ԱՆԿԵՂԾ ՍԷՐԸ՝ ԽԱԹԱՐՈՒԱԾ

Այսօր իրական սէր, անկեղծ սէր գտնել գրեթէ անկարելի է դարձած։ Մինչդեռ սէրը կեանքին ակնաղբիւրն է. սիրոյ արդիւնք է ամէն բարութիւն, ամէն գեղեցկութիւն, եւ եթէ չըլլայ սէր, կեանք ալ գոյութիւն չունենար։ Անհատներ իրարու կապող, ամրապնդող հրաշալի՜ ուժ մըն է սէրը, որ կը կանոնաւորէ մարդկային փոխյարաբերութիւնները։ Անհատը հաւաքականութեան մը անդամ կ՚ըլլայ եւ կը կապուի, պատկանելիութեան գիտակցութիւն կը ստանայ սիրոյ ազնիւ զգացումով։ Եւ սէրը այնքան մեծ ուժ մը, զօրութիւն մըն է, որ կեանքերու ծնունդ կու տայ, կը պահպանէ, կը խնամէ իր ծնունդ տուած կեանքերը։

Կեանքը սիրով կը սկսի եւ սիրով կը տեւէ, այնքան որ զոհուելու եւ զոհելու պատրաստ է մարդ, երբ ճշմարիտ սիրով լեցուն է իր սիրտը։ Եւ արդէն երբ «Աստուած սէ՛ր է», սիրոյ մասին, սիրոյ զօրութեան մասին ուրիշ բան ըսել այլեւս աւելորդ պէտք է համարել։ Եւ քանի որ Աստուած սէր է, ապա ուրեմն սէրը բարութիւն է, սէրը ճշմարտութիւն է եւ անշուշտ սէրը կեա՛նք է, կեանքի ակնաղբի՛ւրն է։

Բայց անկեղծօրէն պէտք է խոստովանիլ, թէ ընդհանրապէս մեր ընկերային բոլոր յարաբերութիւնները խաթարուած են՝ անկեղծ սէրը հալած, նօսրացած է ձեւակերպութիւններու, ցուցամոլութիւններու մէջ։ Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք. այլեւս «փոխառեալ բառ»երով իրարու հետ կը հաղորդակցինք. կարծես մենք չենք խօսիր, մեր սիրտէն չբխին մեր խօսքերը. փոխանակ մեր զգացումները «մե՛ր» բառերով, մեր ժպիտով, մեր սիրալիր նայուածքներով՝ մեր աչքերով յայտնելու՝ կը յայտնենք պատրաստուած եւ պարտադրուած ձեւերով, խօսքերով մեքենաբար եւ ո՛չ թէ սրտաբուխ։ Ընդհանրապէս քարտերու վրայ նշանակուած «օտարի» մը բոլորովին անանձնական մէկ խօսքով կամ նկարով կ՚արտայայտենք մեր զգացումները՝ որոնք յայտնի իսկ չէ որ ինչքան մերինն են։

Սէրը սրտէն չի բխիր, այլ՝ պայմանադրական գրչի մը ծայրէն կամ ստեղնաշարի մը ստեղներէն, որոնք ոչ հոգի ունին եւ ոչ ալ կենդանութիւն։

Մարդիկ այսօր մեքենան դարձուցած են նպատակի, փոխանակ զայն կոչելու իր իսկական պարտականութեան՝ ըլլալ միջոց կամ առարկայ։ Սրտին տիրակալութենէն ելած՝ անձնատուր եղած են մարդիկ մեքենաներու, շինծու օրէնքներու, պարտադրութիւններու, թերեւս ակամայ, թերեւս անգիտակցօրէն։ Բայց քաղաքակրթութիւնը, արհեստականութիւնը անձնաւորութիւն մը չէ. սիրտ եւ զգացում չունի։ Այս պատճառով, աւետարանական ոճով՝ «մարդը քաղաքակրթութեան, արհեստականութեան համար չէ, այլ՝ քաղաքակրթութիւնը եւ արհեստականութիւնը մարդուն համար»։ Այս ալ կը նշանակէ որ քաղաքակրթութիւնը եւ արհեստականութիւնը միջոցներ են եւ ոչ թէ նպատակ։ Նպատակը իր զգացումներով, իր սիրով եւ բանականութեամբ նոյնինքն մա՛րդն է։

