ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴՐՕՇԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ՀՈՒԼՈՒՍԻ ԱՔԱՐ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ զօրակցութիւնն ու անմիջական շփումները կը շարունակուին։ Այս մթնոլորտին մէջ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար շաբաթավերջին հերթական այցելութիւն մը տուին Պաքու, ուր հիւրընկալուեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Այս այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Ատրպէյճանի դրօշակի օրուան։ Երկու նախարարներուն հետ էր նաեւ Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Իւմիտ Տիւնտար։ Թրքական բարձրաստիճան պատուիրակութեան հիւրընկալման ժամանակ Ալիեւի կողքին էին Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Ատրպէյճան շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Շուշի քաղաքը անցած է իր բանակի հակակշռին ներքեւ։ Ուստի, այդ տուեալով պայմանաւորուած ելոյթներ տեղի ունեցան Պաքուի մէջ։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ իրենց համար միշտ երջանկութեան առիթ է Պաքուի մէջ գտնուիլը, սակայն երէկուան օրը մասնաւոր երջանկութեան առիթ մըն էր։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի հերոս բանակը պատմական Շուշի քաղաքը ետ առած է բռնագրաւիչ Հայաստանէն։ Ուստի, նախարարը շնորհաւորեց Իլհամ Ալիեւը եւ փոխանցեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի ողջոյնները։ «Այսպիսի երջանիկ օրով մը, դրօշակի օրով այստեղ Պաքուի մէջ գտնուելով առանձնապէս ուրախ ենք», ըսաւ ան։ Իր կարգին, Հուլուսի Աքարն ալ շեշտեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միշտ միասնական երկու եղբայր երկիրներ են՝ կը բաժնեն դառնութիւնը եւ ուրախութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հուլուսի Աքար նշեց, որ Թուրքիա մինչեւ վերջ կ՚աջակցի՝ երեսուն տարիէ ի վեր բռնագրաւուած սեփական տարածքները ետ առնելու ուղղեալ Ատրպէյճանի պայքարին։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը ամբողջ աշխարհին ապացուցած են, որ առանձինն կրնան յաղթանակ տանիլ, ի զօրու են վճռակամութեամբ ազատագրելու սեփական տարածքները։

Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ շաբաթավերջին յայտնեց, որ անմիջական կապի մէջ է Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս վերջինը ռազմաճակատի իրավիճակին մասին աշխոյժ ձեւով զեկուցումներ կը կատարէ իրեն։ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յաղթանակը շատ մօտ է», ըսաւ նախագահ Էրտողան Քահրամանմարաշի մէջ կազմակերպուած կուսակցական հաւաքոյթի մը ընթացքին։ Նախագահը նշեց, որ վերջին լուրերը գոհունակութիւն պատճառած են իրեն։

Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցները այսօր արդէն արձագանգ կը հանդիսանան Ատրպէյճանի կողմէ շաբաթավերջին հրապարակուած լուրերուն, ըստ որոնց Շուշի քաղաքը Ատրպէյճանի բանակի հակակշռին տակ անցած է։ Այս կապակցութեամբ կը հաղորդուին մանրամասնութիւններ եւ դրուագներու տեղ տրուած են համապատասխան տօնակատարութիւններուն շուրջ։ Պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ Անգարայի կողմէ հրապարակած են շնորհաւորականներ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2020