ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ - ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

ԵՐԵՔԸ՝ ԶՈՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ

Հարցում. Որո՞նք են այն երեք մարդիկը, որ հայրերու հայր՝ Աբրահամը հիւրընկալեց (Ծն 18)։ Սուրբ Երրորդութի՞ւնն են։ Աբրահամի անոնց երկրպագելը ատոր փա՞ստն է։ Եւ ինչո՞ւ երբեմն յոգնակիով կը դիմէր անոնց եւ երբեմն ալ եզակի։ Արդեօք այս բանը կը փաստէ երրորդութիւնն ու մէկութիւնը։

Պատասխան. Չենք կրնար ըսել, թէ այդ երեք անձերը Սուրբ Երրորդութիւնն էին…

Որովհետեւ, Երրորդութեան մէջ այս յստակ բաժանումը չկայ։ Որդին կ՚ըսէ. «Ես եւ Հայրս մէկ ենք» (Յհ 10.30). «Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսած եղաւ… Ես Հօրս մէջ եմ եւ եւ Հայրս Իմ մէջս է» (Յհ 14.9,10)։ Տակաւին, Հօր մասին ըսուած է, թէ՝ «ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած» (Յհ 1.18)։

Իսկ Աբրահամի երկրպագութիւնը՝ յարգանքի երկրպագութիւն էր եւ ոչ թէ պաշտամունքային երկրպագութիւն։ Աբրահամ Քետի որդիներուն երկրպագութիւն ըրաւ, երբ անոնցմէ Մաքփելայի քարայրը գնեց (Ծն 23.7)։

Աբրահամ եթէ գիտնար, թէ Աստուծոյ դիմաց էր, անոնց կարագ, մածուն, հաց ու միս չէր հրամցներ ու ըսեր. «ծառին տակ հանգստացէ՛ք։ Եւ պատառ մը հաց բերեմ ու սրտերնիդ զօրացուցէք, ետքը անցէք» (Ծն 18.4-5)։

Իսկ երեքը՝ Տէրն էր եւ երկու հրեշտակներ։

Երկու հրեշտակները հանդիպումէն ետք Սոդոմ գացին (Ծն 18.16,22։ 19.1). իսկ Աբրահամ Տիրոջ առջեւ կանգնած մնաց (Ծն 18.22) եւ բարեխօսեց Սոդոմի համար (Ծն 18.23)։

Երբ մեր հայրը՝ Աբրահամ, իր վրանի դռնէն տեսաւ այդ երեքը, վստահաբար նոյն փայլքը եւ նոյն փառաւորութիւնը չունէին, եւ անկասկած Տէրը կը տարբերէր հրեշտակներէն Իր փառքով եւ էութեամբ։ Թերեւս ալ երկու հրեշտակները Անոր ետեւէն կը քալէին։

Այս պատճառով էր, որ Աբրահամ Տիրոջ հետ յոգնակիով կը խօսէր, զԻնք այդ խումբին ներկայացուցիչ նկատելով։

Այսպէս կ՚ըսէ Անոր. «Տէ՛ր իմ, հիմա եթէ շնորհք գտայ Քու առջեւդ, կ՚աղաչեմ Քեզի, Քու ծառայիդ բնակարանէն մի՛ անցնիր. կ՚աղաչեմ ձեզի, քիչ մը ջուր բերուի ու ոտքերնիդ լուացէք ու ծառին տակ հանգստացէք» (Ծն 18.3-4). այսինքն՝ Տէ՛ր, արտօնէ այդ երկուքին, ջուր բերուի եւ ձեր ոտքերը լուացէք։

Այս պատճառով էր, որ մեր հայրը Աբրահամ երբեմն եզակիով կը խօսէր անոնց հետ եւ երբեմն ալ՝ յոգնակիով։ Ինչպէս օրինակ, երբ կը հանդիպիս սպայի մը, որու հետ երկու զինուորներ ըլլան, ու միաժամանակ սպային եւ զինուորներուն դիմելով կը խօսիս։

Ըսինք, թէ երեքը՝ Տէրն էր եւ երկու հրեշտակներ, եւ հրեշտակները Սոդոմ գացին (Ծն 19.1), եւ երրորդը Աբրահամի հետ մնաց։

Յստակ է, որ այս երրորդը՝ Տէ՛րն է։ Բազմաթիւ են փաստերը, որոնք են.-

Ան որ Աբրահամին ըսաւ. «Գալ տարի անշուշտ քեզի պիտի դառնամ եւ ահա քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ունենայ» (Ծն 18.10). Սուրբ Գիրքը նոյն համարին մէջ ամենայն յստակութեամբ կ՚ըսէ, թէ Ան Տէ՛րն է, բազմաթիւ նախադասութիւններու մէջ. օրինակ.

«Եւ Տէրը ըսաւ Աբրահամին. “Սառան ինչո՞ւ խնդաց”» (Ծն 18.13)։

«Եւ Տէրը ըսաւ. “Միթէ Աբրահամէն պիտի պահե՞մ ինչ որ պիտի ընեմ”» (Ծն 18.17)։

«Եւ Տէրը ըսաւ. “Որովհետեւ Սոդոմի եւ Գոմորի աղաղակը շատցաւ…”» (Ծն 18.20)։

«Այն մարդիկը անկէ ելան եւ դէպի Սոդոմ գացին։ Աբրահամ տակաւին Տիրոջ առջեւ կայներ էր» (Ծն 18.22)։

Տակաւին, Աբրահամի ըսածը, թէ՝ «միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞» (Ծն 18.25), առանց կասկածի ցոյց կու տայ, թէ ան Աստուծոյ հետ կը խօսէր։ Եւ խօսելու կերպը, թէ՝ «ես որ հող ու մոխիր եմ, Տիրոջը հետ խօսելու սկսայ» (Ծն 18.27)։ Նոյնպէս Տիրոջ խօսելաձեւէն, «եթէ Սոդոմի մէջ յիսուն արդար գտնեմ, անոնց համար բոլորը պիտի խնայեմ։ …Եթէ հոն երեսուն գտնուի, պիտի չընեմ։ …Տասին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ» (Ծն 18.26,30,32), յստակ է, թէ Ան Աստուածն էր, որ իշխանութիւն ունի կորսնցնելու եւ ներելու։

Իսկ միւս երկուքը որոնք Սոդոմ գացին, հրեշտակներ էին, ինչպէս գրութեան մէջ յայտնի է. (Ծն 18.16,22։ 19.1)։ Անոնց պատմութիւնը մեր հօր Ղովտի հետ ծանօթ է մեզի (Ծն 19)։

Որովհետեւ երեքը կը բաժնուին, փաստ է, թէ Սուրբ Երրորդութիւնը չէ։

Երկուքը Սոդոմ կ՚երթան, իսկ երրորդը Աբրահամի մօտ կը մնայ եւ անոր հետ կը խօսի Սառային սերունդ տալու մասին, եւ կը լսէ անոր բարեխօսութիւնը Սոդոմի համար։

Այս բաժանումը կը պատշաճի խօսելու Տիրոջ եւ երկու հրեշտկաներու մասին եւ ոչ թէ Երրորդութեան մասին։

ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ ՅԱՆՑԱՆՔՆԵՐԸ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Հարցում. Հայրերուն յանցանքները կրնա՞յ ըլլալ որ որդիներուն վրայ ըլլան, Գիրքին ըսածին համաձայն (Ելք 20.5)։ Կ՚ըսենք. Հայրերը ազոխ կերան եւ որդիներուն ատամները փճացաւ։

Պատասխան. Հայրերը ֆիզիքապէս կրնան իրենց մեղքերն ու սխալները իրենց զաւակներուն ժառանգել։

Կրնայ ըլլալ, որ հայր մը մեղանչէ եւ իր մեղանչումին որպէս հետեւանք կը հիւանդանայ, ու իր որդին իրմէ կը ժառանգէ այդ հիւանդութիւնը։ Երբեմն ալ որդիները ջղային ու մտային, արեան հիւանդութիւններով եւ թերաճութեամբ կը վարակուին, որպէս հետեւանք իրենց հայրերէն ստացած ժառանգին։

Շատ յաճախ ալ որդիներուն հիւանդութիւններն ու ցաւերը, իրենց հայրերուն ցաւի պատճառ կ՚ըլլան, մանաւանդ երբ իմանան, թէ այդ բոլորը իրենց սխալներուն արդիւնքն է։

