ՀԱՐՑԵՐ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ԿԵՐՊԸ

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է որ աշխարհի վրայ՝ մարդուս կեանքին մէջ երբեք չեն վերջանար հարցեր. երբ մէկը վերջանայ, անմիջապէս ուրիշ հարց մը արդէն պատրաստ՝ կը սկսի յուզել եւ զբաղեցնել մարդը։ Հարցերը զանազան են՝ անհատական, ընտանեկան, ընկերային, համաշխարհային։ Հարցերու տեսակները, աստիճանները, կարեւորութիւնները կամ ազդեցութիւններն ալ ժամանակաշրջանի եւ վայրերու նկատմամբ կը տարբերին իրարմէ։ Ուստի տեղ մը երբ նկատի իսկ չ՚առնուիր, ուրիշ տեղ մը մեծ կարեւորութեամբ լուծումներ կ՚որոնուի էապէս նո՛յն հարցին։ Նաեւ, ժամանակահատուածի մը մէջ անկարեւոր նկատուած հարց մը, ուրիշ ժամանակաշրջանի մը մէջ կրնայ «մահուան եւ կեանքի հարց» մը ընդունուիլ։

Վերջապէս հարցերը զանազան են, ինչպէս անոնց ազդեցութիւնները տարբեր կերպով կը տեսնուին…։

Բայց սա յստա՛կ է. կռիւը, պայքարը կամ բախումը որեւէ խնդիր, որեւէ հարց չի՛ կրնար լուծել։ Եւ այս ուղղութեամբ, իմաստուն եւ ողջամիտ մարդը կը սպասէ, կը համբերէ մինչեւ որ չարը իր ուժերը սպառէ, մինչեւ որ կեանքի ճամբան ապահովէ, եւ այն ատեն կը քշէ իր «կեանքին կառք»ը, իր ամբողջական պարունակութեամբ, այսինքն, իր գաղափարներովը, իր ակնկալութիւններովը, իր երա՜զներովը։

Կեանքի ճամբան սակայն, շատ անգամ շիտակ չէ. կը շեղի իր նպատակէն եւ կը շեղեցնէ ճամբորդը։

Եւ դարձեալ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ո՛ւր որ ճամբան կը խաչաձեւուի ուրիշ ճամբով մը՝ հո՛ն հարց մը կը ծագի, հոն վտա՛նգ մը կը սլքտայ… ուստի ազդարարիչ լոյս մը կը դրուի մէկ անկիւնը եւ կամ ցուցատախտակ մը՝ կա՛մ արշաւող կառքին թափը զսպելու, եւ կա՛մ, բոլորովին կեցնելու զայն։

Ահաւասիկ, այս է վտանգի դէմ ապահովութեան երաշխիքը, ա՛յս է բարին, ա՛յս է յարմարը։

Ընկերային, քաղաքական կեանքի մէջ այդ ազդարարիչ լոյսը՝ տուեալ օրէնքներն են։ Օրէնքներն են որ «շեղած ճամբուն վրայ՝ շեղած ճամբորդ»ին շիտակ ճամբան ցոյց կու տան։ Ուստի, օրէնքին լոյսը ճամբան լուսաւորող «լուսարձակ» մը՝ ուղեցոյց մըն է։ Օրէնքին հպատակիլ եւ հնազանդիլ՝ հարցերը դեռ չյայտնուած արդէն կը կասեցնէ։ Օրէնքը, այս իմաստով, հարցերու կանխարգելիչ զօրութիւնը՝ ուժն է։

Անձնական դատողութեան անստուգութիւններու եւ արտաքին պայմաններու քմահաճոյքին ձեռքէն առնելով դէպքերու ընթացքը՝ զայն օրէնքի հրամանին տակ դնել կը նշանակէ այսպէս «լոյս»ի մը ներկայութիւնը եւ կամ ցուցատախտակի մը գոյութիւնը զիրար խաչաձեւող ճամբաներու գլուխը։

Օրէնքի միջամտութիւնը անհրաժեշտ պահանջք մըն է, երբ մարդկային կամքը եւ դատողութիւնը վստահելի չեն, եւ ուր կը տիրապետեն մանաւանդ մարդուս անզսպելի կիրքերը։

Ուրեմն, մարդ ի՛նչ որ կ՚ընէ իր քշած կառքին համար որպէս զգուշութիւն եւ վտանգի կանխարգելում, միթէ կարելի չէ՞ ընել «կեա՛նք»ի համար։ Արդարեւ, ճամբաներն կը նմանին կեանքի, շատ ալ տարբերութիւն չկայ անոնց միջեւ, քանի որ երկուքն ալ ունին արգելքներ, խոչընդոտներ, խաչաձեւումներ, վերիվայրումներ՝ զառիվար-զառիվեր գնացքներ, եւ երկուքն ալ որոշ նպատակներ՝ որոնց հասնիլ ծանր աշխատանք կը պահանջէ եւ շատ անգամ խնդրական է թէ՝ մարդ պիտի կարենա՞յ հասնիլ, թէ ո՛չ իր մտադրած «նպատակ»ին։

Արդարեւ, մարդ որքան «ազատ կամք»ով կը շարժի, բայց պարտաւոր է նաեւ համակերպիլ եւ ընթանալ եւ գործել ըստ աստուածային ընդհանուր ծրագրին՝ որ նախագծուած է արարչագործութեան պահէն իսկ։ Բայց, պէտք է հարց տալ, թէ արդեօք կա՞յ օր մը, որուն մէջ կեանքին ճամբան չխաչաձեւուի։ Չկա՛յ, մանաւանդ չափահասի մը համար։ Ոչ մէկերնուս կեանքը միակտուր եւ միօրինակ ճամբու մը վրայէն կ՚ընթանայ։ Բոլորս ալ պարտաւոր ենք զգուշանալ հաւանական վտանգներէ. զգուշաւոր կերպով ընթանալ, զի մի գուցէ հանդիպինք եւ բաղխինք՝ մեր համոզումները, մեր հաւատալիքները, մեր սկզբունքները, մեր գաղափարները, մեր բարքերը եւ աւանդութիւնները խաչաձեւող, հակադրող եւ հակասող հոսանքներու հետ։ Կեանքի ճամբուն վրայ եղած են, եւ միշտ պիտի ըլլան արգելքներ, դժուարութիւններ։

Եթէ ամէն մարդու ճամբան նոյնը ըլլար, եթէ ամէն մարդ նոյն հեռանկարներով, նոյն իտէալներով շարժէր՝ նոյն նպատակներուն ծառայէր, նոյն փափաքները հետապնդէր, բաղխում չէր ըլլար։

Բայց մարդիկ «տարբեր ճամբաներ» կը յառաջանան. մէկուն համար շիտակ ճամբան ուրիշի մը համար շեղած ճամբայ է. մէկուն համար կարճ ճամբան ուրիշի մը համար շատ երկա՜ր է։ Ոմանք, փոխաբերական իմաստով, հիւսիսէն հարաւ կ՚ընթանան, ուրիշներ՝ արեւելքէն արեւմուտք։ Այսպէս ամէն մարդու քալած ճամբան անպատճառ կը կտրուի կամ կը խաչաձեւուի։ Եւ մարդկային կեանքի դժուարութիւնները ծագում կ՚առնեն այս խաչաձեւումէն, այսինքն՝ տարբեր ճամբաներու խաչաձեւումներէն։ Անհատը անհատին հետ կը բաղխի, ժողովուրդը ժողովուրդի հետ կը բաղխի, ազգեր իրարու հետ կը բաղխին, որովհետեւ իւրաքանչիւրը իրարու հակառակ կը խորհի, հակառակ կը զգայ, հակառակ կը խօսի եւ հակառակ կը գործէ։

Ի՞նչ պէտք է ընել ուրեմն։

Ո՛չ մարդիկ կը փոխուին եւ ո՛չ ճամբաները. խորհուրդի, նպատակներու ուղղութիւնները բոլորովին տարբեր են։ Եւ ուրեմն, միակ միջոցն է. ազդարարութիւնը սպառնացող վտանգին դէմ միշտ «Զգո՛յշ» ըլլալ։ Եւ զգուշութիւնը կ՚ենթադրէ չափաւորութի՛ւն։ Կշռել, չափել եւ յետոյ գործել. ուրիշ խօսքով տասը անգամ մտածել եւ մէկ անգամ գործել։ Ուստի բաղխումով ճամբան չի կտրուիր, հապա՝ ճամբան կը խափանուի։

Օրինակը առնենք ճամբու վրայ երկու կառքերէ. երկու կառք որոնք կը սուրան զիրար խաչաձեւող ճամբաներու վրայ անհոգ եւ անտարբեր վտանգի սպառնալիքին, երկունք ալ կը ջախջախուին, երկուքն ալ չեն կրնար կտրել ճամբան եւ յառաջանալ եւ հասնիլ իրենց նպատակին։ Անզգուշութիւնը արգելք կը հանդիսանայ հասնելու նպատակակէտին։

Սկզբունքը սա ըլլալու է. նախ, եթէ ճամբադ շիտակ է, մի՛ շեղիր անկէ։ Երկրորդ, սկզբունքներդ, հաւատալիքներդ, համոզումներդ, Աւետարանդ, Քրիստոսդ մի՛ ենթարկեր վտանգին չարերուն, որոնք ճամբադ կը խաչաձեւեն։ Մեր կեանքի ճամբուն խաչաձեւումներուն վերեւ զգուշացուցիչ Լո՛յս մը ունինք՝ Յիսուս Քրիստոս եւ այն ճշմարտութիւնները, որոնք խօսեցաւ Ան։ Խաչաձեւող ճամբաներ իրենց սպառնալիքը կը կորսնցնեն անոնց համար, որոնք այդ Լոյսին յառած կը պահեն իրենց աչերը։ Աւետարանէն կը բղխի այդ Լոյսը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 25, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2020