«ՄԱՐԱԼ»Ի ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի փոքրիկները շաբաթավերջին իրականացուցին անմոռանալի պտոյտ մը դէպի Սկիւտար։ Էսաեան սանուց միութեան վարչայիններուն եւ պարուսոյց Կարպիս Չափքանի գլխաւորութեամբ խումբը Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի պարտէզին մէջ համախմբուեցաւ դաշտահանդէսի մը առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին նշուեցաւ «Մարալ»ի հիմնադրութեան 35-ամեակը եւ յոբելենական շրջանին այս փոքրիկներուն ունեցած յաջող ելոյթը տակաւին թարմ է բոլորի յիշողութեան մէջ։ Համոյթի պատասխանատուներն ալ փափաքած էին փոքրիկներու այդ յաջողութիւնը արժեւորել եւ գնահատել հաճելի ձեռնարկով մը։ Ուստի, կազմակերպուած այս պտոյտը իսկապէս եզակի առիթ մը դարձաւ «Մարալ»ի փոքրիկներուն համար, որոնք միասնաբար խաղացին բնութեան ծոցին մէջ եւ ունեցան հաճելի ժամանց։
Մարալցիները ճամբորդեցին Շիշլիի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած փոխադրամիջոցով, իսկ պտոյտի մասնակիցներու շարքին էին նաեւ կարգ մը ծնողներ։
Տղաքը իրարմէ հրաժեշտ առին ամրան արձակուրդի ամիսներէն վերջ վերստին համախմբուելու համար փորձերու ժամանակ։