ՀԱՆԴԵՐՁԵԱԼ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾԸ

Լուսապայծառ ու արեւոտ օր մը, թէյի սեղանի շուրջ պարտէզի մէջ նստած, հաճելի զրոյցի բռնուած էինք: Կը խօսէինք զանազան նիւթերու շուրջ, արուեստէն մինչեւ գիտութիւն ու քաղաքականութիւն:

Չեմ գիտեր, թէ ինչպէս սահուն կերպով խօսք բացուեցաւ հաւատքի, մասնաւորապէս հանդերձեալ կեանքի գոյութեան մասին, որու շուրջ հնչեցին տարակարծութիւններ: Շատեր տարակուսանքով կը վերաբերէին անոր գոյութեան մասին: Եւ ինչպէս միշտ, տարակուսողներէն հնչեց յայտնի պնդումը, թէ մինչեւ օրս ոչ մէկը վերադարձած է հանդերձեալ կեանքէն: Այստեղ մեր զրուցակիցներէն մին, որ երիտասարդ ու տաղանդաշատ բժշկուհի մըն էր, յիշեց դէպք մը, որ պատահած էր իրենց հիւանդանոցին մէջ տարիներ առաջ.

- Ամէն տարի մեր հիւանդանոցին մէջ կը բուժուին հազարաւոր մարդիկ, անշուշտ անոնց բոլորը յիշել պարզապէս անկարելի է, սակայն կայ մէկը, որ ճիշդ հակառակը՝ անկարելի է մոռնալ:

Եւ այսպէս՝ երկու տարի առաջ, ծանր արկածի հետեւանքով վերակենդանացման բաժնի մէջ յայտնուեցաւ երիտասարդ մը, գրեթէ երեսունհինգ տարեկան: Հիւանդի վիճակը ծայր աստիճան ծանր էր. ունէր բազում կոտրուածքներ, ան պարզապէս կեանքի ու մահուան միջեւ յամառ պայքար կը մղէր, իսկ իմ գործընկերները ապրելու ոչ մէկ յոյս կու տային:

Արհեստական շնչառական սարքին միացուած, ամիսներ շարունակ խեղճը անշարժ ու անգիտակից գամուած էր մահճակալին: Միայն զարկերակն էր, որ շատ կամաց կ՚աշխատէր:

Հիւանդը մահաքունի մէջ էր: Ոչ մէկ բժիշկ կը յուսար, որ օր մը ան կրնայ արթննալ, որովհետեւ անոր ոչ մէկ կենսական օրկանը կ՚աշխատէր, բացի սիրտէն:

Հիւանդանոցի բժշկապետը քանի մը անգամ հիւանդի ազգականներուն առաջարկեց կասեցնել վերջինիս մարմինին միացուած տասնեակ խողովակներու, սարքերու աշխատանքը, սակայն ընտանիքի անդամները համաձայնութիւն չէին տար։ «Քանի դեռ կը բաբախէ անոր սիրտը, մեր յոյսը կ՚ապրի», այսպէս կը պատասխանէին անոնք:

Անցաւ տասնհինգ ամիս:

Հրաշք մը տեղի ունեցաւ: Հիւանդը արթնցաւ մահաքունէն: Շուտով սկսաւ խօսելու եւ պատմեց իր հետ տեղի ունեցածի մասին: Ի զարմանս բժիշկներու, ան մէկիկ-մէկիկ կը պատմէր արկածէն վերջ իր շուրջ կատարուածի մասին: Թէ ինչպէ՞ս շտապօգնութիւնը 30 վայրկեան ուշացումով հասաւ դէպքի վայր... մերձաւորուներու առաջին արձագանգը, իր հիւանդասենեակի մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները... Բժիշկներն ու հիւանդի ազգականներն ու ընկերները զարմանքէն քարացած էին: Այնուհետեւ ան պատմեց, թէ այս ամիսներու ընթացքին իր հոգին ուրտեղերը կը թափառէր:

