BALMAIN-ԷՆ ՆՈՒԷՐՆԵՐ
Ամերիկահայ աստղ Քիմ Քարտաշեան աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տան հագուստով լուսանկարներ հրապարակած է։ Այսպէս, Ամերիկեան Keeping Up With the Kardashians շոուի աստղ Քիմ Քարտաշեան Instagram-ի իր էջին վրայ հեղինակաւոր Balmain նորաձեւութեան տան հագուստով լուսանկարներ ու տեսանիւթեր հրապարակած է՝ նորաձեւութեան տան ստեղծագործութեան տնօրէն Օլիվըր Ռուսթէնին շնորհակալութիւն յայտնելով նուէրներու համար:
Ֆրանսական աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տան ուղարկած նուէրները Քարտաշեան նախ իր էջի սթորի բաժնին մէջ տեսանիւթի միջոցով ցուցադրած է, այնուհետեւ հագուած է հագուստները ու կրկին լուսանկարներով հրապարակած՝ զանոնք մակագրելով Balmain Barbie:
Հրապարակուած լուսանկարներուն մէջ Քարտաշեան կը կրէ սեւ ու սպիտակ նախշերով վերնաշապիկ, որ համադրուած է նմանատիպ ձեռնոցներու, կարճ տաբատի, պայուսակի, ինչպէս նաեւ դիմակի հետ, որ վերջին շրջանին կերպարներու ստեղծման անքակտելի մաս կը կազմէ: