ՄԱՏԹԷՈՍ ՄԱՄՈՒՐԵԱՆ - 190

Արեւմտահայ հրապարակագիր, մանկավարժ, վիպասան եւ լրագրող Մատթէոս Մամուրեանի ծննդեան 190-ամեակի յոբելենական տարին է 2020 թուականը:

Մատթէոս Մամուրեան ծնած է Իզմիր (Զմիւռնիա)։ Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Մեսրոպեան դպրոցը, իսկ միջնակարգ ուսումը՝ Փարիզի Մուրատեան վարժարանը, բոլորելով քառամեայ շրջան մը (1846-1850)։ Իր պատանեկան կեանքին գեղեցիկ յիշատակներէն է դափնեպսակի ստացումը, որ կը տրուէր գրական նիւթերու մէջ ամենէն քաջատեղեակ աշակերտին, Ալֆոնս տը Լամարթինի ձեռքէն, որ կը նախագահէր մրցանակաբաշխութեան հանդէսին՝ Մամուրեանի շրջանաւարտ եղած տարին։ Ան կը վերադառնայ Իզմիր, ուր իսկոյն կը նուիրուի կրթական ու հրապարակագրական ասպարէզներուն։ Այդ շրջանին հակառակորդներուն պատճառով դպրոց մը հիմնելու իր ճիգերը կը ձախողին։ Կ՚անցնի Պոլիս ու կ՚ըլլայ  տնօրէն Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանին եւ կ՚աշխատակցի նաեւ «Մասիս»ին։ 1857 թուականին կը մեկնի Լոնտոն, ուր կը գրէ «Անգլիական Նամականի»ն։

Ունեցած է ազգային եւ հանրային ծաւալուն գործունէութիւն։ 1861-1868 թուականներու միջեւ կը վարէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետի պաշտօն։ Ապա զինք կը գտնենք Իզմիր, որպէս Ս. Մեսրոպեան դպրոցի տեսուչ։ 1871 թուականինին կը հիմնէ «Արեւելեան Մամուլ»ը, որ մեծ դեր կ՚ունենայ արեւմտահայոց մտաւորական կեանքին մէջ եւ զոր կը խմբագրէ մինչեւ իր մահը։

Մամուրեան հրապարակագիր մըն է բառին իսկական առումով, լուսաւոր միտք մը, զարգացած եւ հմուտ եւրոպական գրականութիւններու, ժողովուրդներու յեղաշրջումներուն, հմուտ ազգային պատմութեան եւ ամէն բանէ առաջ ուղղամիտ, գրական գեղեցկութեան գիտակցութիւն ունեցող եւ տէր նուրբ ճաշակի։ Իր «Արեւելեան Մամուլ»ը լի է դիտողութիւններով, անդրադարձութիւններով, թելադրութիւններով եւ քննադատութիւններով, օգտակար՝ կրթական ու գրական մարզերու համար։ Մամուրեան իբրեւ վիպագիր թողած է երեք կարեւոր գործ. «Սեւ լեռին մարդը» (1871), «Հայկական նամականի» (1872) եւ «Անգլիական նամականի» (1881)։ Իսկ անժխտելիօրէն գրագէտ մը կայ Մամուրեանի մէջ։ Արդարեւ Մամուրեան իր զոյգ «Նամականի»ներու մէջ կը յայտնուի գիտակցի գրագէտ, լուրջ, խորհող եւ իմաստասիրօրէն վերլուծող մարդկային կեանքը։ «Սեւ լեռին մարդը» վէպին մէջ՝ ճարտար նկարագրող մըն է բնութեան, հոգեկան վիճակներու եւ մարդկային սրտին անձկութիւններուն, սէրերուն եւ տառապանքին։ Այս վէպին մէջ կայ ազդեցութիւն, նոյնիսկ նմանութիւններ Վալթէր Սքոթի «Իվանոէ»ին, ինչ-ինչ պատկերներու եւ տեսարաններու յար եւ նման փոխանցումով իր գործին մէջ. ինչպէս՝ անանուին միջադէպը, քարայրին նկարագրութիւնը եւ այլն։ Մամուրեան, որ անգլիացի վիպասանին գործը հայացուցած էր, «Սեւ լեռին մարդը» գրած ատեն տարուած է «Իվանոէ»ի թողած տպաւորութիւններէն։

1899 թուականին մեծ շուքով կը տօնուի իր գրական գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանը։ Մամուրեան կը մահանայ 1901 թուականին։ Անոր մահուան երրորդ տարելիցին առթիւ՝ 1904 թուականին հրապարակախօս, բանաստեղծ ու տնտեսագէտ Ռեթէոս Պէրպէրեան գրութիւն մը հրատարակած է «Արեւելեան Մամուլ»ին մէջ, զոր կը ներկայացնենք իբրեւ յիշատակ Մամուրեանի ծննդեան յոբելեանին.

ՄԱՏԹԷՈՍ ՄԱՄՈՒՐԵԱՆ ԻԲՐԵՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐ
(Իւր մահուան 3րդ տարեդարձին առթիւ)

ՌԵԹԷՈՍ Յ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Կանգ առնուլ տարւոյն այն օրուան առջեւ որ մեզ կը վերադարձնէ անցելոյն մէջ երջանիկ կամ աղիտաւոր իրողութեան մը թուականը՝ գիտակից կեանքի մը զարգացման յայտարար նշանը պարտի համարուիլ իրաւամբ։ Բախտաւոր դէպքին վրայ անդրադառնալով՝ կը գնահատէ մարդ զայն, անոր առաւելութիւնները՝ ժամանակին բերած փորձառութեամբ աւելի լաւ կը դատէ, որ չափ անոր առթած բարիքը կը տեւէ ու կ՚առաւելու՝ ա՛յնքան աւելի կ՚ըմբռնէ կարեւորութիւնը պատճառներուն որք ծնունդ տուին անոր եւ զանոնք, եթ կարելի է, միշտ արդիւնաւորելու իղձը կը զօրանայ իր մէջ։ Դժբախտ իրողութիւններու պարագային մէջ, ինչպէս մեծանուն անձնաւորութեան մը մահուան տարեդարձին, յիշելով կորուստը զոր ըրած ենք՝ դարձեալ բարիքը, երախտիքն է որ կը գնահատենք, կը սորվինք աւելի լաւ ճանչնալ յարգը բարիքին զոր դեռ ի ձեռին ունինք, մեծ մտքին, մեծ հոգւոյն զոր մեր մէջ ունինք տակաւին, եւ թէ ինչպէս անհատն եւ ընկերութիւնը իմաստնագոյն վարմունքով կրնայ փոխանակել կորսուած առաւելութիւնները ու մեծագոյն արդեանց ակնկալել։ Տարեդարձները, իրենց արտայայտած զարգացուն գիտակցութեամբը ու թելադրած խորհդածութիւններնովն, կրնան այսպէս օգտակար ըլլալ, բաց անտի որ յիշատակելը, յիշատակը տօնել կամ սգալը պատուաբեր է մարդկային իմացականութեան եւ զգայնութեան։ Մտքին դաշտը այնքան ընդարձակ է որքան անցելոյն հետ անոր կապերն աւելի շատ են, ու զգացումն ալ անմոռաց անցելոյն մէջէն կը քաղէ զինքն ընդլայնող ու մեծցնող տարրեր։

Ահա ինչո՛ւ ի վաղուց մարդկութիւնը սահմաներ է իր մէջ տօներ, տարելիցներ, տարեդարձներ, եւ, ըստ պարագային, զուարթ կամ տխուր ցոյցերով յայտներ է անցելոյն հանդէպ իր զգացումները։ Կրօնքները մանաւանդ այս մասին ունեցան հնութեան մէջ գլխաւոր դերը։ Եգիպտոսէ ելքը տօնեց ու կը տօնէ ցարդ Եբրայականութիւնը. Դից ու դիւցազանց ի պատիւ տարեկան հանդէսներ ունէր Հելլենականութիւնը. Իր հիմնադրին ու Սրբոց ի յիշատակ տօներ սահմանեց Քրիստոնէութիւնը: Ու քաղաքակրթութեան հետ կը յառաջանայ, կ՚աշխարհականանայ յիշատակման այս սովորութիւն, ընդլայլնելով իր շրջանակը։ Հնութեան մէջ, յԱթէնս, Եպիկուրի աշակերտներն ա՛յնքան կենդանի ու խոր յիշատակ մը պահեցին իրենց վարդապետէն որ անոր մահուան տարեդարձներուն կը խմբուէին անոր վրայ խօսելու անոր երախտեաց յիշատակները նորոգելու համար։ Յառաջացեալ մարդկութիւնը հետզհետէ աւելի ուշադրութիւն կը դարձնէ իր մէջ ապրած ու ապրող հոյակապ անձնաւորութեանց կեանքի պարագայներուն ընծայած առիթներուն՝ իր յարգանաց ու երախտագիտութեան հարկը մատուցանելու համար անոնց կամ անոնց յիշատակին։ Կեանքի կամ գործունէութեան տարիներու որոշ շրջան մը, ծննդեան ու մահուան տարեդարձները, յիսնամեակները կամ հարիւրամեակները պատեհութիւններն կ՚ըլլան նման ցոյցերու։ Վ. Հիւկօ Վոլթէրի մահ-ւան հարիւրամեակին կը մասնակցէր անմոռանալի պերճ ատենախօսութեամբ մը, ու դեռ անցեալ տարի համայն Գաղիա իւր ծննդեան հարիւրամեակը կը տօնէր անհուն խանդավառութեամբ։

***

«Արեւելեան Մամուլ» իւր հիմնադրին մահուան տարեդարձի օրը յիշատակութեան առարկայ կ՚ընէ այսօր՝ ճոխացնելով իւր պարունակութիւնը։ Յայտնի է որ սգոյ այս յիշատակը միայն ընտանեկան յարգանք մը չէ, լոկ թերթին տնօրէնին ու անոր ընտանիքին պատկանող, այլ կը շահագրգռէ ամբողջ Հայ Համայնքը, որուն մտքին լուսաւորութեան, ընկերային բարօրութեան ու բարուց ազնուութեան նուիրեց Մամուրեան իր բովանդակ կեանքը, իր բոլոր մտաւոր ոյժն ու գանձերը։ Որդւոյն այս բարեպաշտիկ գաղափարը արժանի է որ ընդգրկուի բոլոր Հայերէ, ու մեր ամենուս մտքերը այս առթիւ միահամուռ դառնան դէպի մեծ մարդը զոր կորուսինք 1901ի մուտքին մէջ։

Ի՞նչ էր Մամուրեան.-Գրագէտ-Հրապարակագիր մը նախ, եւ հոս կ՚ուզենք այս տեսակէտով դիտել զինքը մանաւանդ։ Բայց չէ կարելի դիւրաւ սահմանել ամբողջ Հասարակութենէ մը սիրուած ու ճաշակուած Գրագէտ-Հրապարակագրի մը կատարած դերը։ Տրուած չէ՛ ամէն գրողի տիրապետել հոգիներու ընդհանրութեան մը, եւ, որ աւելին է, իրար յաջորդող մէկէ աւելի մտաւոր սերունդներու միանգամայն յարգելի ու սիրելի մնալ։ Գաղափարի ու զգացման ու ձեւի առաւելութիւններու հազուագիւտ միաւորութիւն մը հարկաւոր է. եւ ահա՛ այդ միաւորութիւն Մամուրեանի գրչին մշտատեւ չքնաղ յատկութիւնը եղաւ։ Գաղափարը բարձր էր անոր մէջ, նախապաշարման ու խաւարի թշնամի, ուղղութեան ու ճշմարտութեան բարեկամ, իրաւունքի ու արդարութեան անձնուէր ջատագով.- զգացումը մաքուր էր ու ազնիւ, ընտանեկան սուրբ կեանքին ու բնատոհմիկ լուրջ բարքերուն գեղեցկութիւնը կը սիրէր ու կը քարոզէր. լաւին ու գեղեցկին, հարազատին ու տոհմայնոյն խանդովն ու անձուկով բաբախած էր միշտ իր սիրտը։ - Իսկ ձեւը, արտայայտութիւնը՝ կենդանի, վառվռուն, նկարուն, այլազան ծաղիկներու գոյներէ, երփներագ գոհարներու շողերէ, ճառագայթներէ ու կայծակներէ կազմուած շլացուցիչ զէն ու զարդ մը՝ որ գաղափարին ու զգացման յաղթանակը կը շահի անվրէպ, միտք, սիրտ ու երեւակայութիւն միանգամայն գերելով, մոգելով, յափշտակելով։ Այդ յաղթանակները թուելու համար կարենալու է մտնել զինքն ընթերցող սերունդներու մտքին ու սրտին մէջ, տեսնելու համար թէ ի՛նչ կայծեր վառեր, ի՛նչ սերմեր ցաներ, ի՛նչ վրէպներ ու կանխակալ կարծիքներ քանդեր, ընկերային ու բարոյական ի՛նչ խութեր ու վիհեր մատնանիշ ըրեր, ի՛նչ տկարութիւններ զօրացուցեր, ին՛չ սփոփ ու քաջալերանք սփռեր եւ հոգեկան զմայլումներու ի՛նչ բաժակներ արբեցուցեր է։ Այո՛, տարակոյս չունիմ որ հայ ընթերցողներու ընդհանրութեան համար այսպէս եղած են իր հրաշալի Նամականիները, իր վիպական խանդոտ էջերը, իր երեսնամեայ Ա. Մամուլներուն պարունակած անթիւ տոհմային, ընկերական, կրթական ու իմաստասիրական խնդրոց լուսաւոր տեսութիւններն ու գրական արիստարքեան քննադատութիւնները։ Ամէնքս կը յիշենք տենդոտ անհամբերութիւնը որով կ՚սպասուէին իր Հանդէսին թիւերը, որոցմով, իբր առիւծի ծուծով, պիտի սնանէր մեր առօրեայ լրագրութիւնը՝ իմաստալից հիւթալից յօդուածներուն հայ մտաւոր խաւերուն մէջ ծաւալումն ընդլայնելով, որոցմէ մեր վարչական մարմինները իրենց ուղղութիւնը հաստատող կամ մերժող բարոյական հեղինակութեան մը պատգամը պիտի ընդունէին, որոցմէ նորաթեք խոստմնալից գրագէտը իր դեռաբոյս տաղանդը գգուող ու խրախուսող փայփայանքը պիտի ստանար, ինչպէս սնամէջ անհիւթ գրիչը իր ջախջախիչ հարուածը, ու ամենէն յառաջ ամենուն աչքերը պիտի վազէին դէպի Շահնուրը, որ՝ ըստ նշանակութեան բառին՝ լուսոյ արքայի մը, Ապողոնի մը պէս, հրափայլ լուսացայտ կառք մը պիտի վազցնէր Հայ համայնքի եթերին մէջ, շաչեցնելով խարազան մը ուսկից կայծեր պիտի թօթափէին մութ խորշեր լուսաւորող ու հալածական փախցնող խաւարասէր չղջիկներ։ Ճշմարտութիւն մը կը հաստատենք ըսելով նաեւ որ Մամուրեան գերազանցապէս մերազնեայ հանճար մ՚եղաւ, մեր տոհմի հոգիին ազնուագոյն մասէն դուրս ցայտած, իր բոլոր գրուածներն համակ թրթռուն ըլլալով ցեղին հոգիովը, իրենց տարբեր ձեւերուն տակ անոր կեանքն ունենալով իրենց առարկայ, զայն պատկերելով, անոր հետ հրճուելով ու տխրելով, զայն ազնուացնել եւ ուղղել ձգտելով։ Թարգմանելու տենչն իսկ, որով չդադրեցաւ նա գեղեցիկ հայ աշխարհիկ լեզուի վերածելէ եւրոպական մատենագրութեան վարպետներու գործերը -մասնաւորապէս վիպական ընտիր երկեր - իր նախնեաց մէջ այնքան հոյակապ թարգմանիչներ ունեցող ազգի մը դարաւոր մէկ ձգտումը ի վեր չի՞ հաներ, ձգտում որով հայ միտքը Սահակ Պարթեւէն մինչեւ Հայր Արսէն հետամուտ եղած է միշտ ճարտար հայացումով իւրուրոյն ճոխութիւն մ՚ստեղծելու օտար գրականութեանց գանձերէն։

