ՀԻՆԳ ԸՆԴՀԱՆՐԱՑԱԾ ՄԹԵՐՔ
Սնունդը կարեւոր է մարդու կենսագործունէութեան, անհրաժեշտ սննդարար նիւթեր ու ներուժ ստանալու համար։ Ուստի զարմանալի չէ, որ մասնագէտներ յաճախ կը շեշտեն առողջարար մթերք ուտելու անհրաժեշտութիւնը։ Ճիշդ ընտրուած մթերքը կ՚օգնէ բարձրացնել ներուժի մակարդակը ու խուսափիլ հիւծուածութենէ, մինչդեռ յաճախ մարդիկ կը կիրառեն մթերք, որ ոչ միայն կու տայ բաւարար ներուժ, այլեւ ա՛լ աւելի կը նուազեցնէ ներուժի մակարդակը։
Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք հինգ տարածուած մթերք, որոնք կը զրկեն մարդիկը ներուժէ։
ԱԼՔՈՀՈԼ
Ալքոհոլի չափաւոր գործածութիւնը չի յառաջացներ որեւէ խնդիր, սակայն չարաշահման ընթացքին ան կրնայ յանգեցնել ներուժի մակարդակի նուազման, ինչ ալ կ՚ուղեկցուի բաւական տհաճ ախտանշաններով։
ՇԱՔԱՐ
Սննդակարգին մէջ չափազանց մեծ քանակութեամբ շաքարի առկայութիւնը կրնայ կտրուկ բարձրացնել արեան մէջ շաքարի մակարդակը, որ կարճ ժամանակով ներուժ կը հաղորդէ, սակայն որոշ ժամանակ անց կլիւքոզի մակարդակը նոյնքան կտրուկ կը նուազի, որու հետեւանքով ալ մարդ կը կորսցնէ ներուժը։
ԱՐԱԳ ՍՆՈՒՆԴ
Արագ սնունդը գրեթէ չի պարունակեր սննդարար նիւթեր, սակայն հարուստ է մեծ քանակութեամբ ճարպերով։ Նման մթերքի յաճախակի գործածութիւնը դուրս կը բերէ սննդարար նիւթերը մարմինէն, որու հետեւանքով ներուժի մակարդակը կը նուազի։
ՔԱՖԷԻՆ
Քաֆէինը եւ շաքարը կրնայ բարձրացնել ներուժի մակարդակը, սակայն շատ կարճ ժամանակով։ Չարաշահման ընթացքին սուրճը կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ ու շատ արագ նուազեցնել ներուժի պաշարը։
ԶՏՈՒԱԾ ԱԾԽԱՋՈՒՐԵՐ
Զտուած ածխաջուրերով մթերքը կը պարունակէ շատ քիչ քանակութեամբ մանրաթելեր եւ կրնայ պատճառ դառնալ արեան մէջ շաքարի մակարդակի կտրուկ բարձրացման։ Նման մթերքով հարուստ սննդակարգը կը յանգեցնէ մշտական թուլութեան ու հոգածութեան, ուստի բաւարար ներուժ ունենալու համար հարկաւոր է խուսափիլ սպիտակ հացէ, սպիտակ բրինձէ ու վերամշակումէ անցած հացահատիկէ պատրաստուած դդմաճեղէնէ։