ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի նա­խա­գահ Մի­շէլ Փլա­թի­նի ե­րէկ միօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան։ Այս կար­ճա­տեւ շփում­նե­րուն շրջագ­ծով ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։ Փլա­թի­նի յա­տուկ թռիչ­քով մը Ե­րե­ւան մեկ­նե­ցաւ իր այս ան­պաշ­տօն այ­ցե­լու­թեան հա­մար։ Փլա­թի­նի «ըն­կե­րա­կան» ո­րա­կեց իր այս այ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին ե­ղաւ նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։

Փլա­թի­նի, որ վեր­ջերս վե­րընտ­րուած է այդ պաշ­տօ­նին, Հա­յաս­տան այ­ցե­լեց Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեա­նի հետ հան­դի­պե­լու հա­մար։

«Ե­թէ չվե­րընտ­րուէի, ա­պա գու­ցէ այս­տեղ չէի ըլ­լար։ Շատ ու­րախ եմ այ­սօր այս­տեղ գտնուե­լու հա­մար։ Պուլ­կա­րիա այ­ցե­լե­լու ճա­նա­պար­հին ո­րո­շե­ցի այ­ցե­լել նաեւ Հա­յաս­տան։ Վա­ղուց չէի տե­սած իմ ըն­կեր Ռու­բէ­նը։ Ո­րո­շե­ցի գալ եւ այ­ցե­լել ի­րեն։ Մենք ո­րե­ւէ յստակ ծրա­գիր չու­նինք, ո­րով­հե­տեւ շատ յա­ճախ կը տես­նենք դաշ­նակ­ցու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րը Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի մօտ։ Այս­տեղ եմ ըն­կե­րա­կան այ­ցով», ը­սաւ Փլա­թի­նի լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միոյ հա­մա­լի­րէն ներս, որ կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի ա­րուար­ձան­նե­րէն Ա­ւա­նի մէջ։

Հա­յաս­տա­նի մէջ ֆութ­պո­լի զար­գաց­ման մա­սին խօ­սե­լով՝ Մի­շէլ Փլա­թի­նի շա­րու­նա­կեց. «Մենք Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի մօտ ու­նինք աշ­խա­տա­կից մը, որ յա­ճախ կու գայ Հա­յաս­տան՝ ֆութ­պո­լը զար­գաց­նե­լու հա­մար։ Մենք հի­մա մեծ ներդ­րում­ներ կը կա­տա­րենք Եւ­րո­պա­յի մէջ՝ մե­ծա­տա­ղանդ խա­ղա­ցող­նե­րը յայտ­նա­բե­րե­լու հա­մար։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս, կը փոր­ձենք այն­պէս մը ը­նել, որ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի մէջ կա­րե­նան հաս­նիլ տա­ղան­դա­ւոր խա­ղա­ցող­ներ։ Շատ լաւ է, որ Ո­ՒԷ­ՖԱ կ՚օգ­նէ դաշ­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն՝ որ­պէս­զի ու­նե­նան գե­ղե­ցիկ դաշ­տեր, ո­րոնց օ­րի­նակ­նե­րէն մին այ­սօր կը տես­նենք Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ա­ւե­լի նա­խընտ­րե­լի պի­տի ըլ­լայ, որ ու­նե­նանք լաւ խա­ղա­ցող­ներ, ո­րոնք կը մար­զուին այս խա­ղա­դաշ­տե­րուն վրայ։ Ար­դէն եր­կու տա­րիէ ի վեր թա­փով կը փոր­ձենք զար­գաց­նել փոք­րիկ խա­ղա­ցող­նե­րու դպրո­ցը»։

­Մի­շէլ Փլա­թի­նի Ե­րե­ւա­նի մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ֆութ­պո­լի մէջ ցե­ղա­պաշ­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն։ «Ցե­ղա­պաշ­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ կան ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ։ Մենք կը փոր­ձենք մեր հեր­թին լու­ծում­ներ գտնել ա­նոնց հա­մար։ Կան ո­րոշ հար­ցեր, ո­րոնք ա­ւե­լի դիւ­րին կը լու­ծուին ու­րիշ­նե­րու բաղ­դատ­մամբ։ Մեր խնդի­րը այն է, որ այս հար­ցին մէջ ըլ­լայ հան­դուր­ժո­ղու­թիւն։ Բայց կը փոր­ձենք ա­մէն ին­չը ը­նել ֆութ­պո­լի սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ե­ղա­ծը ցե­ղա­պաշ­տու­թեան խնդիր չէ. սա քա­ղա­քա­կան հարց  մըն է եւ կապ չու­նի Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի հետ։ Ցան­կու­թիւ­նը այն է, որ բո­լորս ապ­րինք ա­ւե­լի լաւ աշ­խար­հի մը մէջ», յայտ­նեց Փլա­թի­նի։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան Մի­շէլ Փլա­թի­նի վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ 2020 թուա­կա­նին կա­յա­նա­լիք Եւ­րո­պա­յի ֆութ­պո­լի ա­ռաջ­նու­թեան ժա­մա­նակ մրցակ­ցու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ ա­ւե­լի մեծ։ Ար­դա­րեւ, ա­խո­յե­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի կ՚ընդ­լայ­նուի եւ 2020-ին քսան­չորս խումբ պի­տի մաս­նակ­ցի ա­նոր։ Եւ­րո­պա­յի այն քա­ղաք­նե­րը, ո­րոնք պի­տի հիւ­րըն­կա­լեն ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, նաեւ ա­ւե­լի շատ մրցում­ներ պի­տի կազ­մա­կեր­պեն։ Հե­տե­ւա­բար, ա­ւե­լի բարձր թի­ւով խում­բեր պի­տի ո­րա­կա­ւո­րուին այդ ա­ռաջ­նու­թեան մաս­նակ­ցե­լու հա­մար։ Փլա­թի­նիի կար­ծի­քով՝ Եւ­րո­պա­յի մէջ գո­յու­թիւն ու­նի այդ ո­րա­կով քսան­չորս խումբ։ Հի­մա ա­ւե­լի շատ են հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

 

 

 

 

 

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015