Ահա՛ ինչ որ եղաւ Մամուրեան իբրեւ գրագէտ-հրապարակագիր, եւ ինչ որ իր յիշատակին նուիրուած թերթին ընթերցողք - անոնք որ աւելի կամ նուազ ժամանակակիցներն եղան իրեն- պիտի վերյուշեն։ Բայց նորահաս սերունդն ալ ու ապագայք ալ՝ կարդալով իր գործերը՝ անշուշտ համամիտ պիտի գտնուին մեզ անոր թողած գրական գործին փայլուն արժանեաց մասին, ու պիտի խելամտին բեղմնաւոր ներգործութեան զոր ունեցաւ նա մանաւանդ իր ժամանակակից սերունդին վրայ։

Իր մահուան յիշատակին ազդած տխուր զգացման քով՝ իր բարեկամները ուրախութեամբ կը տեսնեն որ իր ազնիւ Որդւոյն գովելի ջանքովը իր յիշատակը կ՚ապրի միշտ կենդանի նոյն իսկ անոր հիմնած պանծալի թերթին մէջ ու իր պատկերը կը փայլի հանապազ անոր կողքին վրայ։ Կը մաղթենք որ Որդին իր հայրարժան գործունէութեամբ առիթ լինի միշտ յիշեցնելու իր մեծանուն Հայրը, ու յաջողութեամբ ընթանալով անոր հետոց վրայ՝ իր դափնիները այլապէս հաճոյ արգադիր նուէր մ՚ընէ Անոր շիրմին, զոր փառքով կը շրջապատէ արդէն Հայ Ժողովրդեան երախտագէտ յարգանքը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2020