Ո՞ՒՐ ԷԻՐ ԱՍՏՈՒԱԾ

Աստուած մեզի հետ էր՝ Արցախի, Շուշիի, Հադրութի, Քուպաթլուի, Զանգելանի, Ֆիզուլիի, Ճեպրայիլի, Ակնայի, Քարվաճառի, Բերձորի մէջ։ Աստուած մեր զինուորի, մեր կամաւորներու կողքին էր՝ ամուր բռնած անոնց ձեռքէն:

Անհաւատները՝ Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր ազգադաւ կողմնակիցները աւելի քան վստահ էին, թէ այս պատերազմի ընթացքին մենք պիտի պարտուինք: Այդ իսկ պատճառաւ ձգեցին, որ այն սկսի: Յիրաւի մեր յաջողութիւնները անհաւանական էին հզօր թշնամիներու դէմ. ութ, տասն անգամ գերազանցող մարդուժի ու սպառազինութեան դէմ մարտնչիլը իսկապէս անհնարին բան մըն է, որու ալ ըսես՝ չի հաւատար: Սակայն անոնք վրիպեցան: Անհաւատ ըլլալով հանդերձ, անոնք մոռցան Աստուծոյ գոյութեան մասին: Ամբողջ պատերազմի ընթացքին Աստուած մեզի հետ էր ու համր քայլերով եւ չափազանց թանկ գնով մեր զինուորը կը տանէր դէպի յաղթանակ:

Հայկական զօրքի յաջողութիւնները անակնկալի բերին հայու տականքները: Գարեգին Նժդեհ ըսած էր. «Ամէն ազգ իր տականքն ունի, բայց հայի տականքը ոչ մի ազգ չունի»: Այստեղ ալ մեր ստահակները զգացին քաղաքական ծրագրի ձախողումը: Արցախը չէր պարտուեր, բանակը ամէն օր, ծանր գնով կ՚արձանագրէր յաջողութիւններ, այդ ինչպէ՞ս... Աստուծոյ կամօք:

Խուճապի մատնուեցան եւ ամէն կերպ սկսան փորձել կոտրելու բանակի մարտունակութիւնը. կամաւորներ, համալրման համար նոր զօրք, զէնք ու զինամթերք չէին ղրկեր այնտեղ, ուր որ պէտք էր: Փորձառու հրամանատարները կը հեռացնէին շարքերէ... Կարճ ըսած՝ ամէն բան փորձեցին, որպէսզի պարտուինք, սակայն Աստուած զինուորի ձեռքէն բռնած կը շարունակէր յառաջանալ: Դաւաճանները շուարեցան, թէ այս ի՞նչ կ՚ըլլայ: Հնարաւոր բոլոր յառաջխաղացումներու առաջքը առին, սակայն նորէն ալ կը շարունակեն արիաբար մարտնչելու:

Ահաւասիկ այստեղ արթնցաւ Նիկոլի խիղճը: Հասկցաւ, որ պիտի յաղթենք, Շուշիի յաղթանակին ժամեր մնացած է, իսկ յաղթանակը իր ծրագրերուն մէջ չկար՝ վստահ էր պարտութեան վրայ: Բաց աստի, խեղճ պարոն դաւաճանը խաղաղ պայմաններու ատեն չէր կրնար ժողովուրդին ըսել՝ եկէք յանձնենք Արցախը եւ մէկ անգամէն ազատինք այս գլխացաւանքէն: Ո՛չ մէկը կը համաձայնէր, իւրաքանչիւր հայ կը գերադասէր պատերազմ՝ հողերը յանձնելու դիմաց: Իսկ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հզօր բանակներու դիմաց մեր «խեղճ ու կրակ» բանակը ի՞նչ կրնար ընել... միայն ժամերու կամ օրերու ընթացքին պարտուիլ: Ուրեմն Ալիեւ համաձայն եմ, եկուր եւ զէնքի ուժով ուզածդ վերցուր:

Սակայն տեսնելով, որ այս ծրագիրը մատնուած է անյաջողութեան, ազգադաւ վարչապետը որոշեց մեզի «լաւութիւն» ընել եւ մէկ ստորագրութեամբ յանձնել Արցախը, իսկ վերջը մեղքը բարդել կամաւորներու ու ժողովուրդի վրայ: Որոշեց եւ ըրաւ: Ազգադաւը իր թեթեւ ձեռքով որբացուց, անտուն, անհայրենիք ձգեց արցախցին: Մշուշի քօղի տակ ձգեց մեր պատմամշակութային արժէքներու ապագան, մեր արցախեան բարբառի ու տասնեակ ենթաբարբառներու գոյութիւնը:

Բայց պարոն դաւաճան, թէպէտ չես հաւատար Աստուծոյ գոյութեան, սակայն Տէրը կայ: Հայ ազգը պահողն ու պահպանողը Աստուած է: Հայաստանը Աստուծոյ մատանին է, իսկ Արցախը՝ մատանիին քարը: Տէրը չի ձգեր, որ իր մատանին երկար ժամանակ մնայ առանց քարի:

Թող Աստծոյ կամքը ըլլայ Արցախի ճակատագրին մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2020