 

Որդիները նաեւ կրնան իրենց հայրերէն ժառանգեն վատ բնաւորութիւն մը կամ փճացած բարոյականութիւն մը։

Սակայն այս մէկը պայման չէ։ Սաւուղ թագաւորը, հակառակ իր կարծրութեան, անարդարութեան եւ վատ բնաւորութեան, սակայն իր որդին՝ Յովնաթան, ճիշդ իր հակառակն էր, որ կրցաւ բարեկամանալ Դաւիթին հետ, սիրել զայն եւ հաւատարիմ ըլլալ անոր։

Որդիները նոյնիսկ եթէ իրենց հայրերէն վատ բնաւորութիւն ժառանգեն, սակայն եթէ կամենան՝ շատ դիւրութեամբ կրնան ձերբազատիլ ատկէ։

 

Որդին երբեմն իր հօր սխալներուն պատճառով պարտքեր եւ աղքատութիւն կը ժառանգէ…

Երկրի վրայ ատոնց պատճառով անպայման կը յոգնի, առանց սակայն իր յաւիտենականին վրայ ազդեցութիւն ունենալու։ Եւ ի՜նչ լաւ կը համեմատի բանաստեղծին սա խօսքը այս կապակցութեամբ.

Հայրս այս բանը ինծի ժառանգ թողեց

  Իսկ ես ոչ ոքի ժառանգ ձգեցի զայն։

Ինչ կը վերաբերի որդիներուն կրած դատաստանին իրենց հայրերուն սեփական մեղքերուն համար, Սուրբ Գիրքը կտրականապէս ժխտած է այդ մէկը, ինչպէս կը կարդանք Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ, որ կ՚ըսէ.

«Ի՞նչ իմաստ ունի այն առածը, որ դուք Իսրայէլի երկրին մէջ ըսիք."Հայրերը ազոխ կերան ու որդիներուն ակռաները առին"։ Ես կենդանի եմ կ՚ըսէ Տէր Եհովան, որ Իսրայէլի մէջ այս առածը անգամ մըն ալ պիտի չըսէք։ ...Այն անձը, որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։ Որդին հօրը անօրէնութիւնը պիտի չկրէ ու հայրը որդիին անօրէնութիւնը պիտի չկրէ։ Արդարին արդարութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ ու ամբարիշտին ամբարիշտութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ» (Եզ 18.2-3, 20)։

Սաւուղ թագաւորին ամբարիշտութիւնը, իր որդին՝ Յովնաթանը չկրեց։ Ինչպէս նաեւ Յովսիա արդար թագաւորը, իր հօր Ամոնին, մեծ հօր Մանասէին եւ միւս բոլոր մեծ հայրերուն մեղքը չկրեց։

Հին Կտակարանի օրէնքին անէծքները, Նոր Կտակարանին մէջ չկան։

Մենք, Գրիգորեան Պատարագին մէջ կ՚ըսենք. «Օրէնքին անէծքը վերցուց»։

Այս անէծքին որպէս օրինակ կու տանք, Քանանը, որ իր հօր՝ Քամին անէծքը կրեց (Ծն 9.22,25)։ Քանանի որդիները այս անէծքը կրեցին մինչեւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրերը, եւ ո՛չ թէ միայն մինչեւ չորրորդ սերունդը։

Իսկ հիմա, դուն «շնորհքի եւ ճշմարտութեան» (Յհ 1.17) ուխտին մէջն ես։ Մի՛ վախնար օրէնքի անէծքէն, զոր որդիները իրենց մեծ հայրերէն ժառանգեցին… Հանգստացի՛ր…

Շատ յաճախ կ՚ըլլայ որ հայրը չար ըլլայ, իսկ որդին արդար, որ կը մերժէ իր հօր ճանապարհով ընթանալ, մինչեւ իսկ կը հակառակի անոր, անսալով Տիրոջ խօսքին, որ կ՚ըսէ. «Ով որ իր հայրն ու մայրը աւելի կը սիրէ քան զիս՝ արժանի չէ Ինծի» (Մտ 10.37)։

Անկարելի է անշուշտ, որ Աստուած չար հօր յանցանքները բեռցնէ անոր արդար որդիին վրայ, որ վարձատրութեան արժանի է…

ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020