Շաբաթ 11, Յունուար 2025
ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երկրէն ներս ստեղծուած ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ խորհրդակցութիւններ ունենալ քաղաքական շրջանակներու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հեղինակաւոր անհատներու հետ։ Այս ծիրին մէջ ան երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Արմէն Սարգսեան օրուան տեւողութեան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։
Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2020