Տեսակ մը մեքենայ է արհեստականութիւնը, որ կ՚ընթարմացնէ մարդկային սիրտը, զգացումները եւ չի թողուր, որ առանց պայմանադրականութիւններու եւ կեղծ շարժառիթներու տրոփէ։

Արհեստականութիւնը՝ ոչ թէ միջոց, այլ նպատակի վերածուած, բնական մարդը կը փոխէ «անբնական» մարդու։ Բնութեան տեղ կը դնէ «արուեստական»ը եւ մարդ մեքենային կը սկսի հպատակիլ փոխանակ մեքենան հպատակելու եւ ծառայելու մարդուն։

Արուեստականութիւնը կամ արհեստականութիւնը դրուած է Բնութեան դէմ, բայց բարոյական եւ հոգեւոր արժէքները եւ շահերը Բնութեան կողմն են տակաւին։

Միջոցը՝ կարճ, սիրտերը՝ տաք, բնութիւնը տակաւին «ոտքեր»ն է, որ կը պատուէ եւ ոչ թէ արագասահ կառքը եւ սաւառնակը։

Այսօր քաղաքակրթութեան եւ արհեստականութեան բերած «արագութիւն»ը, արագաշարժութիւնը կարծես առաւ մարդ էակը Աստուծոյ ձեռքէն եւ ի՛նք ահա ձեւակերպելու, ծրագրելու վրայ է զայն. եւ այս հարցին եզրակացութիւնը այն է, թէ «քալող» եւ կամ ջորիի մը կռնակը հեծած մարդը, եւ արհեստականութեան թեւերուն վրայ նստած մարդը նոյն էակները չեն այլեւս։ Փոխուած է մարդ էակը, բայց բարեփոխուա՞ծ է արդեօք, խնդրական է կամ ըսենք յարաբերական։ Սաւառնակով հազարաւոր հեռաւորութիւններ մօտեցած են, բայց սիրտերը իրարմէ հեռացած։ Նոյնն է պարագան բջիջային հեռաձայններու համար՝ թէեւ մարդիկ մօտեցած են ձայնով եւ տեսքով իրարու, բայց հեռացած՝ սիրտով, զգացումներով։

Մարդիկ այսօր միջոցը կը կարճեցնեն արհեստականութեան ապահոված միջոցներով, բայց սիրտերը չեն կրնար քայլ մը իսկ մօտեցնել իրարու։

Մարդոց յարաբերութիւնները արտաքնապէս, երեւութապէս տաք են, բայց սիրտերը՝ ցո՛ւրտ։

Մարդոց յարաբերութիւնները այսօր, հետզհետէ կը կորսնցնեն իր մտերմութիւնը եւ տիրական կը հանդիսանայ ձեւակերպութիւնը՝ ձեւապաշտութիւնը։ Սրտաբուխ տաք եւ մտերիմ, անկեղծ յարաբերութիւններ չեն տեսնուիր այլեւս, մարդիկ արարողակարգի եւ ձեւականութեան կանոններու մէջ կը շարունակեն իրենց փոխյարաբերութիւնները։ Տեղ մը եկած է, որ մարդիկ իրարու հետ «խիստ պաշտօնական» կարգով կը վարուին՝ որոշ սահմաններու մէջ, տուեալ կանոններու համաձայն՝ ուր կը պակսի զգացումը։

Անշուշտ որ կարգապահութիւնը անհրաժեշտ է մարդկային բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ. բայց կարգապահ ըլլալ պէտք չէ մարդս հեռացնէ մտերմութենէ, ազնիւ զգացումները արտայայտելէ եւ իր սէրը ցոյց տալէ։

Այն՝ որ իր սրտին մէջ սէր ունի, ան նաեւ կարգապահ է եւ յարգո՛ղ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2020