կրակ մը առին իրենց մէջ, թախծոտ բայց յուսալի նայեցան Զանային, եւ կարմիր շուրթերը շարժեցան.
-Զանա՛, գնանք Իրան, գնանք Պա՛մ...
ԵՐԱՄ
•շարունակելի