ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին մասնաւոր այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ համայնքային կառոյցներու շարք մը վարիչներու հետ։ Այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարանէն ներս։ Ներկայ էր նաեւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան։

Կը հաղորդուի, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն, Հայաստանէ ներս ստեղծուած կացութեան եւ կարծիքներ փոխանակուեցան առկայ իրավիճակէն ելքեր գտնելու շուրջ։ «Մեր բոլոր բարեկամները կը ցաւին, որ պատերազմի մէջ պարտուած ենք, բայց բոլորը մեզ պիտի յարգեն, եթէ ասկէ վերջ կարողանանք կանգնիլ եւ քալել, այս պարտութենէն քաղած միտքերով, սխալներէն սորված ըլլալով՝ յառաջ երթանք, դարձեալ կառուցենք երկիր մը, որով բոլորս հպարտ պիտի ըլլանք, կառուցենք բանակ մը, որ յաղթական պիտի ըլլայ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման մասնակիցները նշեցին, որ ներկայ կառավարութիւնը պէտք է հեռանայ, որովհետեւ այն ինչ, որ Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ, համազօր է ազգային աղէտի։

Իր կարգին, Արմէն Սարգսեան ամփոփեց Հայաստանէ ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակը եւ ըսաւ. «Որեւէ երկրի մէջ, ուր նման մեծ ողբերգութիւն մը տեղի կ՚ունենայ, կայ լուծում՝ կառավարութիւնը, որ պատճառ դարձած է այդ բանին, պէտք է երթայ։ Եթէ քաղաքական գործիչը ուժեղ է, կրնայ վերադառնալ աւելի վերջ։ Վերջին ընտրութիւնները երկուքուկէս տարի առաջ էին, երբ երկիրը բոլորովին այլ էր, հիմա բոլորովին ուրիշ երկրի մը մէջ կ՚ապրինք։ Կարելի չէ տագնապը գնահատել հրապարակի վրայ հաւաքուած մարդոց քանակով։ Որեւէ պարագայով համաձայն չեմ, որ տագնապը պէտք է գնահատել հաշուի առնելով միայն հրապարակի վրայ հաւաքուած մարդոց քանակը։ Եթէ հրապարակի վրայ ոչ ոք ըլլար, ապա սա պիտի նշանակէ՞ր, թէ տագնապ չկայ»։

Արմէն Սարգսեան կրկնեց, որ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի, պէտք է անցումային կառավարութեան շրջան մը ձեւաւորուի եւ պէտք է արտահերթ ընտրութիւններ տեղի ունենան վեց ամսուան կամ մէկ տարուան ընթացքին։ Մինչ այդ, պէտք է իրականացնել նաեւ հանրաքուէ մը։ Անպայման պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի Սահմանադրութիւնը եւ կամ այդ Սահմանադրութիւնը պէտք է աւելի մարդկային դարձնել։ Արդարեւ, Սարգսեան համոզուած է, թէ խորհրդարանի, կառավարութեան եւ հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւններուն եւ լիազօրութիւններուն մէջ հաւասարակշռութիւն մը պէտք է ըլլայ։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան նշեց, որ չի յաւակնիր դառնալ վարչապետ։

Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ ալ արձագանգ գտած են Արմէն Սարգսեանի կողմէ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ կատարուած յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պէտք է ուղղակիօրէն ժողովուրդին կողմէ ընտրուի եւ ոչ թէ խորհրդարանին կողմէ՝ ինչպէս որ կ՚ըլլայ հիմա։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2020