ՍՈՖԻԱ ԼՈՐԵՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
Աշխարհահռչակ դերասանուհի Սոֆիա Լորեն տասնամեայ ընդմիջումէ յետոյ ժապաւէնով մը կը վերադառնայ։ Այսպէս, 20-րդ դարու ամենագեղեցիկ դերասանուհիներէն մէկը՝ Սոֆիա Լորեն, նկարահանուած է «Կեանքը առջեւդ է» (La vita davanti a sé) վէպի պաստառաւորման մէջ, որ Netflix-ի եթերին վրայ կը հեռարձակուի նոյեմբերի 13-ին։ 86 տարեկան դերասանուհիի համար սա տասնամեայ ընդմիջումէ յետոյ գեղարուեստական ժապաւէնի մը մէջ առաջին դերն է։ Ան շարժանկարին մէջ հանդէս կու գայ տիկին Ռոզայի դերով, որ վերապրած է Հոլոքոստը եւ ընկերացած՝ Սենեկալէն տասներկու տարեկան փախստական տղու մը՝ Մոմոյի հետ:
Ժապաւէնի բեմադրիչը Լորենի որդին՝ Էտուարտօ Փոնթին է։ Դերասանուհին աւելի առաջ յայտնած էր, որ որդին իրեն համար աւելի լաւ դեր չէր կրնար ընտրել: «Մեծ հաճոյքով կերտած եմ տիկին Ռոզայի կերպարը։ Ան անդրդուելի է, միեւնոյն ժամանակ փխրուն եւ պայքարող։ Բազմաթիւ տեսանկիւններէ ան ինծի կը յիշեցնէ մայրս», ըսած էր դերասանուհին:
Էտուարտօ Փոնթի արդէն երրորդ անգամն է, որ իր ժապաւէնին մէջ կը նկարահանէ մայրը։ Շարժանկարը Էմիլ Աժար կեղծանունով Ռոմէն Կարիի հեղինակած «Կեանքը առջեւդ է» վէպի երկրորդ պաստառաւորումն է։
Շարժանկարը Netflix-ի մէջ հասանելի կ՚ըլլայ նոյեմբերի 13-ին։