ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՑՈՅՑԵՐ, ԲՈՂՈՔՆԵՐ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ

Երեւանի կեդրոնին մէջ բողոքի ցոյցերը եւ երթերը իրարու կը յաջորդեն։ Շաբաթավերջին մայրաքաղաքի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ համախմբուեցան երկրի մտաւորականութեան եւ գեղարուեստական աշխարհի ներկայացուցիչները, որոնք եւս բարձրաձայնեցին իրենց մտահոգութիւնները քաղաքական փակուղիին բերումով՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած։

Բողոքի ցոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Երեւանի ռուսական դեսպանատան առջեւ։ Ցուցարարները պահանջեցին, որ հրադադարի համաձայնութիւնով նախատեսուած գերիներու փոխանակումները այլեւս աւելի չյապաղի։ Պահանջուեցաւ, որ Ռուսաստան շարժման անցնի այս ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսաստանի խաղաղապահներու հերթական խումբը Լեռնային Ղարաբաղ հասած է՝ այս անգամ Ատրպէյճանի տարածքով։ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնն ալ տեղեկացուց, որ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատած է դաշտային հիւանդանոց մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2020