- Ես հասարակ անհաւատ մըն էի, որ երբեք չէի հաւատար Աստուծոյ գոյութեան: Եկեղեցի կ՚այցելէի ոչ թէ աղօթելու, Տէրը փառաբանելու, գթութիւն հայցելու, այլեւ՝ պատմամշակութային կառոյցով զմայլելու համար: Ինծի պատահած արկածէն վերջ ես յայտնուեցայ լուսաւոր, խաղաղ ու պայծառ տեղ մը:

Այդ եդեմական պարտէզի մուտքին զիս դիմաւորեցին իմ հանգուցեալ մայրը, մեծ հայրերն ու մայրերը, հինգ տարեկան հասակին աչքերը կեանքին գոցած եղբօրորդիս եւ ուրիշներ: Ես չճանցայ անոնցմէ շատերը: Անոնք բոլորը Յիսուսի տարիքին էին՝ երեսուներեք տարեկան: Բոլորը ճերմակափայլ հագուստներու մէջ էին՝ ուրախ, անհոգ ու երջանիկ: Ինծի կը պատմէին, որ շատ երջանիկ են, ժամանակը այնտեղ կանգնած է: Հոգն ու տրտունջքը մնացած են անցեալի մէջ: Կ՚ըսէին, թէ երկնային կեանքը ակնթարթային ու ժամանակաւոր փորձութիւն մըն է, զոր մարդ պէտք է կարենայ յաղթահարել բաց ճակատով:

Այնուհետեւ հրեշտակները զիս տեղ մը հրաւիրեցին ու սկսան մանրամասն ինծի յիշեցնել իմ երկրային կեանքի հոլովոյթին գործած բոլոր սխալներս ու վրիպումներս: Ծանր ու թեթեւ կ՚ընէին իմ գործած ամէն մէկ սխալի, յանցանքի կշիռը: Նոյնիսկ կը յիշեցնէին մեղք պարունակող մտքերու կապակցութեամբ, որոնց մասին ես երբեք չէի բարձրաձայնած: Անոնց գրանցամատեանի մէջ կար այնպիսի յիշատակներ, որոնց մասին ես վաղուց մոռցած էի կամ չէի պատկերացներ, որ անոնք իրենց մէջ կը ներառեն մեղքի բաժին մը:

Երկար ժամանակ ես ապրեցայ դրախտին մէջ: Վայելեցի եդեմական պարտէզի ամէն մէկ անկիւնը: Հոգիս աննկարագրելի հանգստութիւն ու խաղաղութիւն գտած էր: Սակայն այդ քննութենէն վերջ, հրեշտակները որոշեցին զիս ետ ուղարկել երկրային կեանք: Ես անոնց աղաչեցի, որ զիս ետ չղրկեն, սակայն անոնք մերժեցին իմ բոլոր աղերսանքները՝ պատասխանելով, թէ տակաւին իմ ժամանակը չէ եկած:

Գիտէք, իմ հոգին մարմինս լքած ատեն զգացած եմ ոչ մէկ ցաւ: Սակայն երբ զիս ետ ղրկեցին, երբ հոգիս կրկին մտաւ մարմնիս մէջ, անտանելի, հուժկու ցաւ մը զգացի: Այդ սուր ցաւէն ալ արթնցայ:

Այժմ ես կը հաւատամ Աստուծոյ գոյութեան, գիտեմ, որ գոյութիւն ունի հանդերձեալ կեանք: Սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ժամանակը հրաժեշտ տալու այս կեանքին: Այլեւս պիտի փորձեմ իմ երկրային մնացեալ կեանքը ապրիլ առանց մեղանչելու: Աստուած ինծի ընձեռած է երկրորդ հնարաւորութիւնը իմ սխալները վերանայելու:

Բոլոր ներկաներու մարմնով մէկ դող անցաւ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020