ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ
Սիմֆերոփոլի օդանաւակայանին մէջ տեղի ունեցած է հայ մեծանուն ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի կիսանդրիի բացման արարողութիւնը: Հանդիսաւոր արարողութիւնը հեռարձակուած է «Ղրիմ 24» հեռուստաալիքի եթերէն:
Աւելի քան 4 թոն կշռող պատուանդանի եւ հիմքի հետ միասին 3.5 մեթր բարձրութեամբ կիսանդրիի հեղինակը Ռուսաստանի ժողովրդական նկարիչ, ակադեմիկոս փրոֆ. Սալավատ Շերպաքովն է:
Նկարիչի կիսանդրին տեղադրուած է Սիմֆերոփոլի օդանաւակայանի ուղեւորատար բաժնին դիմաց:
«Սիմֆերոփոլի օդանաւակայանը մեր մեծ հայրենակից, ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի անուան շնորհը մեր վրայ լրացուցիչ պատասխանատուութիւն դրած էր ոչ միայն որակապէս սպասարկել մեր ուղեւորներուն, այլեւ ծանօթացնել Ղրիմ ժամանող հիւրերուն անոր ստեղծագործութեան: Այսօր, կը կարծեմ, մեզի համար շատ նշանակալի օր մըն է այս հայեցակարգի զարգացման շարունակութեան համար», ըսած է բացման արարողութեան ժամանակ օդանաւակայանի գլխաւոր տնօրէն Եւկենի Փլաքսին: