ԱՆ ԻՄ ՀԵՐՈՍՆ Է
Արցախեան ազատամարտի ամենաթէժ շրջանին ծնած է իմ հերոսը՝ ինձմէ տարի մը պզտիկ:
Մայրս կարծես զատողութիւն կը դնէր մեր միջեւ՝ մշտապէս պաշտպանելով փոքրը: Սա անարդար վերաբերմունքը զիս շատ կը յուզէր. կը վիրաւորուէի մինչեւ հոգիիս խորքը: Իսկ փոքրիկ ու չարաճճի Արան ամէն անգամ ա՛լ աւելի կը առիթաւորուէր ու կը շփանար: Չէ՞ որ ամէն պարագային մայրս զինքը կը պաշտպանէր:
Մինչեւ այսօր ալ մեր հանդիպումներու ընթացքին ան պահ մը կը մանկանայ. երեսը կը ծամածռէ, լեզու կը հանէ կամ վարսերէս կը քաշէ... մէկ խօսքով՝ տեղը հանգիստ չի կենար:
Մենք ան քոյրերէն ու եղբայրներէն չենք, որոնք ունին հրաշալի յարաբերութիւններ: Ամէն հարցով միասին կը կիսուին, երկար կը զրուցեն: Ընդհակառակը մենք ամենաշատը կէս ժամ կրնանք զիրար «չուտել»: Եղբայրս անասելի հաճոյք կը ստանայ իմ դէմքի խոժոռացումէն: Կ՚ըսէ. «եկուր մէկ հատ պաչիկ ընեմ կամ գրկեմ» ու այդ ընթացքին կը չարաճճիանայ: Սակայն կը բաւէ մեզմէ մէկու մը մատը փուշ մտնէ կամ ոեւէ մէկը փորձէ մեզմէ մէկը նեղացնել՝ անմիջապէս հոգի կու տանք իրարու համար:
Երբեք ալ գրել-կարդալու հետ սէր չէր ունեցած: Ան գրիչը փոխարինած է զէնքով: Բաց աստի, հմուտ արհեստաւոր է, ոսկէ ձեռքեր ունի: Չկայ որեւէ բան, որ Արայի տասն մատները չկրնան ընել՝ հող փորել, պարտէզ՝ այգի մշակել, ծայրէ ծայր տուն կառուցել, ինքնաշարժ վերանորոգել...
Արան իմ հոգին է, կարծես մեր մէջ նոյն հոգին կը բնակի: Թէպէտ մենք իրարու հետ շատ չենք զրուցեր, սակայն կը զգանք զիրար: Նայելով եղբօրս աչքերուն՝ ես կը տեսնամ անոր հոգիի խորքը: Անոր ցաւը իմ ցաւն է, անոր ուրախութիւնը իմ ուրախութիւնն է: Սա պահուն զգացումներս իրարու խառնուած են: Մէկ կողմէն պարծանք եւ ուրախութիւն, միւս կողմէն վախ ու սարսափ:
Այդ անսահման բարի ու ազնիւ աչքերը երկրորդ պատերազմն է որ կը տեսնեն, ինչ երկրորդ՝ երրորդ: Պարզապէս առաջինի ատեն ան մանուկ մըն էր, երկրորդին՝ զինուորական, իսկ երրորդին՝ կամաւոր մը:
Մանկութենէս ի վեր անասելի ակնածանք կը տածեմ զինուորական ու ոստիկանական համազգեստի նկատմամբ: Միշտ բարի նախանձով մը նախանձած եմ բոլոր անոնք, որոնց ընտանիքի մէջ եղած է ռազմիկ մը: Այսօր ես ալ ունիմ իմ հերոսը:
Եղբայրս ինքնակամ ընտրած է զինուորականի կեանքը: Կը յիշեմ ժամանակին ան նոյնիսկ հնարաւորութիւն ունէր ազատուելու պարտադիր զինուորական ծառայութենէ, սակայն կտրուկ պատասխանեց. «Երբեք, ես պիտի ծառայեմ»: Նոյնքան վճռականութեամբ ալ ան մասնակցեցաւ 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին: Վերադարձին խնդրեցինք, որ պատմութիւններ պատմէ, սակայն ան գերադասեց լռութիւնը: Իսկ այսօր որպէս կամաւոր համալրած է հայրենիքի պաշտպաններու շարքերը:
Այդ օրն առաւօտեան կանուխ արթնցայ: Երազիս մէջ Զաւէնիկը «մամա» կը կանչէր: Աչքերս բացի, ժամին նայեցայ՝ վեցը քառորդ կ՚անցնէր: Փորձեցի քնանալ, սակայն աչքերուս քուն չեկաւ: Անկողինի մէջ պառկած ընկղմեցայ մտնորումներու գիրկը, այնուհետեւ երազելու սկսայ: Ժամը ութը կ՚անցնէր: Որոշեցի ելլել ու կիրակնօրեայ նախաճաշի նախապատրաստութիւններ տեսնել: Խոհանոցի մէջ գիշերուընէ մնացած քանի մը պնակ կը լուայի, երբ հեռաձայնս զանգեց: Շուարեցայ, թէ այս ժամուն ո՞վ եւ ինչո՞ւ պիտի տեսաձայնէր ինծի:
Մայրս էր՝ գունատ ու մտահոգ.
