Շաբաթ 8, Փետրուար 2025
«ՏՈՒՐՄԷ ՇԱՏՐՈՒԱՆ»
Զուիցերիոյ մէջ բացուեցաւ աշխարհի ամենաբարձր տուրմի շատրուանը։ Այսպէս, աշխարհահռչակ տուրմի ընկերութիւններէն՝ զուիցերական Lindt-ը, սեպտեմբերի սկիզբին բացաւ «Տուրմի տուն», որու գլխաւոր գրաւչութիւնն է 9 մեթր բարձրութեամբ աշխարհի ամենամեծ տուրմէ շատրուանը:
Զուիցերիոյ Քիլխպերկ քաղաքին մէջ բացուող «Տուրմի տուն»ը տուրմի սիրահարներու համար իսկական դրախտ կարելի է համարել, կը գրէ luxurylaunches.com կայքէջը։
Նորակառոյց բազմակողմանի այս շէնքին մէջ տեղակայուած է Lindt ապրանքանիշի ամենամեծ խանութը։ Շէնքին մէջ կան նաեւ սրճարան, Lindt-ի պատմութիւնը եւ արտադրման փուլերը ցուցադրող սրահ, տուրմի պատրաստման ընթացքին մասնագիտանալու դասընթացներ տրամադրող բաժին։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020