-Բարի լոյս Արեւիկ:
-Բարի լոյս:
-Խնդրանք մը ունիմ ձեզմէ, արդեօք մեր դրացուհի Նաթան կրնայ քանի մը օրով հիւրընկալուիլ ձեր տանը:
-Ինչո՞ւ, ի՞նչ պատահեցաւ:
-Հոս իրավիճակը քիչ մը լաւ չէ: Քիչ մը խառն է:
Այդ վայրկեանին ինծի թուաց, թէ Նաթաենց կտուրէն ներս անախորժութիւն մը, ուժեղ վիճաբանութիւն մը ծագեցաւ եւ ընտանիքը կ՚ուզէ երիտասարդ աղջիկը հեռու պահել այդ բոլորէն: Թէպէտ Նաթաենց ընտանիքը զուսպ ու համեստ, օրինակելի ընտանիք մըն է: Անոնց ձայնը ոչ մէկը լսած է: Բայց մարդ ես, գուցէ պոռթկում մը եղաւ:
-Ինչո՞ւ, ի՞նչ եղաւ,- անհանգիստ հարցուցի ես:
-Հոս կը կրակեն...
Այս բառերէն շանթահարուեցայ: Կարծես գլուխս եռացած ջուր լեցուցած ըլլային: Մէկ խօսքով երկվայրկեանի մը մէջ մահացայ ու վերակենդանացայ: Աչքերէս սկսան արցունքներ յորդիլ: Ինքզինքիս չէի կրնար տիրապետել: Ոտքերս ու ձեռքերս թուլացան: Բարձրաձայն աղիողորմ արցունք կը թափէի ու այլեւս մտիկ չէի ըներ մօրս ըսածները: Իմ հողը, իմ հայրենիքը վտանգի մէջ է…
Իմ ձայնի վրայ արթնցաւ ամուսինս՝ Արին ու տագնապահար վազեց դէպի հիւրասենեակ: Հազիւ հանգստացայ: Եղբայրս լուռ ու մունջ կ՚ըմպէր իր առաւօտեան սուրճը: Կը պատրաստուէր կամաւորագրուելու: Պահ մը անմտօրէն ըսի. «Արայիկ կ՚աղաչեմ, մի՛ երթար: Հոս եկէք, մեր քովը»: Բայց ան առանց մտածելու մերժեց իմ առաջարկը, ըսաւ, որ պիտի երթայ:
Այդ պահուն Արայի ցանկութիւնը մին էր՝ Զաւէնիկի բերանէն լսել երկար սպասուած քեռի բառը:
-Զաւէն քեռի ըսէ, երթամ,- խնդրեց ան:
Զաւէնը, որ ամիսներ շարունակ յամառաբար չէր արտասաներ քեռի բառը, այս անգամ ուրախացուց Արայիկը.
-Կելի, կելի,- մանկական թոթովանքով քանի մը անգամ ըսաւ Զաւէնը,
-Սա ուրախութիւնը ինձ դեռ երկար ժամանակ կը բաւէ,- ժպիտը դէմքին ըսաւ Արան ու սիրտը կարմրած գնաց անյայտ ուղղութեամբ...
Այլեւս երկրորդ օրն է, որ եղբօրս ձայնը չեմ իմանար: Չեմ գիտեր ո՞ւր է, ինչպէ՞ս է, ի՞նչ կ՚ընէ: Սակայն վստահ եմ, որ անոր հետ է Աստուած:
Տեսնես իմ հերոսի աչքերը հիմա ինչե՞ր կը տեսնեն...
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան